Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՈՑ ՄԻՐԻԷԼԸ

Տէր Հա՛յր։

Հայր աղքատներուն, ո՞ւր կ՚երթաս։

Աղքատները դեռ նոյն պէտքերն ունին, աղքատութիւնը չը վերցաւ տակաւին, ո՞ւր կ՚երթաս։

***

Քանի՜ տեսակ աղքատներ, քանի՜ պատճառներով աղքատացեալներ կան ու թերեւս դեռ երկա՜ր ժամանակ պիտի ըլլան։ Կան աղքատներ` իրենց յանցանքով, կան աղքատներ այլոց` նմանեա՜ց` յանցանքով, կան աղքատներ ճակատագրային, որոնք չը գիտցան ի՛նչպէս աղքատացան, ու կան ալ կամաւոր աղքատներ, որոնք կարօտ չեն, այլ որոնք աղքատ են ի սէր աղքատացելոյն Քրիստոսի, ինչպէս որ Դուն` Տ. Խաչատուր Հա՛յր։ Այդ ամէն կարգի աղքատներուն հոգեբանն էիր ու բժիշկը բարոյական, ամէնուն գանձարանը նիւթական կամ բարոյական, ու գա՜նձը Դուն` հայ եկեղեցականութեան, հայ ազգութեան։

***

Կան աղքատներ իրենց յանցանքով, ամենէն արգահատելի՜ աղքատները։ Բնաւ միտքերնուն չանցնիր գործ փնտռել, ու իրենց համար գործ փնտռող բարեսիրտ անձինք իրենց իբրեւ դահիճը կ՚երեւնան աչուընուն, ու հիւանդ կը ձեւանան, երբ գործ կը գտնուի վերջապէս իրենց համար։ Կը մուրա՜ն` խաղարանէ խաղարան ու գինետունէ գինետուն պտտելու համար։ Մուրանալէ աւելին կ՚ընեն երբեմն. կը ստիպեն իրենց մայրը, որ սնտուկէն բան մը հանէ ծախէ. կը ստիպեն իրենց քոյրը, որ գիշերաջան իր վաստակին արդիւնքը ձեռուընին դնէ. ձեռուընին գրպաններ կը դնեն, եւ երբեմն անմեղներ կը զոհեն։ Այդ կարգի աղքատներուն համար ի՜նչ կ՚ընէիր, Տէր Հա՛յր. նախ անտարակոյս կ՚ամչնայիր, որ նոյն մարդկային սեռին կը պատկանին այդ աղքատները քեզի հետ. յետոյ կ՚աղօթէիր Աստուծոյ` այդ աղքատներուն ուղղութեանը համար. հուսկ ուրեմն, եւ հոդ է Քու մեծութիւնդ, կը գործէիր այդ աղքատներուն փրկութեան համար։ Է՛ն մեղրանոյշ, է՛ն համոզիչ խօսքերդ անոնց համար էին. Աւետարանին սուրբ բանք այնպէ՛ս ի ճահ, այնպիսի՛ շեշտերով շրթանցդ վրայ կու գային, որ մոլորեալն, որ եկեղեցւոյն մէջ ծայրէ ծայր լսած էր Աւետարանն, ապշութեամբ երեսդ կը նայէր, յուզուած, հոգիին մէջ թաքուն աշխատութիւն մը կատարուիլ սկսած, փրկութեան ճամբուն վրայ դրուած անզգալապէս։ Իր քահանան ատանկ չէր խօսած իրեն. եւ Աւետարանին խօսքե՜րն, երբեք գրուած ու տպուած գրքի մը մէջ կայի՜ն կը կենայի՞ն այդպիսի խօսքեր։ Քանինե՜ր արդեօք այս կերպով փրկեցիր, մոլութեան ու մոլորութեան խոտոր ճամբէն ուղիղ ճանապարհին վրայ բերելով զանոնք. ո՛չ հարուստ կացուցանելով զանոնք, այլ ինչ որ հարուստ ըլլալէ աւելի է, աշխատասէր ու պարկեշտ։ Ատոնց ալ սկիզբներն ստակ կու տայիր. այլ եղա՛ն, որոնք տոկոսով վերադարձուցին ինչ որ իբրեւ ողորմութիւն տուած էիր իրենց. ու դուն, յաղթական ու գերերջանի՜կ` ամեհի ալիքներէն նաւաբեկեալ մը փրկածի պէս, բազուկներդ կը բանայիր ու փա՜ռք կու տայիր Աստուծոյ։

Այլոց յանցանքով աղքատներուն համար, կ՚երթայիր գտնել յանցաւո՛րն, որ շատ անգամ… աղքատ մը չէր, ընդհակառակն հարուստ ոմն կամ հարստացած` այլոց ի վնաս։ Կ՚երթայիր գտնել կեղեքիչ, որ, աւա՜ղ, զրկելւոյն շատ մօտ անձ մը կը պատահէր, որ ըլլայ։ Նո՛յն իսկ եկեղեցի՜ն կը հանդիպէիր անոր, Ս. Փրկչի կամ Ս. Աստուածածնայ պատկերին համար մոմ գնած ժամանակ. այդ գործին կարգադրութեան համար տուած ժամադրութեան կը թերանար, քանի՞ անգամ։ Արդարութիւն ձեռք բերելէ յուսահա՜տ, գթութեան կոչում կ՚ընէիր. վերարկուիդ տակէն տետրակդ կը հանէիր…։ Ատոր ըսելիք չը կա՜ր. այդ մարդիկ (որովհետեւ անուննին լրագրաց մէջ հրատարակուած պիտի տեսնէին) կու տային քանի մը մէճիտ, նոյն իսկ քանի մը ոսկի մերթ։ Կը տեսնես. այդ մարդիկ` մարդու հախ կերած կրնայի՞ն ըլլալ, այդքա՜ն եկեղեցասէր, այդքա՜ն աղքատասէր մարդիկ. եւ իրենց ա՜յնքան մօտ գտնուող մէկու մը հախ, որբի մը` որբեւարիի մը հախը։ Ընդհանուր աղքատաց անունով ստացուած այդ մէճիտները կամ ոսկիներն ամբողջութեամբ կը տանէիր ոչ աղքատաց, այլ զրկելոյն ձեռքը կը դնէիր, յուսադրելո՜վ զրկեալն, որ օր մը պիտի գար, որ մարդու զրկանք ոչ միայն չը պիտի համարձակեր ընել, այլ պարզապէս զրկանք ընելու անկարող պիտի ըլլար, որովհետեւ Աւետարանին թագաւորութիւնը պիտի գա՜ր։

Ճակատագրային աղքատներն համակերպութեան կը յորդորէիր։ Շուարած, շանթահարուած, եղկելիները չորս դինին կը նայէին, թէ հարուածն ուստի՞ կու գար, ի՞նչ անողոք ճակատագիր զիրենք այսպէս կը հալածէր։ Մէկ օրուան մէջ մոխիրի վրայ նստի՜լ. որովհետեւ խիզախ ձեռնարկու մը յանդուգն շահադիտութիւն մ‏՚է ըրեր, բազմաց իրական եւ իրեն ալ առերեւոյթ կործանման պատճառ եղած էր. գործը ուր ուրեմն կը յայտնուէր։ Ի՞նչ ընէիր, ի՞նչ ըսէիր, հէ՜գ քահանայ։ «Մեծ է զօրութիւնն Քրիստոսի»։ Գործ կա՞յ միթէ, որ հաւատքին ու յարատեւ աշխատութեան զօրութենէն վրիպի։ Ս. Գրոց խօսքերուն վրայ ի՜նչ շեշտեր կը դնէիր, ու դուն քու կողմանէդ ի՜նչ առնական խօսքեր կը գտնէիր ու կ՚ուղղէիր բախտին հարուածելոյն։ Կը նշմարէիր, որ կը կազդուրէր իր հոգին ու ձեռուըները կը շարժէին` գործելու պատրաստ, որ դարմանէ վերահաս աղէտը։ Ու… Տետրակիդ տեղ… Տոպրակդ կը հանէիր վերարկուիդ ներքեւէն. տարաբախտն իր անհո՜ւն յուզմանը մէջ չէ՜ր որոշ տեսներ ինչ կ՚ըլլար շուրջն։ Յաջորդ այցելութեան երկու ոսկի կը վերադարձուէր Քեզի. բազմոցին բարձին տակէն գտած էր մայրը կամ աղջիկը` աւլած ժամանակ. «ի՜նչ խորհրդաւոր բաներ կ՚անցնէին. սակայն Տէր Հօրը տոպրակէն ինկած էին` հանգիստ քալելու համար տոպրակները տեղաւորած ժամանակ»։ Ի՜նչ պաղատանօք ընդունել կու տայիր այդ նպաստն, եւ ի՜նչ փափկութեամբ նոր նպաստ մը կը սահեցնէիր բարձի մը տակ։ Երկրի վրայ երկնային նախախնամութիւնն ներկայացունե՜լ, Քրիստոսի ողորմած եղբայրասէր հոգին աղքատներուն աշխարհին մէջ պտտցնել, արծաթ հաւաքել ու ոսկի՜ բաշխել, քանզի նուիրուած արծաթ դրամն ալ ոսկիի յարգ կը ստանար, ոսկի խօսքերուդ, ոսկի խոնարհութեանդ, ոսկի խանդավառութեանդ շնորհիւ, որով խոնարհին խոնարհութիւնն իրեն անզգալի կ՚ընէիր ու խաւար հոգին կը խանդավառէիր, կը լուսաւորէիր։ Որերնի՞ս չը պիտի նախանձէինք Քեզի. գիտուններ, ճանապարհորդներ կը գտնեն աշխարհները, սակայն աշխարհներն անոնցը չե՞ն, աշխարհս անոնցը չէ՞ միթէ, որոնք կ՚աշխատին թշուառութիւնը բառնալ աշխարհէ, դասէ դաս եղբայրութեան ոգին տարածել ու աշխարհները միացնել դասերուն ու անհատներուն միութեամբ։

***

Աղքատներուն վեհագոյն դասն անիկա՜յ է, անշուշտ, որուն անհատներն, իրենց համար ապրելով եւ իրենց համար աշխատելով, կրնային հարուստ կամ դիւրակեցիկ ըլլալ, այլ որոնք աղքատ կը մնան սիրայօժար, որովհետեւ այլոց համար կ՚ապրին, ժողովրդեա՜ն համար կ՚ապրին։ Կը պատահի, որ կամ մանաւանդ օրէնք է, որ այդ մարդիկ արհամարհուին, նախատուին, զրպարտուին իրենց կենդանութեանը ժամանակ։ Սակայն, հարիւրին ութսուն, իրենց վախճանին մօտ, իրենց մահիճին մէջ, կը յարգուին, կը մեծարուին, կը շրջապատուին։ Այսպէս եղաւ նաեւ ա՛յն ճշմարիտ քահանային համար, որուն գոյութիւնն ամէն ոք գիտէր, անշուշտ, քանզի ամէն տեղ էր աղքատաց սիրուն, այլ որուն ի՛նչ վեհ գործ կատարելն սկսաւ ընդհանրապէս ճանչցուիլ, երբ իր անձնասէր, անշնորհ, անարժան քանի մը պաշտօնակիցներու գրեթէ զոհ, անկողին ինկաւ Տ. Խաչատուր քահանան։ Նմանն զնմանը կը ճանչնայ ու կը յարգէ. Միքայէլ Յակոբեան, որ իր հարստութեամբ հիւանդանոց շինած է, այցելութիւն տուաւ Տ. Խաչատուր քահանային, որ իր աղքատութեամբ նոյն բանն ըրած է։ Ս. Պատրիարք Հայրն ալ կրցաւ ժամանակ մը գտնել այցելութեան մը համար` իրեն չափ ժողովրդական քահանայի մը, որ քիչ կը սիրէր Պատրիարքարան յաճախել, այլ շատ կը սիրէր Պատրիարքարանին անձնուէր պաշտօնեաները։

Թաղումն ալ Տ. Խաչատուր քահանային` գրեթէ ժողովրդական Պատրիարքի մը թաղման չափ հանդիսաւոր եղաւ։ Օրմանեան նախագահեց հանդիսին, եւ սրտէն ու հոգիէն խօսեցաւ քարոզը, մինչդեռ շրթունքներէն պիտի խօսէր Մենծ Աղայի մը վրայ (մերժելը դժուար է), որուն բոլոր կեանքն անցած ըլլար դրամ բառն հոլովելով ու դիզեմ բայը խոնարհելով։ Գութ բառը Տ. Խաչատուրն էր հոլոված, եւ օգնել բայն անիկայ խոնարհած։ Ուստի եւ Օրմանեան Պատրիարքը սրտէն ու հոգիէն խօսեցաւ ի սէր աղքատացելոյն Քրիստոսի կամաւոր աղքատութեան մէջ ապրած ու մեռած անմահ քահանային տապանին վրայ, որ իր կենդանութեան կանգնեց տուն աղքատին, զոր ինքն անձամբ մատակարարեց, տունէ տուն ու թաղէ թաղ պտըտցնելով Տետրակներն ու Տոպրակները, զորոնք ազնուացուց, աստուածացուց պիտի ըսէի։

***

Տէր Հայր, հա՛յր աղքատներուն, Տէրոջը խաչակիր ու աղքատներուն բեռնակի՛ր, ո՞ւր կ՚երթաս։ Կարօտեալներուն ստակ ու տառապեալներուն սփոփանք Քու տեղդ ո՞վ պիտի հայթայթէ։ Ստակը մէկ կողմ դեռ, ու տառապանքը միւս կողմ կը դիզուի. ժպիտը մէկ դասին ու արցունքը միւս դասին բաժինն է դեռ։ Մէկ դասէն միւսը, աղքատէն հարուստը ժպիտն ու արցունքն ո՞վ պիտի փոխադրէ, համակշռէ. եղբայրութեան ոգին ո՞վ քեզի պէս իր հօտին մէջ պիտի ծաւալէ. ո՞վ պիտի լայ, քեզի պէս, Աստուծոյ առջեւ, որ արցունքը ցամքի տառապելոյն, որ զիղջը շնորհը շուտ հասնի մոլորելոյն ու մեղուցելոյն, որ գութը չը պակսի անոր, որ մե՜ծ ունի` իրեն համար` դուն։ Անձրեւին ու ձիւնին տակ ո՞վ պիտի քալէ, հովին ու փոթորկին դէմ ո՞վ քաջալանջ պիտի դիմագրաւէ, հաւատքն ու ստակը, տոպրակն ու տետրակը, Պոսֆորէն Ոսկեղջիւր եւ Ոսկեղջիւրէն Պոսֆոր, Եէնի Գափուէն հին թաղերն ու հին թաղերէն նորերը նորագոյնները տանելու համար։

***

Գործդ աւելի կը գնահատեմ ես մանաւանդ, Տէր Հա՛յր, որովհետեւ քահանայի թոռ եմ, քահանայի մը, որ ան ալ քսակ չունէր, այլ տոպրակ։ Քեզի նման տետրակ չունէր, որովհետեւ ժամանակը դեռ շատ ուժով քրիստոնէական` չէր պահանջեր Տետրակ։ Պէշիկթաշի աւագերէց Տ. Յովհաննէս քահանային տոպրակը լեցնողները կը կոչուէին Պալեան Կարապետ Ամիրայ եւ Տատեան Յովհաննէս Պէյ, որոնք իրենց տուածին յիշատակութիւնը միա՜յն վերին տոմարին մէջ արձանագրուած տեսնել կը փափաքէին։ Հրեշտակք կ՚ողջունեն զքեզ, Տ. Խաչատուր Հա՛յր, ու սուրբ աղքատասէր հաւուս աթոռակից` զքեզ յերկի՜նս կը հրաւիրեն։

Մենք ո՞վ պիտի ողջունենք հոս` երկրի վրայ, իբրեւ Ձեր յաջորդն, իբրեւ աղքատահայր քահանայ։

(Բիւզանդիոն, 27 Յունուար 1899)