Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՍ ԻՄ ՇԻՐՄԻՍ ՎՐԱՅ

Տո՜ւր ինձ, ո՜ Տէր, որ ցայգ մ՚ելնեմ շիրմէս դուրս,

Որորանէս, ուր այնքա՜ն դոյզն դիեցի,

Սրսկապանէս, ուր ցուրտ ըստուերս սեղմեցի,

Վըսեմագոյն վայրն այցեմ, աչք յարտասո՜ւս։

 

Ուռենւոյն զոյգ` տապանաքարս` մարմար կոյս,

Թեւերուս մէջ գրկե՜մ` հանգէտ լոյս գանձի,

Եւ իմաստիւք մըթին, տառիւք գեղոսկի

Տապանագիրս ընթեռնո՜ւմ, աչք յարտասուս։

 

Եւ զի չունիմ մայր, որ շիրմիս վրայ գայ լալ

(Քանզի մայր մը կրնայ անկեղծ լալ),

Կո՛ւշտ մ՚արտասուեմ ընդվա՜յր անցած կեանքիս վրայ,

 

Սիրտըս պարապ, ուր պարտէր սէրն, ո՜հ, լողալ,

Լեցընեմ զայն դառն արտասուօքս հըրահա՜լ։

Միակ ապրած օրս ա՛յդ, եղո՛ւկ, երկրի վրայ։

1907

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1915, էջ 144)