Դիւցազնօրէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ ՅԵՏՈՅ


Բայց մէկը, դարաւանդին վրայ, իր արիւնաթաթաւ քղամիդը հովուն
Ու իր ջահին բոցովը մեռելակոյտերը լուսաւորելէն,
Իր կերպարանքը դէպի մեզ՝ քաղցրաբար ըսաւ.
«Եղբայրնե՛ր, թէեւ գիտեմ որ ձեր անձնուէրի ճակատներն այս պահուն,
Խաւարներէն նոր ծնանող սա՛ արշալոյսին դիմաց,
Յաղթանակին հուրերովը կ՚ադամանդուին…
Թէեւ գիտեմ որ ձեր աչուըները տակաւին
Ծովատարած Արիւնին նկատումէն չարբեցան,
Բայց այսօր Հանգրուանին վրայ, մեր մայրերուն գիրկը ժամանելէ առաջ,
Եկէ՛ք, նախ մեր ուսերուն արիւնոտած վերարկուներովը հրավառ,
Այս փառքերու Փառքին գագաթէն, անմիջապէս,
Գանկերու, բազուկի ու տրորուած իրաններու,
Գթութի՜ւն հայցող սա փլատակները պատանքենք.
Ու հողին ընդերքը յաղթանակին լուրովը լուսաւորելու համար
Բոլորդ մէկ ձեր սուրերուն կրակը անոր խորքը մխրճելէն՝
Թաղեցէ՛ք զանոնք անոր մէջ, ուրկէ մեզի մեր յաղթանակը բերին…
Ու յետոյ, վերջապէս, ինծի հետեւեցէք դէպի քաւութիւնը սա մրրկոտ ջուրին,
Որ մեր հայրերուն դիակներովը բեռնաւորուած,
Իր արհաւիրքէն զանոնք այնչափ ատեն սա ապառաժներուն դիմացը կը փշրէր...

Եկէ՛ք ձեր արիւնոտ դաստակներն հուժկու,
Իմ արիւնոտ դաստակներուս հետ,
Անոր սրբագործող ալիքներուն մէջը մաքրելու,
Քանզի, այն Իտէալը, զոր մեր երիտասարդի մտածումը պայծառ
Մեր դարաւոր հողին համար սրբօրէն քանդակեց,
Երբեք, եւ ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի,
Այլեւս ո՛չ յաղթանակներու ազատաբեր սուրերուն
Ու ո՛չ ալ արիւնին ահեղութեանը պէտք ունի»։

Իր խօսքերն աւարտեցան, մինչդեռ,
Առտուան հովին թեւերուն հետ, որ ոգեվարները կը սարսէր,
Գիշախանձ անգղերու փոթորկի մը այնչա՜փ նման,
Մեր վերարկուներն իրենց կարմիր նախճիրին տակ
Բովանդակ ռագմադաշտը մեր նայուածքներէն դիապատեցին…։
Ու մեր ձեռքերէն արձակուած սուրերը բիւրաւոր
Հեռաւոր հողին վրայ կայծակի պէս սուզուեցան։