Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՂԻՆ ՁԱՅՆԸ

Անզուգական Քրիստափորի յիշատակին համար


Ըսէ՛ք, ի՜նչ է այն զարհուրանքը, ո՜վ սուգերու եւ ատելութեան ընկերներ,
Որ նորէն տառապանքի, յոյսի եւ քանդումի քաղաքներուն վրայ,
Այս իրիկուն, ինծի կ՚ըսեն, թէ բոցավառուող սուրերու հետ պիտի իյնայ,
Ի՛նչ է այն զարհուրանքը, ո՛վ սուգերու եւ ատելութեան ընկերներ։
Ու խօսող ձայնը յաւիտենական, մաքառումներու Հողին ձայնն էր,
Որ իր աւերակէ բերանները դէպի վեր՝ հորիզոններուն,
Մահազանգերու երկաթեղէն մրրկումի մը հանգոյն՝
Վրէժով ու ցասումով առլցուած, գերագոյն մարտահրաւէրը կ՚աղաղակէր…
Ու ահաւասի՛կ ձեզի մահաբոյր արձագանգն իր փրկարար խօսքերուն.
«Ո՜վ քաղաքներէս եւ երկինքէս հալածուած թափառական զաւկըներ,
Մտիկ ըրէ՛ք, այս իրիկուն, ծեր հինաւուրց եւ արգաւանդ եւ այրի հողին՝
Ատելութիւնով, հեծկլտանքով եւ հոգեվարքով յղի,
Սա քինայոյզ ու արիւնոտ ու յուսահատ հրաւէրը պաղատագին…
Եւ եթէ կ՚ուզէք որ ձեր վաղնջական ազգը դեռ տեւէ,
Եթէ կ՚ուզէք որ երկիրը անգամ մըն ալ ինքն իր մէջը չի քանդուի,
Եթէ կ՚ուզէք որ ազատութեան հերոսները իմ կողերէս նորէն ծնին,
Եթէ կ՚ուզէք որ արհաւրալից գետերս դիակներով բեռցուած չի թաւալին…
Եթէ կ՚ուզէք որ աստղերս բացուին եւ բլուրներս ծաղկանան…
Եթէ կ՚ուզէք որ բարեբեր դաշտերս նորէն իրենց ցորեանները ծովացնեն…
Եթէ կ՚ուզէք որ մայրութեան կաթովս ձեր այգիները ոռոգեմ,
Եթէ կ՚ուզէք որ արշալոյսներս մերկանան եւ արեգակներս ծագին…
Եթէ կ՚ուզէք որ հովիտներս այլեւս մահուան շունչին տակ չի հեծկլտան…
Եթէ կ՚ուզէք որ սերունդներս բարգաւաճին եւ իմ այրիիս դէմքս գէթ առաւօտ մը ժպտի…
Եթէ կ՚ուզէք որ խաղաղութիւնը ձեր երդիքներուն տակ արձանանայ,
Եթէ կ՚ուզէք որ ձերիններուն տաք արիւնը ճամբաներուս քարերէն վար ա՛լ չի հոսի,
Եթէ կ՚ուզէք որ ձեր Վրէժը լուծուի եւ Ատելութիւնը յափրանայ…
Եթէ կ՚ուզէք որ Արդարութիւնը տիրապետէ եւ իր ոստանը կառուցուի,
Եթէ կ՚ուզէք որ Հայկաշէնն եւ Արմաւիրը, Տիգրանակերտն ու Արտաշատը վերականգնին,
Եթէ կ՚ուզէք որ ձեր հոգիները զօրանան եւ ձեր ճակատները լուսաւորուին…
Եթէ կ՚ուզէք որ դաժան խղճի խայթը ձեր ամէնուն առջեւ գերեզմաններ չի փորէ…
Ինծի հասէ՛ք այն ատեն, մոլեգնաբար եւ գունդ առ գունդ,
Բազուկներնիդ ըմբոստացումի երկաթեղէն հովերուն
Եւ ճակատներնիդ բոլոր բախումներուն կարկառած՝
Եւ աղաղակեցէ՛ք ճգնաժամերու մահաշուք օրերուն համար սահմանուած,
Արիացումին անդառնալի ընդվզումներու, յուսադրող, սպառազինող, յաղթանակող՝
Ձեր սրտոտ եւ կատաղի կոչերն Ատելութեան,
Աղաղակեցէ՛ք զանոնք որոտումի գոռումներով ապերասան,
Դաշտավայրէ դաշտավայր, քաղաքէ քաղաք եւ հոգիէ հոգի,
Վասնզի գիտեմ որ այս վճռական ընդհարումներէն յետոյ,
Թշնամիիս ոսկորներէն, յաղթանակին կոթողներն ահարկու,
Ահագնաբար, ճակտիս վրան, ձեր ձեռքերովն, աշտարակուին պիտի…
Օգնութիւն աղաղակեցէ՛ք ձեր հոգիին բարկութեան շունչովը բովանդակ,
Ու թո՛ղ ցանուցիր զաւկըներուս ամբոխներն հայկական
Իրարու զանգուածուին, եղբայրանան, հրահրուին
Ձեր վրէժի մահաշունչ կոչին պատգամներուն տակ,
Ու թո՛ղ ձեր դաստակները կայծակներու նման գալարուին,
Ու գլուխներնիդ արիւնով եւ յոյսով խենթենան՛…
Ու թո՛ղ ձեր մերկացուցած սուրերը փայլատակեն,
Երիվարներու դռոյթէն արձակուած բոցերուն հետ,
Ու ձեր ջահերը թո՛ղ իրենց արեւները տարածեն
Ռազմադաշտէ ռազմադաշտ ու կատարէ կատար
Օ՜, օգնութեա՛՜ն, օգնութե՜ն արշաւեցէ՛ք
Զաւկըներուս սիրոյն եւ Արշալոյսներու հողին փրկութեանը համար…
Ու որպէսզի ձեր հոգիներն արիանան եւ ձեր իրանները մարմարուին…
Որպէսզի Ատելութիւնը ձեր սրտին մէջը ծովանայ,
Որպէսզի ձեր քայլերը վճռուին ու ձեր կամքը փոթորկի,
Որպէսզի ձեր հողին մահը գէթ անգամ մը ձեր ուղեղը դաշունէ…
Որպէսգի ձեր բազուկները զարնեն ու ձեր կուրծքերը պղնձանան,
Տեսէ՛ք անգամ մը օգնութիւն հայցող կարաւանները իմ մոռցուած զաւկըներուս,
Ու անոնց մարմինները օրերուն ոճիրներէն քարուքանդ,
Ու անոնց որբ հոգիներն ձեր լքումներէն վիրաւոր,
Ու անոնց աքսորանքի շտապը իմ դժուարին բլուրներս ի վեր,
Տեսէ՛ք անոնց նայուածքները վերահաս մահէն զարհուրած,
Ու անոնց աղօթքը ու ճիչը ու պաղատանքը նորակոծ,
Նորէն ու նորէն յուսալով եւ անձկագին դէպի ձեզ ակնդէտ,
Ձեր բոլորէն, ո՜վ հալածական եւ հեռաւոր եւ տարագիր զաւկըներ,
Ձեր բոլորէն պաշտպանութեան շարժում մը կամ կաթիլ մը արիւն,
Կամ քանի մը զօրաւոր կեանք, յոյսով եւ յուսահատութիւնով սպառազէն,
Ձեր բոլորէն իրաւամբ եւ եղբայրաբար կը սպասեն…
Աճապարեցէ՛ք, ձեզի՜ եմ, որովհետեւ բոլոր կեանքերը պիտի ջախջախուին,
Բոլոր ամոլները պիտի այրիանան ու բոլոր այրիները պիտի մահանան,
Բոլոր նորածինները իրենց խանձարուրներուն արիւնոտ ծալքերուն տակէն
Իրենց կեանքին անգիտակ աչուըները մահուան մէջը պիտի բանան…
Ու դեռ բոլոր դիակները անգամ մրն ալ եւ վայրագօրէն
Իրենց կտաւէ պատանքներուն ընդմէջէն պիտի յօշոտուին, պիտի սրածուին…
Ու բոլոր արգասաբեր արտերն ու խարտեաշ հունձքերն վաղորդայնին,
Այգեստաններուն ու ծաղկադաշտերուն հետ բոլորը մէկ պիտի մոխրանան…
Աճապարեցէ՛ք, բոլոր կաթողիկէները իրենց գմբէթներովը պիտի թաւալին,
Ու բոլոր քաղաքները քաղաքներուն եւ գիւղերը գիւղերուն տակ,
Ու բերդերն ու պատնէշներն ու աշտարակներն դարաւոր՝ այս բոլորին վրայ…
Աճապարեցէ՛ք, ո՜վ վրէժխնդրութեան օրերու զաւկըներս անվեհեր,
Դէպի ձեր հողը նուիրական, ձեր նիզակները ցցած ու ձեր կուրծքերը բացած՝
Ձեր վահանը կռիւներու հովին ու ճակատամուխ երկաթներնիդ ճօճելէն,
Աճապարեցէ՛ք, ու վայրագաբար ու փոթորկապէս ու քինայոյզօրէն,
Դէպի անառիկ ապառաժներն իմ յաւիտենական կողերուս…
Ու այս ալ ըսած թող ըլլամ ձեզի, ո՜վ վարանոտ զաւկըներ,
Թէ վրէժխնդիր ու սուրբ ատելութիւններէն վերջն է միայն,
Որ սրբազան ու աստուածային Սէրը Կեանքին
Իմ անսահման ու մայրական կուրծքիս վրայ պիտի ապրի…
Որովհետեւ, աւա՜ղ, միայն ես գիտեմ թէ արիւնի ի՜նչ անագորոյն սահանքներ,
Իմ եօթը խաւերուս աղջամուղջներուն խորը սուզուելով,
Հաստատութեանս հիմունքները անողորմաբար ոռոգեցին…
Միայն ես գիտեմ, իրարու ետեւէ, անվերջօրէն, հոգիիս խորը մխրճուող
Կիսաբաց դագաղներուն ճարճատիւնն ահաբեկիչ…
Միայն ես իմացայ բոլոր անպատմելի հռնդիւնները ոգեվարներուն…
Բոլոր աղաղակներն անոնց, որոնք փրկուիլ ուզեցին,
Բոլոր ցաւատանջ կարկառումը այն ամէնուն,
Որոնք դեռ վայրկեան մը արեգա՜կը, արեգա՜կը պաղատեցան…
Միայն ես իմացայ բոլոր անձկութիւնը իրար դեռ տարփօրէն պաշտողներուն,
Բոլոր կողկողանքը զաւկըներէ բաժնուող արդէն այրի մայրերուն…
Ու այս բոլորին մէջէն ահագնալից կրճտիւնը փշրուող ոսկորներուն…
Ու իրաններէ անջատուող գլուխներուն վայրէջքը ցնորական,
Միայն ես իմացայ, երբ կառափնատներուն բարձրերէն իմ ճակտիս վրայ ինկան…
Ու վերջապէս միայն ես գիտեմ կուտակումները այն կմախքներուն,
Որոնք սրտիս խորքերուն մէջը, ո՜ր ժամանակէն ի վեր, ո՜ր ժամանակէն ի վեր…
Այնչա՜փ մրրկոտօրէն արմատացա՜ն, անտառուեցա՜ն…»։
Եւ յետոյ Հողը քաղցրութեամբ՝ մաքառողներուն համար՝ սա աւետիսը տուաւ.
«Բայց հիմա, ո՜վ դուք, որ յամառօրէն մարմինիս ու հոգիիս կառչած էք,
Դուք՝ Հաւատարիմները, դուք՝ Ուխտուածները, դուք՝ իմ Հարազատներս ամբասիր,
Դուք, որ իմ ցաւերս ապրեցաք ու ձեր արիւնը ինծի համար անխնայ բաշխեցիք,
Դուք, որ դասալքումներու դժխեմ վատութիւնը չի ճանչցաք,
Ձեզի եմ, սրտապնդուեցէ՛ք, յուսադրուեցէ՛ք, խաչակնքուեցէ՛ք,
Քանզի իրենց փախուստներէն խղճահարուած ձեր եղբայրները բոլոր
Ահաւասի՛կ կը հասնին, Ատելութենէ հրաշացած ու Սիրով արբշիռ,
Եւ արշալոյսին հուրերուն մէջէն իրենց երկաթեայ ձեռքերը ձեր ձեռքերը կը փնտռեն…»։


1902 Փարիզ