Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՅՍԻՆ ՀԱՄԱՐ

Ա

Գաղափարներու ո՞ր հովիտներէն պիտի գաս եւ ե՞րբ պիտի լուսանաս, ո՜վ Յոյս,
Ե՞րբ, որպէսզի ես ալ իմ երկու ձեռքերս, կարօտէն ու սպասումէն դողդոջուն,
Արշալոյսիդ քրքումներուն երկարեմ, կեա՜նք պաղատողի մը պէս, երկարե՜մ…
Անոնց հոսանքին առջեւ իմ ազատութեան առաջին նայուածքս բանալու համար։

Բ

Եւ ի՜նչ ծովերէն խոր յուզում պիտի թափես մեր հոգիներուն աշխարհներէն ներս,
Ի՜նչ կնճիռներ պիտի ջնջուին մեր վշտակոծ ու տժգունած այտերէն,
Ո՜րչափ ժպիտ պիտի ծաղկի, հրեշտակօրէ՜ն, ո՜րչափ ժպիտ մեր աչքերուն մեջ,
Ո՜րչափ հառաչ պիտի մեռնի, ո՜րչափ արիւն եւ ո՜րչափ արցունք պիտի ցամքին…։

Գ

Մոխիրներու հողը ծաղկաստան մը պիտի դառնայ, դրախտային եւ անթառամ,
Եւ բազմահազար աղբիւրները, իրենց հեծեծանքը՝ հովիւներուն հետ՝ երգերու պիտի փոխեն,
Սեւ անձրեւներուն տեղ՝ հայրենի աստղերէն, կապոյտ եթերն է որ վար պիտի թորայ,
Եւ գառնուկներ պիտի ծնին առուակին եզերքը եւ մարմանդներուն վրայ…

Դ

Գեղուհիներու է՛ն գեղանին քու քղանցքիդ առջեւ իր խունկը եւ իր ծաղիկը պիտի թափէ,
Եւ կեղծիքին տաճարները պիտի քանդենք քու Տաճարդ կերտելու համար.
Ժպիտէ այրի ցեղը վերջապէս կանաչ պիտի հագնի, եւ դառնասիրտ թշնամին՝ սեւ…
Եւ գերեզմանները, մեր քայլերուն տակ, կմախքի անտառներէ՜, դանդաղօրէն պիտի շարժին։

Ե

Երազուն ճակատիս համար ամառուան տերեւանքէն պսակներ պիտի յօրինեմ,
Եւ ծիածանէ վերարկուս, հովերուն հետ, ուսերուս վրայ, արծիւի մը պէս պիտի ծփայ…
Ու եբենոսէ սրինքս՝ շունչիս, կամ գեղաքանդակ քնարս՝ ձեռքս առած,
Ոսկիէ դաշխուրանէս, աստուածներու գինիէն, գինի՜, գինի՜, գինի՜ պիտի ըմպեմ…։

Զ

Եւ յետոյ ես ցնծութեան եւ Յոյսերու կարմիր Ջահերը կռապաշտօրէն պիտի վառեմ…
Եւ անտառներուն համանուագը քու փառքիդ համար մրրիկներ պիտի երգէ,
Սուրերը, մեր ծունկերուն դիմաց կոտրտելէն՝ արիւնոտ կամ անբիծ, անցեալին պիտի նետենք,
Եւ Հայ զինուորին պղինձէ շեփորը պիտի պատռի յաղթանակի Ռազմերգին որոտումէն…։