Յաւելուածք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ԴՐՕՇՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱՎԱՐԸ

L՚homme est la mesure de toute chose. (Protagoras)

Արցունքներուն եղբայրական եւ քաղցր տկարութիւնը, այս դագաղին վրայ թափել՝ փոքրացնել պիտի ըլլար զէնքը ձեռքին անմահացող հերոսին աստիճանը։

Այսօր Եփրեմի գերեզմանին վրայ երկու մեծ դրօշներ կը ծածանին։ Այդ դրօշները Եփրեմին պատկանելէ առաջ, պատկանած են Հին Հայաստանին եւ ներկայ Հայութեան։ Առաջինին վրայ իբր թշնամիին ահեղ սպառնալիքը՝ եւ երկրորդին համար՝ իբր Արդար Յոյսերու խորհըրդանշան մը։

Առաջինը, դարեր առաջուան, հայ մոխիրներու եւ մահերու յիշատակին մեծութիւնը ունի։ Անիկա պարսիկ մեծազորներու պաստառն է որով բարբարոս շրջաններու ընթացքին, Քսերքսէսներ, Դարեհներ, Յազկերտներ եւ Շահ-Աբասներ եկան իրենց արոյրէ ոտքերուն դրոշմը մխրճել հայ թագաւորութիւններու կուրծքին։ Անիկա այն դրօշն է որուն վրայի Արիւծը, ահաւոր ռազմերու ժամանակ, եկաւ Հայկազնեան սիրտը գիշատել եւ որուն վրայի Արեգակը Աւարայրի դաշտերուն մեր արիւնը լուսաւորեց…։ Առաջին դրօշը չէր կրցած Հայութիւնը ջնջել, որովհետեւ, աստուածայի՜ն օրէնք, մահը միմիայն յարութիւն յառաջ կը բերէ…։

Այսօր Հին Իրանին դրօշը Նոր Հայութեան մեծ զաւակին ձեռքին մէջ ծածանեցաւ։ Նախկին յաղթական Իրանը, իր նախկին ստրուկին շնորհիւ, գտա՛ւ իր փրկութիւնը…։

Եփրեմը եւ իր զինակից Քեռիները, Խեչօները, Մարտիրոսները, ամենէն վեհանձն, ամենէն եզական ամենէն շքեղ վրէժը առին, մեր պատմութէնէն մեզ կտակուած՝ ծունկի բերելով Նոր Իրանը իրենց Հոգիին եւ Կամքին մեծութեանը առջեւ…։

Երանի՜ թէ ամէն վրէժ աշխարհիս մէջ հանճարնե՜րը լուծէին…։ Այո՛, իր դարաւոր թշնամին փրկելու յաղթանակը ամէն ժողովուրդի չէ՛ տրուած։

* * *

Երկրորդ դրօշը որ կը ծածանի այսօր Դաշնակցական Դիւցազնին գերեզմանին վրայ, Հայ Յեղափոխութեան Դրօշակն է, զոր հրեղէն հաւատքով մը կրողներէն մին եղաւ Եփրեմ Դաւթեան, նախ իբր պարզ զինուոր՝ Կուկունեան Արշաւանքէն Խանասօրի Արշաւանքը, Կովկասեան կռիւներ եւ Պարսկաստան։

Այս երկրորդ Դրօշակը շատ աւելի յոյսեր եւ արդարութիւն ունի իր ծալքերուն մէջ քան թէ առաջինին պէս կարմիր եւ բարբարոս հնու­թիւն…։ Անիկա նոր գաղափարներու, նոր ուժերու, նոր զարթօնքներու Դրօշակն է, այն՝ որ իր թշնամիներուն հետ զայրոյթով խօսեցաւ եւ իր բարեկամներուն հետ միշտ կրնայ հաշտութեամբ ծածանիլ…։ Երկու դերերն ալ միասնաբար, մեծ եւ սրբազան դերեր են մեզ համար։

Օմար Խայեամներու, Սաատիններու հանճարեղ հայրենիքին մէջ պիտի ծնի՞ նոր Ֆիրտուսի մը որ ուրիշ անմահ Շահնամէի մը մէջ գայ Հայութեան այս հսկայ հոգին երգելու։

Եփրեմին մարմինը այսօր՝ հայ Յեղափոխութեան հնոցին մէջ նետուած անոր հարկադրիչ Բագինին անմարելի հուրը թո՛ղ ըլլայ։

Հպարտութեամբ հաստատենք Յոյն փիլիսոփայի, այն խօսքը թէ՝ «Մարդը ամէն բանի չափն է»։

Եւ յաղթականօրէն Եփրեմը՝ Հայութեան այսօրուայ հոգիին չափանիշն եղաւ։

«Ազատամարտ»
1912 Մայիս 11-24