Յաւելուածք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՅԵԱՌ ՄՏԵՐԻՄ

Անգամ մը եւս պէտք պիտի ըլլար սգաւորի մը՝ յաղթել իր յուզումներուն՝ գծելու համար Քիյեառը իր մտերմութեան մէջ՝ այն դէմքը որ ինչպէս գեղեցկօրէն ըսաւ Զօհրապ, Ազատամարտի մէջ, «միայն լուսով է գծուած»։

Այդ դէմքը վեշտասնամեայ կոյսի մը դէմքին չափ վճիտ էր։ Ո՛չ մէկ թագուն գիծ։ Ոչ մէկ ներքին ձայն որ իր զմայլելի աչքերուն յակինթին մեջ չցոլար։

Քիյեառ ներդաշնակութեան մարմնացումն էր։

Rue Cujasէն յետոյ Rue Monsieur le Prince ուր Pro-Armeniaն իր խորանը դրաւ, իմ յաճախադէպ հանդիպումս Քրմական բանաստեղծին՝ ինծի շունչ կու տար մէկու մը նման որ կարծես տիեզերքէն որբ՝ յանկարծ յաղթական յոյսի մը մէջ եղբայրութիւն մը կը գտնէ…։ Մէկու մը նման որ իր Հայրենիքին հեռաւոր մոխիրներուն վրայ քալել կարծելով՝ կը յառաջանայ պտղալից ու զով այգիներու կանանչ ցնորքին…։ Մէկու մը նման որուն աչքերը իր Ցեղին արիւնը կը տեսնեն եւ որուն, Քիյեառ մը, նորէն յոյսի եւ պարտութեան շուշանը կ՚ըն­ծայէ…։ Մէկու մը նման որ իր ապարդիւնօրէն ըմբոստ երգերը կը Հիւսէ, եւ որուն մեծ մխիթարիչը կ՚ըսէ «մինակ չէ՛ք»։

Pro-Armenia շրջանէն դուրս շատ անգամ Քիյեառին պատահիլը Sainte Genevi ève կամ Nationale գրադարանները, սովորական բան էր։ Ի՞նչ ընելու կ՚երթար Քիյեառ այս հսկայ հաստատութիւններուն մէջ, իր հելլենագէտի հմտութիւնը սնուցանելո՞ւ։ Երբեք։ Անիկա գրադարան կ՚երթար փնտռելու, խուզարկելու, քննելու հայ պատմութեան մասին գրուած ոեւէ բան։ Կը կարդար եւրոպական երեք լեզուներով ինչ որ կար գրուած մեր մասին, Լինչ, Լանկլուա կամ Հիւպշման եւ քանինե՜ր։

Իր Quinzaine -ները Pro-Armenia -ին մէջ անհաւասարելի ուժգնու­թեամբ գրուած յօդուածներ են եւ իբր այդ՝ բառին էն շքեղ իմաստովը, գլուխ-գործոցներ։ Աւելորդ է թերեւս յիշել թէ թերթին բոլոր տոքիւմանները, թղթակցութիւն, վիճակագրական տեղեկութիւններ՝ Արեւ­մըտեան Բիւրոյէն կու գային, «Դրօշակ»ի միջոցով։ Իր թարգմանիչ­ները, ուսանողներ յաճախ իրենց ձեռքը ունէին երկիր բուրող նամակները, որոնք Ժընեւ երթալէ առաջ Քիյեառին կը հասնէին։ Ինչ յուզում­ներ էր որ կը նկարուէր «լոյսով գծուած» դէմքին վրայ, ի՛նչ մահացու տրտմութիւն որուն համար լաւ է որ չէք ճանչցած զինքը… Եւ յաճախ ի՜նչ հերոսական խօսքեր եւ ի՜նչ ժպիտ զորս վայելած չըլլալնիդ ապաբախտ կորուստ մըն է…։ Եւ հայ ուսանող թարգմանիչը, ո՛վ ալ ըլլար այդ անձնուէր աշխատութիւնը բերողը չյուզելու համար արիւնի եւ սարսափի լուրերէն՝ Քիյեառ պատրուակ մը գտնելով կ՚ընդհատէր ընթերցումը կամ իր բարձր իմացականութենէն բղխած ֆրազով մը ամէն բան մոռցնել կու տար…

Քիյեառ իբր մտերիմ մարդ՝ գորովի, քաղցրութեան, եւ բիւրեղէ աղապատանքի աղբիւրն էր։

Քիյեառին կորուստը հայութեան համար մեծ կորուստ մըն է, բայց Քիյեառ մեռնելով՝ իր մտերիմներէն ալ բան մը մեռցուց, այնպիսի բան մը որ միայն բարեկամութիւններուն էն իմացականը եւ էն վճիռը կու տայ, բան մը որ րոպէն եւ վայրկեանը կ՚ընծայեն բայց եւ այնպէս աւելի յաւիտենական է քան ուրիշ ոեւէ սէր…։

«Բագին» 1911
Թիւ 7 (79)