Օգուտ Բժշկութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Որ փսխէ եւ փորն չի լուծի մարդուն ի տաքէ եւ կամ ի հովէ

Պատճառ ի տաքէ լինի

Էհանան ասէ, թէ ի սաֆրայէ լինի, որ ի ստամոքն ժողվի եւ վնաս առնէ եւ աւելնայ, եւ կամ ի շատ ուտելուն զկերակուրն։

Նշան որ ի տաքէ լինայ այն է, որ սաֆրայէ այն որ գայ՝ լեղի լինայ եւ դեղին, եւ ստամոքն տաք լինայ. եւ այն որ ի շատ ուտելուն լինայ՝ հիւանդէն հարցանես։

Ստածումն որ ի տաքէ լինայ, որ ի սաֆրայէ լինայ, ստածումն այն է, որ հոկնայ առնես եւ փորուն կալվիլն երթայ եւ կապիլն, եւ զսաֆրան լուծէ. եւ սալորի շարապ եւ թմրհնտի տուր եւ զտաքութիւնն կտրէ՛, եւ թէ փորն կակուղ լինայ՝ տո՛ւր սերկեւիլի շարապ եւ խառթթի, եւ թէ Խ դրամ թթու նռան հատ եւ Ա դրամ մազտաքէ եւ Ա լիտր ջրով եփես, մինչեւ կէսն մնայ, եւ յօտի խամ եւ սուք Ա Ա դրամ, եւ խառնէ՛ ի մէջն եւ տո՛ւր որ խմէ. շատ օգտէ։ Եւ թէ այսով չի յաջի՝ ա՛ռ զփօստային կանանչ տերեւն եւ ջրով եփէ, քիչ մն սքանտար խառնէ՛ եւ խմէ՛, եւ կամ ազոխ եւ կամ աղտոր խառնէ. եւ տո՛ւր թուզ եւ թաթրուճի միս. օգտէ աստուծով։ Եւ դի՛ր ի վերայ ստամոքին հով տիմէտնի. օգտէ։

Գեղիանոս ասէ, թէ տո՛ւր զսատակ նռան շարապ եւ Բ նռան ջուր պաղեցուցած, եւ զստամոքն ուժովցո՛ւ եւ զտաքութիւնն պակսեցո՛ւ, եւ թէ փորն կապ լինի՝ լուծէ՛ սալորով, եւ սանտալ եւ վարդէջուր եւ քաֆուր սպեղանի արա եւ ստամոքին վերայ դիր, եւ ի տաք իրաց պահէ՛ զքեզ, եւ զհով իրվին տուր եւ զհով մրգանքն. խիստ օգտէ։ Եւ այն որ շատ ուտելուն լինայ եւ ծանր ուտելուն՝ եւ շատ ուտելուն պահէ՛ զքեզ եւ քիչ կեր եւ թեթեւ. օգտէ աստուծով։

Պատճառ որ ի հովէ լինի

Մասրճուէն ասէ, ի պալղամէ լինայ, որ ի ստամոքն ժողվի, կամ ի սավտայէ, որ ի փայծղանէն ի ստամոքն գայ եւ աւիրէ։

Նշան որ ի հովէ լինի այն է, որ ծարվի, եւ թէ ձեռդ ի վերայ դնես ստամոքին՝ չտաքանայ. եւ այն որ գայ՝ իսպիտակ լինայ. եւ այն որ սավտայէ լինի՝ թթու լինի եւ լեզուն այրէ եւ ցաւցնէ։

Ստածումն որ ի հովէ լինի։

Մասրճուէն ասէ թէ փսխելուն պատճառն ի պալղամէ լինայ՝ եւ զսամիթն ջրով եփէ եւ աղ խառնէ եւ անուխով սրքնճուպին տուր, եւ սրբէ՛ զստամոքն լման։ Եւ թէ չի յիստկի՝ տո՛ւր այարիճի ֆայղարայ եւ սապռի հատ, եւ յետոյ տո՛ւր նռան շարապ եւ զստամոքն ուժովցո՛ւ. եւ սիսանպար եւ լուապն եւ քամոն Ա Ա բաժին տուր օշինտրի շարապով, եւ տովայ ուլ մուշք տուր, եւ սերկեւիլի ճուարիշ եւ նռան հատ սազապով եւ անուխով, եւ տաք եւ անուշահոտ տիմէտն ի վերայ կրծոցն դիր, օգտէ, որ է սնպուլ եւ ղարանֆիլ եւ ճավզի պուէ եւ որ նման է սոցա. օգտէ։

Գեղիանոս ասէ, թէ ի սավտայէ լինայ, կամ ի չափու անցնի, եւ որ չկարենաս բռնել՝ ի յինքն շատ օգտութիւն կայ, եւ սրբի ստամոքն ի յամէն պեղծ խառնվածոց. եւ թէ խիստ ի թվոյ անցնի, եւ ստամոքն վատուժ լինայ եւ խռխռայ՝ եւ դեղն հոկնան է, որ քիչ մն զանձն գիճացնէ, եւ աքլիլմէլիք եւ մուրտ եւ լատան եւ գինով մորհամ արա եւ ի վերայ ստամոքին օծէ, օգտէ։ Եւ յորժամ կտրի փսխելն՝ տուր զաֆթիմոնն եւ զղարիկոնն, որ դառնայ հիմն ցաւուն եւ չի յաւելնայ։ Եւ թէ փայծաղն այլ ցաւի՝ տո՛ւր զբասիլիկն կտրել ձախ դիհէն եւ զփայծղան ստածումն արա. Ե դրամ աֆթիմոն տուր ճուլապով. օգտէ աստուծով։