Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՂՔԻ ԿԻՆԸ

Ես երազիս երկինքներէն,
Ես իմ կապոյտ մենութենէս
Վա՜ր, վա՜ր իջայ խոնարհօրէն.
Սարսափա՜ծ իմ տրտմութենէս…։

Սիրոյս վարդերն հովին տալով,
Թերթերն Յոյսիս փեթռտելէն,
Ստորնացա՜յ, իջա՜յ լալով
Սեպ գահոյքիս եօթն ոտներէն…։

Քաոսներէն իջայ տղմուտ.
Խորվիրապիդ մէջ հասայ քեզ.
Դուն հոն էիր Մեղքին պէս մութ
Ու Գեհենին պէս բոցակէզ…։

Ու չգիտցա՛ր երբ վրաս կ՚իշխէր
Վիշապ մարմի՛նըդ գետնամած՝
Որ դժոխքիդ մէջ այդ գիշեր
Աստուա՜ծ մըն էր ապաստանա՜ծ…։