Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԱՐՑՈՒՆՔԻՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ
       Այտերն ի վար, այտերն ի վա՜ր, ուր յաւէտ
Կը տոչորի հետքը վերջին համբոյրին ,
Իջի՛ր, արցունք, զովութեանդ մէջ երկնաւէտ.
Թող սէրերու յետին բոցերը մարին։
       Գգուանքներու ծովուն վըրայ ալեւէտ ,
Մեռած , թօշնա՜ծ խոստումներուն վրայ ցրտին՝
Իջի՛ր, արցունք, զօրութեանդ մէջ կենսաւէտ,
Իջի՛ր սառած երազներուն վրայ սրտին։
       Համբոյրներու թերթերուն վրայ ցիրուցան,
Անո՛նց վըրայ որ «կը սիրենք քեզ » ըսին ,
Անո՛նց վըրայ, որ ժպտեցան ու անցան.
       Ու խեղճ Սրտին մոխիրներուն վրայ տրտում ,
Փլատակներո՛ւն վրայ Տենչին ու Յոյսին՝
Իջի՛ր, արցունք, գորովանքովդ անդադրում։
       7 Մարտ 1907