Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ
       Երա՞զ, տեսի՞լ, անգոյ ստուե՞ր մ’անհոգի.
Ճառագայթի, փրփուրի խա՞ղ մը տարտամ.
Քմայապաշտ ծաղի՞կ մ’արդեօք ցընորքի.
Քու մշուշոտ գիծերուդ ի՜նչ անուն տամ.
Երա՞զ, տեսի՞լ, անգոյ ստուե՞ր մ’անհոգի։
       Քու կապոյտըդ վճիտ, աղուոր ջուրերու
Եթերային անրջանքին է հանգոյն.
Ու քու կարմի՛րըդ Պէնկալեան վարդերու
Երազամած կարմըրութեան պէս տժգոյն.
Գոգն աչերուդ կապոյտն ունիս ջուրերու։
       Արցունքիդ մէջ նայեադներ պար կը դառնան։
Այդ ի՜նչ հեշտանք որ շրթներուդ մէջ կ’ըմպես.
Շունչըդ գինո՛վ է հովերու պէս գարնան ,
Ձայնըդ տարփոտ՝ աղբիւրներու երգին պէս…։
Արցունքիդ մէջ նայեադներ պար կը դառնան։
       Կը հմայեն զիս քու աչքերդ, կը շոյե՜ն.
Ու մարմինէդ ծորող խունկը մեղաւոր,
Աւելի քա՛ղցր է Քանանու գինիէն…։
Հազարբուրեան այս պատարա՞գն է, աղուո՛ր,
Թէ լո՜յծ աչերդ, որ մութ հոգիս կը շոյեն։
       Հրաշագո՜յ… Ո՜հ քու անդրիդ բիւրեղէ ,
Սրունքներուդ սարսռացող ձիւնն հրաշէ՜կ ,
Ու անանո՜ւն ցոլքը որ քեզ կ’ողողէ ,
Մորթիդ թաքո՜ւն գանգուրներուն խուրձը շէկ…
Հրաշագո՛յ… Ո՜հ քու իրանդ բիւրեղէ։
       Տենչերուս վրայ պիտի հակիմ այս գիշեր
Որ բազուկնե՜րըս չը փնտռե՜ն քեզ իմ քով.
Սիրտս ո՜ւր էր որ կուրծքէդ ոչինչ չը յիշէ՛ր
Մինչեւ առտու պիտի հալէ՜ր արցունքով…։
Կիրքերուս վրայ պիտի հսկեմ այս գիշեր։
       Ի զո՜ւր։ Հոգիս թաղուի՜լ կ’ուզէ յուլօրէն
Ստինքներուդ մտերմութեա՛նը մէջ կոյս.
Ու անութիդ որոշ մէկ ծալքը նորէն
Գիտեմ որ զիս պիտի տանջէ մինչեւ լոյս…։
Քու մէ՛ջդ հոգիս թաղուիլ կ’ուզէ յուլօրէն։
       Տժգոյն աղջի՛կ հիւսիսայգի աչքերով,
Կոպերուդ վրայ ու բիբերուդ մէջ խոնաւ
Այդ ի՜նչ անճառ երանութիւն, ի՜նչ գորով…։
Ո՛չ մէկ արգանդ քե՜զ պէս հրաշք չը ծնաւ,
Տժգոյն աղջիկ հիւսիսայգի աչքերով։
       1908