Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼԽՈՒ ՊՏՈՅՏ
       Կը տեսնեմ բի՜ւր բիւրեղներու ու լոյսի
Խենթեցընող ծիր֊կաթիններ անյատա՜կ.
Ու շղարշի ժապաւէնի , սնդուսի
Երազամո՜լ գիրկընդխառնումն սպիտակ։
       Պարարշա՜ւն է, ալի՜ք֊ալի՜ք կը հոսի
Նուագներու տարփոտ, յայրատ թեւին տակ։
Բոյրի, շունչի ու նայուածքի ու մըսի
Ահեղօրէ՜ն ցնորական պատարագ…։
       Բացի հազա՜ր լեզուներ մեզ կ’ողողեն.
Ու կը սահի՜նք . ու կը զգամ որ կը սուրան
Կուրծքիս վըրայ ձիւնագունտե՜րդ հրեղէն։
       Ու կը սահի՜նք, եթերարշա՜ւ զոյգ հուրի.
—Օ՜, խե՜ղճ հոգիս ու շրթունքնե՛րս կ’իյնան
Բուստէ, լայնշի՛, լանջքիդ վըրայ որ կ’ուռի…։
       [1908]