ԵՐՆԷ՜Կ ,
ՋՈ՜ՒՐ
Ո՜վ
պիտի
երգէ
քու
անփառունակ
Կեանքիդ
միամիտ
տաղը,
մատա՜ղ
ջուր ,
Որ
լո՜յծ
դայլայլի
մը
պէս
շարունակ
Կը
փրփրիս,
կ’երթաս
դաշտերուն
մէջ
ուր
Դարե՛ր
դարերով
ե՛րգդ
է
գոհունակ։
Ո՜վ
պիտի
պատմէ
վազքերդ
մշտոլոր
Վայրի
վարդերու
երազանքն
ի
վար.
Ո՜վ
պիտի
ցոյց
տայ
փրփուրներուդ
խոր
Հեւ
ի
հեւ
կեանքիդ
սէրերն
հոգեվար ,
Տարփոտ
սէզերու
շոյանքն
ալ
բոլոր։
Լուռ
անրջանքի
պահուն
ցայգային ,
Ո՜վ
պիտի
պատմէ
խիճերուդ
լեզուն ,
Ու
հեքիաթունակ
սէրն
ուռենիին
Երբ
մութ
գիշերով
իրեն
ազազուն
Ոստերը
փախչող
հոգւոյդ
կը
հայի՛ն։
Միամի՜տ
վըտակ,
դարերէ
ի
դար
Դուն
մամռոտ
ճամբէդ
կ’երթաս
անմոլոր ,
Ու
երբ
կը
մեռնին
շուրջդ
անմխիթար՝
Գարնայնի
գոյն֊գոյն
ծաղիկներդ
բոլոր ,
Երկու
քարի
մէջ
կ’երգե՜ս
անդադար։
Երնէ՜կ
քեզ,
վտա՜կ,
մեռնիլ
չունիս
դուն.
Արցունքէ
մարմինդ
կը
վարես
անվերջ ,
Գիշերներու
մէջ
միայնա՜կ
արթուն ,
Անսկի՜զբն,
անվե՜րջ,
վտիտ
փոսիդ
մէջ
Կ’երգես .
երնէ՜կ
ջո՜ւր,
վախճան
չունիս
դուն…։
Ու
երբ
այս
տողերն
մրոտող
նիհար
Ձեռքէն
օր
մը
լո՜կ
պուտ
մը
հող
ապրի ,
Ուրիշ
քերթող
մ’ալ՝
ինծի
չափ
յիմար՝
Պիտի
գայ
հարկաւ
երգերըդ
վայրի ,
Յանգի,
չափի
տակ
առնելու
համար։
Մինչ
յաւերժօրէն
կեանքո՜տ,
զուարթո՛ւն ,
Պիտի
կարկաչէ
քու
ջուրդ
մշտաշարժ՝
Հեգնելով
արուեստն
ու
կեանքը
մարդուն…։
Ո՜վ
անմահութեան
ստուե՜ր
գետնաքարշ .
Վտա՜կ,
երնէ՜կ
քեզ,
մեռնիլ
չունիս
դուն։
1908