Սիրոյ գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՐԱՊԻ ԵՐԳԸ
       Մեծ քաղաքին աղմուկին մէջ մոռցուա՜ծ ,
Ծե՜ր պարտէզի մ’ըստուերին տակ ամայի ,
Վանդակապատ ա՜փ մը ջուրի մը վրայ ցա՜ծ ,
Տարեց կարապ մը օրն ի բուն կը սահի՜…։
       Փոքրի՜կ, անպէ՜տ, լուռ մենաստան մըն է հոս ,
Ուր գաղջ օրեր՝ աթոռներու վրայ քարի՝
Աչերնին գո՜ց, իրենց շուքի՜ն հետ անխօ՜ս ,
Տաքնա՜լ կու գան քաղքին ծերե՛րը բարի…։
       Ոչի՛նչ կեանքոտ, ո՛չ իսկ մի երգ թռչո՛ւնի։
Արմաւենին որ կ’երկարի ջուրին քով՝
Արեւաշա՜տ հողերուն փառքը չունի.
Նարնջենի մը կը շնչէ տաժանքով…։
       Աւազանին մօտ փոշելի՜ց, ախտագի՜ն ,
Տարաշխարհիկ անտառ մ’է լա՜յն տերեւի ,
Որու մէջէն՝ թաթը ո՛ւլի մը կուրծքին ,
Թափծու առիւծ մը շա՜տ հպարտ կ’երեւի…։
       Ուրիշ ոչի՛նչ…։ Ու կարապը կը դառնա՜յ ,
Տարեց կարա՛պը կը սահի օրն ի բուն։
Կը զգա՞յ արդեօք մեռելութիւնն անխնայ
Որ հո՛ն է, իր վանդակորմին մէջ տրտում…։
       Խե՜ղճ Ծե՜ր կարապ…։ Երգ մը չունիս որ երգե՜ս.
Ո՛չ իսկ ողորմ ճիչ մը վայրի՜ թռչունի.
Բայց ի՜նչպէս լաւ կը հասկնայ հոգիս քե՛զ ,
Կարօտակէզ աչդ արցունքի պէտք չունի…։
       Անշո՛ւշտ, անբան կենդանիի քու մտքէդ
Կ’անցնի՜ երբեմն յուշքը հի՜ն֊հի՜ն օրերուն
Երբ քաղաքին ժխորներուն դեռ անգէ՜տ ,
Լիճերո՜ւ վրայ կը սահէիր օրօրուն…։
       Անշո՛ւշտ, լռիկ ժամերուդ մէջ դո՛ւն քեզի
Կը պատմես հի՜ն արշալոյսներն ոսկեփա՜ռ
Երբ կ’երթայի՜ր թաւուտներուն մէջ սէզի
Վայրի երա՜զըդ ապրելու անբարբառ…։
       Ու կը յիշես գիշերներն ալ դուն լուսնա՜կ ,
Երբ ձիւնափա՜ռ, հսկա՜յ ծաղկի մը նըման
Գլուխդ թեւիդ՝ կը ծփայի՜ր գոհունակ ,
Մեծ լիճերու կապոյտին մէջ անսահման…։
       Կարա՜պ, եղուկ…։ Ինչպէ՜ս պիտի ուզէի
Ճերմակ կուրծքիդ տա՜կ դնել սիրտս, օ՜ր մը գէթ ,
Ու ապրիլ մո՜ւթ զգացումներդ ամեհի՛ ,
Որ կը ծորին լուռ թռչունի քու մտքէդ…։
       Նիցցա, [1912]