ԱՄԱՌՈՒԱՆ
ԺԱՄԵՐ
Ծաղկի
թերթեր
կ՚անձրեւեն
…
։
Կը
ծըռի
բո՛ցը
հովէն.
Երկու
աչերս
քե՛զ
ունին,
Աչերս
լալո՛ւ
պէտք
ունին
։
Վիշտէ
շինուած
ո՜վ
կաւ
հին,
Ցաւերն
քեզ
հետ
ի՜նչ
ունին
Որ
հոգիդ
կը
վրդովեն.
Ծաղկի
թերթեր
կ՚անձրեւեն
…
։
Կ՚իյնան
վարդերն
տրտմապէս.
Ես
չեմ
խօսիր,
կ՚ունկնդրես
Մազերուդ
տակ
քարացա՜ծ
։
Սէրը
ծանր
է,
սիրտս
յոգնա՜ծ
…
։
Ի՜նչ
է
այս
թեւն,
Պաշտելի՛,
Որ
մեր
վրայ
լո՜ւռ
կը
սահի
։