Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՄԱՌՈՒԱՆ ԺԱՄԵՐ

Ծաղկի թերթեր կ՚անձրեւեն ։
Կը ծըռի բո՛ցը հովէն.
Երկու աչերս քե՛զ ունին,
Աչերս լալո՛ւ պէտք ունին ։

Վիշտէ շինուած ո՜վ կաւ հին,
Ցաւերն քեզ հետ ի՜նչ ունին
Որ հոգիդ կը վրդովեն.
Ծաղկի թերթեր կ՚անձրեւեն ։

Կ՚իյնան վարդերն տրտմապէս.
Ես չեմ խօսիր, կ՚ունկնդրես
Մազերուդ տակ քարացա՜ծ ։

Սէրը ծանր է, սիրտս յոգնա՜ծ ։
Ի՜նչ է այս թեւն, Պաշտելի՛,
Որ մեր վրայ լո՜ւռ կը սահի ։