Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԵՐՄԱԿ ԳԻՇԵՐ

Ամաններուն մէջ այս գիշեր տրտմովին
Պիտի դողան ծաղիկներ՝ թա՜ց տակաւին ։
Սենեկին մէջ ո՛չ մէկ լամբար ուր տժգո՜յն
Պիտի սուզիս երազանքի մը հանգոյն ։

Ու շնչելու համար մեր խինդն լիովին՝
Դաշնակին վրայ ուր արցունքներ պիտ' յուզուին՝
Ձեռքերըդ կեա՛նք պիտ' տան վշտի երգերուն,
Եւ հիացա՜ծ պիտի լըսեմ ես սարսռուն ։

Այսպէս պիտի սիրենք անխօս, խիստ, անո՜ւշ.
Միայն համբոյր մ՚եղունգներուդ վրայ քնքուշ՝
Ջուրին նման պիտի յորդի սափորէն,

Ո՜վ քոյր, եւ մեր երկինքին մէջ սրբութեան,
Լուռ սէրերու Ցանկութիւնը կուսական՝
Աստղի մը պէս պիտի ելլէ յամրօրէն ։