Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Թէեւ ա՜յնքան արագ անցար առջեւէս,
Բայց անգամ մը ետիդ դարձար անհանդարտ.
Հարցո՜ւմ մը կար բաց շրթներուդ մէջ կարծես,
Աչքիդ մէջ բո՜ց մը հըպարտ ։

Ուրեմն ինչո՞ւ զքեզ բռնել չուզեցի
Քու փախուսիկ ձիւնասպիտակ լաթերէն,
Ու չի կրցայ քայլիդ հետքը կանացի
Գտնել անգա՜մ մը նորէն ։

Վայրենութիւնդ անյայտացաւ այնքա՜ն վաղ,
Ուրիշներուն պէս հըլո՜ւ ես, հոգեհմա՜յ,
Անտանելի կերպով բարի՜, ու աւա՜ղ,
Դուն կը սիրես զիս հիմա ։