***
Թէեւ
ա՜յնքան
արագ
անցար
առջեւէս,
Բայց
անգամ
մը
ետիդ
դարձար
անհանդարտ.
Հարցո՜ւմ
մը
կար
բաց
շրթներուդ
մէջ
կարծես,
Աչքիդ
մէջ
բո՜ց
մը
հըպարտ
։
Ուրեմն
ինչո՞ւ
զքեզ
բռնել
չուզեցի
Քու
փախուսիկ
ձիւնասպիտակ
լաթերէն,
Ու
չի
կրցայ
քայլիդ
հետքը
կանացի
Գտնել
անգա՜մ
մը
նորէն
։
Վայրենութիւնդ
անյայտացաւ
այնքա՜ն
վաղ,
Ուրիշներուն
պէս
հըլո՜ւ
ես,
հոգեհմա՜յ,
Անտանելի
կերպով
բարի՜,
ու
աւա՜ղ,
Դուն
կը
սիրես
զիս
հիմա
…
։