Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Աբեղաները ի զո՜ւր կը տքնին,
Ես չեմ հաւատար իրենց երկինքին.
Բայց քու աչերուդ կը հաւտամ գոնէ,
Երկինքըս հո՜ն է ։

Աբեղաները ի զո՜ւր կը խօսին,
Ես չեմ հաւատար Տէր-Աստուծոյ սին,
Հաւատքըս միա՜յն սիրտիդ է կապուած,
Ա՜լ չունիմ Աստուած ։

Ալ հաւատք չունիմ ես ո՛չ Դժոխքին,
Ո՛չ չար Ոգիին վրայ մոլեգին.
Միայն աչքերուդ կը հաւտամ դաժա՜ն,
Սրտի՜դ դրուժա՜ն ։