Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Աւազուտին վրայ համայն
Գիշերն իջեր է լռելեայն ։
Կը ծաթի լոյսն ամպին մէջէն ։
Ալիքները կը մրմնջեն

«Այս մարդը խենթ մը չէ՞ իրաւ,
«Կամ սիրահար մը մտագրաւ.
«Ան տխուր է, զուարթ այնքա՜ն,
«Այնքա՜ն զուարթ, տխո՜ւր սակայն » ։

Բայց շէն լուսնակը հեգնօրէն
Վճիտ ձայնով կ՚ըսէ վերէն.
«Թէ՛ սիրահար, թէ՛ խենթ, տխեղծ,
«Ամէն մեղքիս վրայ՝ բանաստե՜ղծ » ։