Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
2. ՎԵՐՋԻՆ ԱՐՔԱՆ 
       Հօլա՜, ո՜վ կայ…։ Հոգի մը չի՞ տըրոփեր…։ Ո՛չ մէկ շունչ։ 
Ու Առիւծն իր առջեւի մէկ թաթին վրայ անմըռունչ 
Արձանացած՝ կը թարթէ իր մութ նայուածքը հեռո՜ւն
Արշալոյսի առաջին արիւնոտող գիծերուն։ 
       Արիւնոտո՜ղ…։ Բայց Առիւծն այնքա՜ն տխուր է ու մունջ։ 
Կարօ՞տն ունի թռչնիկի հովուերգութեանց քաղցրահունչ
Կամ միամիտ, մտերիմ եղնիկներու խաղերուն…։ 
Ամայութիւնն է իր շուրջ, իր մէջ Ձանձրո՜յթն է անհուն։ 
       Ո՞ւր, ո՞ւր են հին ատեններն, ուր ան կ’իշխէր անողորմ։ 
Մա՛րդը, խոնարհ ու գաճաճ, արշաւե՜ր է ամէն կողմ։ 
Թոքախտաւոր առիւծներն հարցո՜ւր երկաթ֊վանդակին…։ 
       Այսպէ՜ս, առտո՜ւն, քարացած, ան կ’երազէ ախտագին
Ամայութեան մէջ բանտուած, Աստուծոյ մը պէս ինկած…։ 
—Առի՜ւծ֊Արքայ, գնդակ մ’ալ քե՜զ կը փրկէ անկասկած…։ 
       Լօզան, 28 Փետր. 1909