Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՊԱՏԵՐԱԶՄ 
       ՆԱԶԱՐԵԱՆՑԻՆ 
       Թա՛ն, թա՛ն…։ Կ’անձրեւէ…։ Թմբուկը թա՛ն, թա՛ն 
Կը գոռայ գուժկա՜ն։ Կ’երթա՜ն…։ Ո՞ւր կ’երթան 
Բի՜ւր, բի՜ւր այս տժգոյն դէմքերն անկենդան…։ 
Թա՜ւ հազար թմբկէ թնդացող թա՛ն, թա՛ն 
Մահահրաւէր կոչն իրենց խըթան
Կարգո՜վ, գլխահա՜կ, ըսէ՛ք, ո՞ւր կ’երթան…։ 
Հրաժեշտ տուած հայրենի սուրբ տա՜ն
Մանգաղին համար հասունցած տատա՜ն 
Հասկերու նըման մեռնելո՜ւ կ’երթան 
Այս քստմնեցուցիչ հրամանով թա՛ն, թա՛ն…։ 
       Թա՜ն, գութ չի կա՞յ։ Թա՜ն, պէ՛տք է որ երթան
Աստուածները թող իրենց վրայ գըթան…։ 
Թա՜ն, մարդ չի կա՞յ։ Թա՜ն, պէտք է որ փութան
Մէկ կամք, մէ՛կ հրաման, մէկ բարբառ՝ թա՛ն , թա՛ն…։ 
Այսպէ՜ս, միաշարժ, մէկտեղ, միաբան
Մո՜ւթ կարաւանի մը պէս անխափան
Անթի՜ւ, անհամա՜ր, անժպի՜տ, անբա՜ն
Խրտչեցընելով ամայի ճամբան
Թաւ թմբուկներու թնդիւնով թա՛ն , թա՛ն 
Վաղ առաւօտով մեռնելու կ’երթան…։ 
       Վարագոյրներու բացուածքին ետին 
Դէմքեր կ’արտասուեն, դէմքեր կ’անհետին…։ 
Անձրեւը անդո՜ւլ կը սրսկի բարա՜կ
Ու գունդը անվե՜րջ ալեկո՜ծ, արա՜գ
Կ’երթայ պողպատեայ հոսանքի նըման
Կ’երթա՜յ ահաւոր, ահեղ, անսահման
Ու իր՝ հետ կ’երթայ դռներէն կիսբաց 
Հազար բերանով յանկարծ խուսափած 
Ծերունի դողդո՜ջ գլուխներու հե՜զ 
Ու երկչոտ բողոքն «Աւա՜ղ, աւա՜ղ , մեզ…»։ 
       Դեռատի զինուորն, անձրեւին տակ թաց՝ 
Հրացանն ուսին, քայլով համընթաց 
Այսպէս ո՞ւր կ’երթայ գունդով միասին…։ 
Խեղճը կը վախնայ խորհիլ այդ մասին
Չէ՛ սպաններ դեռ կեանքին մէջ մրջիւն
Կ’երթայ կռուելո՜ւ. չի՛ գիտեր ինչո՛ւն
—«Գնա՛ սպաննէ, ըսեր են իրեն
«Ա՛յս է հայրենի պարտք, ա՛յս է օրէն
«Ու յաղթո՛ղ դառնաս երբ ապագային
«Պատուոյ խաչ կ’առնես ձեռքէն արքային…»։ 
       Ո՜վ անգիտակից տերեւ հողմավա՜ր
Ո՜վ ընկեր զինուոր, հրացանըդ վա՛ր… 
Եղբայրներ էք դուք, յաղթուած կամ յաղթող
Խաչերը պատուոյ՝ դահիճներուն թո՛ղ…։ 
Բահ ու բրի՛չն են բիրտ ձեռքիդ յարմար
Գործէ՛ լաւագո՜յն օրերու համար…։ 
Սահմաններ չի կա՛ն, երկիրներ չի կա՛ն
Հողը միշտ նոյն հողն է նուիրական…։ 
Ու թշուառութեան տակ կքած ահեղ 
Մարդերը միշտ նո՛յն մարդն են ամէն տեղ…։ 
       Յիսուն դարերով մարդն ալեխռիւ 
Ծերացա՛ւ ահա, տակաւին կռի՞ւ…։ 
Ապա այդ կռիւն ըլլայ Ուժին դէմ
Այդ կռիւն ըլլայ Մեծին դէմ դժխեմ…։ 
Թող Իրաւունքի կռի՜ւն ըլլայ այն
Իրաւո՜ւնք՝ գոնէ խոտի պէս միայն 
Ծլելո՜ւ ազատ բնութեան մէջ լայն
Ծծելու երկնի ցօ՛ղը լռելեա՜յն
Ապրելո՛ւ ի՛նք իր ուժով, ու հըլու 
Օր մ’ի՛ր հողին վրայ խաղա՜ղ մեռնելու…։ 
       Բոցին տուր, փոքրիկ զինուո՜ր, թող այրի՜ 
Հրացանդ մարդասպան, սուսերըդ վայրի՜
Թող այրի՜…։ Առանց անոր ալ արդէն 
Քանի որ մարդերն ամէ՛ն տեղ մարդ են 
Սահմանէն ասդին, սահմանէն անդին
Կը գործէ ինքնին Հսկայ գերանդին…։ 
Ինչո՞ւ շտապել…։ Խշտեակի տակ ցած 
Թէ պալատի մէջ, կուշտ եւ կամ քաղցած 
Օր մը անպայմա՛ն, թէ՛ իրենք, թէ՛ մենք 
Բախտին բաժակէն անշուշտ՝ կը խմենք…։ 
       Դա՛րձ, բարի զինուո՛ր, արօրիդ փարէ
Գոհունակ երգով երկիրըդ վարէ…։ 
Ի՞նչ, քեզ հաց չիկա՞յ, քեզ երկիր չիկա՞յ…։ 
Ինչո՞ւ արշաւել երկրեր հեռակա՜յ
Դրացի հարուստիդ արտը ա՜փ չունի
Ոսկեգեղ հասկին բերքը չափ չունի
Մշակն հաց չունի՞…։ Ա՛խ, եթէ երբեք 
Սպաննել կ’ուզեն ձեռքերդ սովաբեկ
Ո՜վ փոքրիկ ընկեր, կը խնդրեմ քենէ
Զոհդ քեզ պէս խեղճ զօրք մը չըլլայ գոնէ…։ 
       Բայց փոքրիկ զինուորը չի՛ մտածե՜ր
Կ’երթայ. ու կ’երթան ծնո՛ղ, զաւա՛կ , ծե՛ր
Կը կշռէ թմբուկը քայլն համընթաց
Արձագանգ կու տայ լա՜յն պողոտան թաց։ 
Առջեւէն կ’երթայ Դրօշակն ապաւէն 
Մահը կապարեայ կ’երթայ ետեւէն…։ 
Ահա՛ կանգ առին պալատին առաջ
Եւ միաբերա՜ն, մէկտե՛ղ միաւա՜ն 
Հազար բերանէ խո՜ւլ, վայրա՜գ գուժկա՜ն 
Թռա՛ւ մէ՛կ բարբառ մը «Կեցցէ՜ արքան…»։ 
       Լօզան, 1911