Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ռ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

20 Հոկտ. 1848-ին Խասգիւղ ծնաւ երկուորեակ քրոջը հետ (աղջիկը մեծ, ինքը վտիտ)։ Հայրը սափրիչ էր եւ շատ աղքատ։ Յուսահատութեան եւ չուառութեան մատնուած ընտանիք մը. մայրը «իշալլահ…»-ով կը մխիթարէր պզտիկները։ Ռէթէոս 6 տարեկան էր, երբ մեռաւ իր հայրը։ 14 տարեկանին դասատու կ՚ըլլայ Ներսէսեան վարժարանը (Խասգիւղ) եւ տունը ինք կը նայի։ 16 տարեկանին Էտիրնէ ուսուցիչ կ՚երթայ 10 ոսկի ամսականով։ Կը վերադառնայ Գատրգիւղ։ Ռէթէոս իր երիտասարդութեանը երգած էր։ Ունէր գեղեցիկ ձայն եւ կրնար երեք ժամ ատենախօսել։ 28 տարեկանին դպրոց կը բանայ (1876-ին)։ Մեռաւ 39 տարեկանին։

Շաքարախտ մը սկսաւ իր մահուընէն երեք տարի առաջ։

Մեռնելէն տարի մը առաջ անժին տը բուաթրինի քրիզներ ունենալ սկսաւ։ Փողոցը քալած ատեն, սանդուխէ, զառիվերէ բարձրանալու միջոցին կը դեղնէր եւ սիրտը կը ցաւէր (րէյոնալ ցաւ մը). ամբուլ ա նիթրիթ տ՚ամիլ կը շնչէր, առաջ քանի մը ամիսը մէյ մը, վերջը շաբաթը անգամ մը, մինչեւ որ ալ անկողին պառկեցաւ. յետոյ ելաւ։ Կը սպասէինք, որպէսզի տեղ մը երթար գարնան։ Շաքարախտը անհետացած էր։

Ընդհանրապէս ծոմը չէր բռներ յաճախ. միշտ անուշ կը սիրէր։

Բժիշկները հանգստութիւն պատուիրած էին, բայց ան չէր ուզեր։

Գրաբառը (ր)ի գրական վիճաբանութիւն մը ունեցաւ Մեսրոպ Նուպարեանի հետ։ Շաբաթ օր մը տօն էր. դպրոցը փակ էր. առաւօտուընէ մինչեւ իրիկուն աշխատեցաւ, յօդուած գրեց. գիշերը նստեցանք։ Յետոյ պառկեցանք։ Մաննիկը վրան ծածկեց։ Կիրակի առտու կանուխ արթնցեր էր եւ քրիզ մը ունեցեր էր, որ շուտով անցաւ. սուրճը ուզեր էր. խմեր եւ սկսեր էր երգել, ինչպէս ամէն առտու՝ աղօթքի տեղ։ Յանկարծ երկրորդ քրիզ մը կ՚ունենայ խիստ զօրաւոր։ Իրարանցում. Շահանը պառկած տեղէն վեր նետուած էր։ Մաննիկը դուրս հանեցինք։ Տժգոյն էր սարսափելի։ Բժիշկները հասան. մորֆինի էնժեքսիոն ըրին. սաստիկ ցաւ։ Իր զաւակները ուզեր էր։ Քրիզ մը, որ 20 վայրկեան տեւեց։ Միշտ կը տառապէր. նորէն մորֆին. Շահանը ներս մտաւ. ա՜լ մեռած էր. հանդարտ դիմագիծ մը, մահուան հանդարտութիւնով։ Մեռաւ տժգոյն։

Պէրպէրեան մեռնելուն չէր հաւատար։ Շատ մը ծրագիրներ ունէր. գիրքի ծրագիրներ։ Մահուընէն շաբաթ մը առաջ լոյս տեսաւ իր վերջին գիրքը՝ «Դպրոց եւ Դպրութիւն», որուն կը սպասէր անհամբեր։ Երբ եկաւ, շատ ուրախացաւ։

1907