Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ»
(Գրախօսական)

Փոքրիկ, սիրուն հատոր մը՝ Շնորհքով Մարդիկը։ Տիկին Եսայեանի լուսանկարէն ու Տօմինոյի յառաջաբանէն վերջ. «պզտիկ ուսումնասիրութիւն»՝ եթէ կ՚ուզէք - կ՚անցնինք հատորին պարունակութեան։ Քննադատական քանի մը կարծիքներ յայտնելէ առաջ՝ անհրաժեշտ կը նկատենք ներկայացնել վէպը, մերկացուած իր գրագիտական ու հոգեբանական բոլոր արդուզարդերէն։

Յակոբ նիհար ու տխուր երիտասարդ մ՚է, ամիրայի թոռ։ Իր հայրը նիւթական կորուստի մը տակ ընկճուած կը մեռնի. քանի մը տարի վերջ ալ իր մայրը։ Անչափահաս ու ծնողազուրկ Յակոբ կը պաշտպանուի իր հօրաքրոջ կողմէ։ Աննիկ - այս վերջնոյն աղջիկը - լայն զարգացում ստացած ազնիւ հոգի մ՚է։ Էրիկ մարդերը դատելու քիչ մը շատ խիստ իր եղանակը, իր մտքին բարձրութիւնն որ զինքը կը կղզիացնէր իր ծանօթներուն ռամիկ շրջանակին մէջ, ու թերեւս քիչ մ՚ալ (կ՚աւելցնէ Տիկին Եսայեան) իր տգեղութիւնը պատճառ եղած էին որ Աննիկ չամուսնանար։ Այնպէս որ երբ Յակոբ որդեգրուեցաւ անոնց տանը մէջ, Աննիկ, արդէն իսկ 35-ն անցա՜ծ, ծերացած աղջիկի իր բոլոր գորովովը մայրութիւն ըրաւ նորեկին։

Որբի ու պաշտպանուհիի այս կապն ոչինչ ունի իր մէջ խրթին, ոչինչ արտակարգ։ Բայց հեղինակուհին կը փափաքի որ կապը բարդուի, հանգոյցը կնճռոտի, որպէսզի վէպն ըլլայ աւելի՛ վիպական։ Ու ասոր համար է որ որբին ու պաշտպանուհիին միջեւ կը դնէ հօրաքրոջ աղջիկ մը, Զարուհին։ Սկիզբները սրտի մութ հակում մ՚ունի Յակոբ այս աղջկան հանդէպ. այս մտերմութեան աղբիւրը կարելի է փնտռել իրենց արիւնի եւ մանկութեան կապերուն մէջ։ Բայց ժամանակին հետ խնդիրը կը յստականայ (չըսելու համար կը մթննա՜յ)։ Յակոբ կը սիրէ իր ազգականուհին, յայտնի է թէ ո՛չ թէ ազգականի պէս. մինչդեռ Զարուհին միշտ կը մնայ իր առջի դերին մէջ, բարեկամի, քրո՛ջ դերին մէջ։ Յակոբ սակայն ուրիշ դժբախտութիւն մ՚ալ ունի, այն է Աննիկը։ Այս ծեր աղջիկը՝ հետզհետէ աւելի յոռետես մտածումներու մէջ, կը վերջանայ յիմարանալով։ Ասիկա դրամի յիմարութիւնն է, իմաստասիրական յիմարութիւն՝ եթէ կ՚ուզէք. որովհետեւ խեղճ աղջիկը կենդանի վկան է այն ամէն պատմութիւններուն, որ իր ընտանիքին պատմութիւնն են. ինք տեսած է թէ ինչպէս «իրենց ժառանգութիւնն ամբողջ արցունքներու, կորսուած կեանքերու, ջախջախուած ասպարէզներու ամբողջութեամբը կազմուած է»։ Ու դժուար չէ իր յիմարական աղաղակներուն մէջէն որոշել յաճախ.

-Կրակ, ա՜հ, բոցերը կը մարեն միայն, բոլոր չար ոսկիները, արցունքոտ… միայն բոցերը, բոցերը։

Ու գիշեր մը բոցերը կը բարձրանան, բոցերը կը լափեն բնակարանը, բոցերը կը լափեն ոսկիները, ու կը լափեն իր ոսկորներն ալ…։ Ահաւասիկ վէպին կմախքը։ Թէ ո՞ր աստիճան գեղեցկացած ու կենդանացած է այս կմախքն հեղինակուհիին գրիչին տակ՝ քանի մը ընթերցումներ գրքին մէջէն բաւական պիտի ըլլան դատելու։ Լեզուն մաքուր է եւ ոճը խնամուած. պատմութիւնը գրաւիչ է ու ընթերցումը բաւական շահեկան։ Միայն թէ գրքին իւրաքանչիւր էջին մէջ չես գիտեր ի՛նչ մը կայ որ մեռած է. իրերը պատմելու անցեալ անկատար եղանակ մը, որ նոյնիսկ ամէնէն տաք էջերուն վրայ, ընթերցողին վրայ տպաւորութիւնը կը գործէ բանի մը որ եղա՜ծ ու անցած է, ու արդէն իսկ անհետաքրքի՜ր։ Իբրեւ թէ հեղինակուհին նոյն բանն հազարերորդ անգամ ըլլալով պատմէր մեզի, ա՜յնքան ձանձրոյթ կայ իր շեշտին մէջ, ու այնքա՜ն յոգնութիւն իր ձայնին խորը։ Ինչ որ զարմանալի է սակայն, սա՛ է թէ առ հասարակ յոգնաբեկ իր ոճն ոգեւորութեան մասնաւոր հեւք մը կը ստանայ իւրաքանչիւր անգամ որ խօսքը Զարուհիին վրայ է. որովհետեւ իրա՜ւ շատ զարմանալի ու հետաքրքիր դէմք մ՚է այս աղջիկը, ու կ՚արժէ որ այս մասին ծանրանանք քիչ մը։

«Զարուհի անուշ, բարի եւ զգայուն աղջիկ մ՚է, որ իր կանխահաս հեշտասիրութեան բնազդները կը յայտնէ երբեմն, նոյնիսկ շուարեցնելով իր հօրաքոյրը, ու (կ՚աւելցնենք) շուարեցնելով նաեւ ընթերցողը (!)։ Տարօրինակ աղջիկ մ՚է ասիկա։ Առաջին անգամ կը տեսնենք զինքը «թելադրի՜չ» կերպով ժպտելով Յակոբին։ Քիչ վերջն իր դաշնակի ուսուցչին սիրահարուած է։ Յետոյ ներկայ կ՚ըլլանք իր ամուսնութեան Մանչէսդըրցի վաճառականի մը հետ։ Քանի մը ամիս յետոյ էրիկէն կը ձանձրանայ ու կը վերադառնայ Պոլիս։ Դէպի Մանչէսդըր, շոգենաւին վրայ «նաւապետին հետ կը խաբէ իր ամուսինը»։ Ամուսինը կը յուսահատի ու կը թողու որ ուզածն ընէ։ Զարուհի կը վերադառնայ Պոլիս, ու անգամ մ՚ալ կը սկսի Մարտիկեան ճարտարապետին հետ ունեցած իր հին պատմութիւնը, ու անգամ մ՚ալ կը տեսնենք գռեհիկ տողանցումն զգայամոլ նայուածքներու, ժպիտներու ու պչրանքներու, ու անգամ մ՚ալ մարմնապաշտ սէրն հեշտամոլ կնկան. «որովհետեւ այս անգամ Տիկին Զարուհի այն վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուէր որ ամէնէն խելօք կիներն յիմարութիւն ընելու կը մղէ»։ Ու մտածել որ այս այն աղջիկն է որ այնքան սիրով խնամեց Յակոբն իր հիւանդութեան անկողինին մէջ, ու միեւնոյն ատեն չմոռցաւ խոստմնալից կերպով ժպտելու բժշկին. ու մտածե՜լ դարձեալ թէ այս այն աղջիկն է որ իր պատշգամէն դիտելով Աննիկը լափող բոցերը, «Ի՜նչ աղուոր է» ըսաւ ակամայ սարսռալով, ու թողուց որ Մարտիկեան կուրծքին վրայ սեղմէր իր անառակ մարմինը։

Բայց ո՛չ, Տիկին Եսայեան երբեք չպիտի կրնայ հաւատացնել մեզի թէ այս դիբն իրաւ մեր մէջէն ընտրուած, մեր մէջ ծնած ու սնած հայ աղջկան դիբ մ՚է։ Մեր գեղեցիկ կէսը չէ հասած տակաւին սէրերն ըմբռնելու այսքան դարավերջիկ եղանակի մը։ Եւ մենք շատ կը կասկածինք որ մի գուցէ այդ կարծեցեալ Զարուհին՝ տեղական կեանքէ վէպի մը մէջ մոլորած այդ հերոսուհին ո՛եւէ Նինօն մը կամ Նինէթ մ՚ըլլայ, Փարիզի փողոցներէն աճապարանօք հաւաքուած, ու իր անունը փոխած՝ սխալմամբ կարծես…։

Զարուհիէն ու Յակոբէն զատ, որ շատ անորոշ ու տարտամ գոյներով ներկայացուած է եւ որ ընթերցողին վրայ կը գործէ անշօշափելի բանի մը տպաւորութիւնը, վէպին գլխաւոր երկու հերոսներէն զատ, ուրեմն միւս բոլոր դէմքերն ալ մեր տուներուն մէջէն ընտրուած տեղական դէմքեր են. - Աննիկն որ այնքան տարակոյսով ու յոռետեսութեամբ գիտէր երերցնել իր գլուխը. Տիկին Նոյեմին, Հայ ազնուական թէնարտուհին, իր երկու այլասերած զաւակներուն հետ. Սարգիս Էֆ. որ իր նենգոտ հաշիւներն ու իր մասնաւոր կարգադրութիւնները կ՚ընէր նոյնիսկ օղի խմած ատեն. Միւսիւ Գալուստ, կնահաճոյ մարդը, «որ իր կմախքը պտտցուցած էր ամէն կարելի ննջասենեակներուն մէջ». ու, եթէ կ՚ուզէք, Տիկին Քալէմեանն ալ, չտեսի դիբ, նախկին վարժուհի…։

Այս բոլոր դէմքերը, անջատաբար շատ յատկանշական ու շատ հետաքրքրող, իրար միանալով չեն կազմեր այն շահեկան ամբողջութիւնն որ վէպը կը յատկանշէ։ Որովհետեւ վերջապէս ի՞նչ է պատմուածը. Յակոբ Զարուհիին կը սիրահարուի, Աննիկ մտածելէն կը յիմարանայ. երկուքին ալ այրած են սիրտերը. միայն տունը մնաց. այն ալ կ՚այրի. ու վէպը կը լմննայ։ Վէպ անունն ինքնին կ՚ենթադրէ եղելութիւններու առաւել կամ նուազ բարդ համախմբութիւն մը, հոգիներու եւ զգացումներու որոշ կնճռոտութիւն մը, կարծես անել, որոնք սակայն աստիճանաբար պիտի լուծուին հեղինակին հոգեբան ու վերլուծող գրիչին տակ։ Բայց «Տիկին Զապէլ Եսայեան - ինչպէս այնքան անկեղծօրէն կը գրէ Տօմինօ - խոստովանինք, բոլոր այս բաները կը գրէ առանց ճարտար հոգեբան մը, ո՛չ ալ եղական վերլուծող մ՚ըլլալու։ Կեանքի աներեւոյթ իրերուն մէջ գաղտնիք մը փնտռելու չափ առաջ չ՚երթար, եւ ո՛չ ալ ընկերական արտակարգ պարագաներ, բարքեր ուսումնասիրելու չափ յանդուգն է»։

Ապահովաբար, Տիկին Եսայեան, ամիրաներու բարքերու հարցովն զբաղելու, ժառանգականութեան կնճռոտ խնդիրներ քննելու, եւ հայ սեղանաւորութեան չարարուեստ հնարքները պարզելու համար տակաւին դեռահաս ու դիւրաբեկ գրիչ մ՚է։ Իրեն համար կարծես աւելի հաճելի է դառնալ ու անդրադառնալ սրտերու խորը խլրտող ստուերամած երեւոյթներուն վրայ, ու նկարել մեզի զգացումով եւ մտածումով լեցուն խորհրդալի նկարներ, այնքա՜ն անուշ՝ որքան մութ…։ Իսկ գալով վէպի մը, տեղական բարքերու քննութեան նուիրուած վէպի մը, զուտ գրական վերացումներէ աւելի ուսումնասիրութիւն պէտք է, գիտական զննողութիւն հանապազօրեայ չոր դիտողութիւն, ու մանաւանդ, մանաւանդ վիպագրելու մասնաւոր տաղանդ։ Որովհետեւ, ընդունինք, ա՛յլ է յօդուած գրելը, օրն օրին մեռնելու դատապարտուած, ա՛յլ է վէպ գրելը, առաւել կամ նուազ ապրելու կոչուած։

***

Վէպն յաւելուած մ՚ունի իր ետին, բաղկացած վեց անջատ հատուածներէ։ ԱՉՔԵՐԸ (Տիկին Փարտիկեանի՛ն աչքերը) կրնան իբրեւ օրինակ ծառայել մագնիսականութեան պաշտպաններուն։ Այս տիկինը, գաւառիկ սովորութեամբ մը, իր տղայ հասակին մէջ ակամայ կ՚ամուսնացնեն Գրիգոր աղային հետ։ Յաւիտենակա՜ն պատմութիւնը. տարիքի աններդաշնակութիւն, սիրոյ չգոյութիւն, գաղափարներու անհամաձայնութիւն, ու այս բոլորին արդիւնք՝ խեղանդամ աղջիկ մը! (գոնէ մա՜նչ մ՚ըլլար, կը մտածէ Գրիգոր աղա!)։ Ամուսինը կը մեկնի Պոլիս, կ՚ըլլայ իր գործին մարդը, եւ հինգ տարի վերջ կինն իր քով բերել կու տայ։ Վրէժին ժամն է։ Կինը չի բարկանար, չի կռուիր, չի խօսիր, միայն կը նայի, նորէ՛ն կը նայի, նորէ՛ն անգամ մ՚ալ, ու ամուսինը կը մեռնի… ուղղատապէ!։

ՑԱՒԻՆ ՀԵՇՏԱՆՔԸ (ձօնուած առ պարոն Քայ) մեզի կը պատմէ Օր. Սօնիային տպաւորութիւնը՝ վիրաբուժական գործողութեան մը տակ։ Այս կտորը չենք գիտեր թէ ի՞նչպէս կրնայ կցուած ըլլալ Շնորհքով Մարդիկի թիկունքին, այս կտորը որ ա՛յնքան լաւ պիտի յարմարէր բժշկական գրքի մը մէջ, քլօրօֆօրմի chapitreին մէջ օրինակի համար։

ԱՇՈՒՂԸ, ահաւասիկ Տիկին Եսայեանին բանաստեղծական գլուխ-գործոցը։ Պէտք է կարդալ Թափառիկ աշուղին արեւելքցիի այդ երգերը, ճանչնալու համար հեղինակուհիին հոգին իր բնական ու անկեղծ գոյնին մէջ։ Այս փոքրիկ կտորէն դուրս, միւս բոլոր նորավէպերն ալ առաւել կամ նուազ անբնական են, կարծես օտար ու աններդաշնակ հեղինակուհիին հոգիին հետ։

ՏՂՈՒ ԲՆԱԶԴՆԵՐԸ տարօրինակ բնազդներ են, իրա՛ւ, բայց շա՛տ աւելի տարօրինակ մանաւանդ ա՛յն՝ որ Տիկին Եսայեան կը պատմէ մեզի։ Տեսարանը կ՚անցնի փոքրիկներու երկսեռ վարժարանի մը պարտէզին մէջ։ Արուսեակ անդիմադրելի հակակրութիւն մ'ունի Ներսէսին համար, որովհետեւ այդ վերջինը չափազանց տգեղ է, այնքան տգեղ, որ տղաքը չեն խաղար իրեն հետ։ Օր մը Ներսէս զբօսանքի պահուն Արուսեակը գետին կը ձգէ. կռիւ։ Այս պահուն աշակերտները ներս մտած են. զանգակը զարնուած։ «Վարժուհին տեսնելով զիրենք՝ կը պոռայ, կը կանչէ, բայց անոնք չեն լսեր». «անոնք կուրծք կուրծքի տուած մտիկ կ'ընեն իրենց սրտերուն տրոփիւնը»։ Եւ Ներսէս փոխանակ խեղդելու իր թշնամին՝ կը համբուրէ զայն (բարոյականի ի՜նչ մեծ դաս այր եւ կիներուն!)։ Բարեբախտաբար սակայն վարժուհին կը բռնէ ու կը հեռացնէ Ներսէսը. բայց Արուսեակ չի գանգատիր բնաւ. «ու երբ աչերը կը գոցէ, հեշտագին ճերմակ ու լուսեղէն շաւիղներ կ՚երեւան իրեն, ոսկեզօծ աւազներով ծածկուած եւ խաղաղութեամբ մթնոլորտուած», եւն., եւն. ։ Դիտել կու տանք թէ Արուսեակ դեռ գոգնոցով աղջիկ մ՚է, Ներսէս ալ ինը տարեկան։ Հետաքրքիր պիտի ըլլար իմանալ թէ հեղինակուհի՞ն քանի տարեկան էր երբ այս տողերն ստորագրելու քաջութիւնն ունեցաւ։

ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ. - Ժօրժ տ՚Անու (ուսանող) կը սիրահարուի Նաթալիի (ուսանողուհի)։ Իրենց յարաբերութիւնները շատ լաւ են, շատ մտերիմ, ընթերցողին սիրտը նախանձեցնելու աստիճան։ Եւ օր մը պարզապէս Նաթալի կ՚ամուսնանայ իր բարեկամին հետ, որ այս անգամ Ժօրժ տ՚Անուն չէ!։ Երբ այս վերջինը կ՚աւարտէ իր պատմութիւնը «այրերն երազկոտ կը դառնան. կիներն իրարու նայելով կը ժպտին սրամտօրէն, թերեւս պիտի կրնայի՜ն լուծել հանելուկը, բայց լուռ կը մնան»։ Տիկին Եսայեանն ալ կը հետեւի այդ կիներուն օրինակին ու կը լռէ. ու հանելուկը նորավէպին վերջը կը մնայ այնքան անել որքան էր նորավէպին սկիզբը։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍՆԵՐԸ ամէն բան կը ցոլացնէ իր մէջ բացի… Սկիւտարի վերջալոյսներէն։ Հեղինակուհին մեզի կը պատմէ թէ բերացուհիներու «գլխու եւ ազդրերու մասնաւոր մէկ շարժումը» ինչպէս կը շարժէ իր ջիղերը. թէ ո՛րչափ dռmodռe են մեր փաֆէափօնսէրներուն երգերը. թէ ինչպէս «մսեղ երգչուհի մը իր սնդուսէէ հագուստին մէջէն դուրս պոռթկալու կը սպառնայ…» եւ իբրեւ թէ հեղինակուհին անհուն փափաք մը զգար մեզի բացատրելու անոր երգերը՝ կ՚աւելցնէ ցած ձայնով.

-«Խեղճերը չեն հասկնար բնականաբար երգին անառակ խօսքերը…»։ Ու յետոյ՝ «յանձնարարական նամակ մը տեղական թերթի մը համար, զոր սրտապնդուելու համար անգամ մ՚ալ կը կարդայ»։ Բաղդատական տեսութիւն մը Փարիզի եւ տեղական գերեզմաններուն վրայ. Պաղլար Պաշրի Հայոց գերեզմանատունը. այցելութիւն մը Դուրեանի շիրմին, որուն շուրջ Պէրպէրեանին աշակերտները կը հաւաքուին. (խեղճերը հիմա ուրիշ գերեզման մ՚ունին անոր շուրջն հաւաքուելու համար, իրենց ուսուցչապետին գերեզմանը). ուղերձ մը Դուրեանին ոսկորներուն, եւ ուշադրութի՛ւն, գիրքը լմնցաւ։

Պիտի հարցուի թէ ո՞ւր են Սկիւտարի վերջալոյսերը։ - Չենք գիտեր։ Միայն թէ ուշադիր ընթերցողը կրնայ այդ համայնացոյց պատկերին (!) մէջ գտնել 3-4 տողի ակնարկութիւն մը արեւուն մայրամուտին։ Միայն դիտել պիտի տանք թէ մէկն որ վայելած է այն հիանալիօրէն մեծ ու խորհրդաւոր տեսարանն որ «զմայլելի ու ոսկեզօծ Սկիւտար»ին հորիզոններուն վրայ կը լայննայ ամէն երեկոյ, մայրամուտին, մէկն որ տեսած ու զգացած է այդ վերջալոյսերուն անհուն ու թափանցող քաղցրութիւնը, այդպիսի մէկն երբեք չպիտի կրնար Սկիւտարի վերջալոյսներուն մէջ պատմել թերթի մը համար ստացուած յանձնարարական նամակ մը եւ կամ «երգչուհիի մը թուշն ի վար վազող կարմիր շպարը!»։ Այսպիսի փորձ մը, կը կարծենք, սրբապղծութիւն մը պիտի ըլլար։

[1907]