Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՐՏԵԱՇԸ ԵՒ ԹՈՒԽԸ

Դուրսը անձրեւն էր։ Պատուհանին խոնաւ թափանցկութենէն փողոցը կ՚երեւար տրտում ու, իր ցանցառ լապտերներուն մէջ, խորհրդաւոր։

Մարդերը կը խաղային, կը խմէին, կը խնդային։ Ամբողջ լեցուեր էր սրճարանին փոքրիկ սրահը։ Ու այնչափ անուշութիւն ու այնչափ կեանք կար այդ դիւթիչ մթնոլորտին մէջ, որ մարդ հազիւ կը լսէր ապակիներուն վրայ թփրտացող անձրեւին միօրինակ լալերգը։

-Ռիցի՛ն կենացը, Ռիցի՛ն կենացը, - գոչեցին յանկարծ ձայներ, երբ այս վերջինը իր պատմութիւնն աւարտեց։

Անոնք՝ որոնք իրենց գաւաթները բարձրացուցին Ռիցիին կենացը, ուսանողներ էին։ Շատ գիշերներ կարելի էր տեսնել զիրենք՝ համախմբուած այդ միեւնոյն սեղանին շուրջ, գարեջուրի գաւաթներուն առաջ։ Անփոյթ եւ անհոգ դէմքեր ամէնքն ալ՝ իրենց ամբողջ փառասիրութիւնն էր ծուռ դրուած ուսանողական լայն գդակ մը՝ գունագեղ թաւիշէ, եւ կուրծքը շեղօրէն կտրող եռագոյն ժապաւէն մը՝ հպարտօրէն կռուած։ Իրենց խօսելու, նստելու, ծիծաղելու ձեւէն կարելի էր հասկնալ, թէ այս երիտասարդ գլուխները աշխարհքին ճակատագիրով զբաղելու համար չէ՛, որ կը հաւաքուէին այդ սեղանին շուրջ։

Երբ գարեջուրին գաւաթները պարպուեցան. «Կարգը իմս է, - ըսաւ Ժիտ, - կը պատուիրեմ ձեզի լռութիւն եւ լրջութիւն, որովհետեւ իմ պատմութիւնս տխուր պատմութիւն մըն է»։

Ժիտ ուսանողներու այն դասակարգին կը պատկանէր, որոնք ապահովաբար մարդկութեան ամէնէն երջանիկ մասը կը կազմէին։ Իր ընկերներէն ոչ ոք գիտէր ճշդիւ, թէ երբէ՞ն ի վեր սկսած էր իր ուսումը, իսկ թէ երբ պիտի աւարտէր իր շրջանը, այս հարցը կրնար հետաքրքրութիւն պատճառել ամէնուն, բացի իրմէն։ Բաց կապոյտ իր աղուոր աչքերը, յաւիտենապէս ժպտուն իր կարմիր դէմքը ու իր փորը՝ տպաւորութիւնը կ՚ընէին իր ամսականը լայն եւ լեցուն կերպով ստացող… փիլիսոփայութեան ուսանողի մը, օրինակի համար։

Իր փիլիսոփայութի՞ւնը։ Կարելի էր գուշակել զայն մշտօրէն ներկայանալի իր խարտեաշ սիրուն պեխերուն շեշտէն. կռապաշտ փիլիսոփայութիւնը։

Այնպէս որ իր ընկերները երբեք չի զարմացան, երբոր այդքան լուրջ նախաբանէ մը վերջ՝ Ժիտ սկսաւ լայնօրէն ու անուշ խօսիլ օրիորդ Նինային վրայ։

-Ամէն օր, կէսօրին, դասաւարտելուս պէս, մեր վարժարանէն մինչեւ անոր վարժարանը կը վազէի՝ իր վերարկուն հագցնելու եւ զայն ճաշարան առաջնորդելու համար։ Որովհետեւ շա՜տ անուշ աղջիկ էր Նինան, շա՜տ ազնիւ, շա՜տ վեհանձն։

Երբ գարնան գիշերներով ծառուղիներու ստուերին մէջ կը պտտցնէի զինքը ու երբ մութէն օգտուելով իմ բազուկիս կ՚անցնէր իր սիրուն, փոքրիկ ձեռքը, այն ատեն գառնուկի պէս խելօք ու աղաւնիի պէս միամիտ արարած կը դառնայի ես, կը հաւատա՞ք։

Ու երբ գիշերները քունը չտանէր, ան կու գար իմ տանս առջեւը, կը սուլէր իր քնքուշ ձայնովը, կը հագուէի անմիջապէս ու կը պտտէինք միասին։ Որովհետեւ, չըսի՞ արդէն, անո՜ւշ աղջիկ մըն էր Նինա։ Ա՜խ, Նինա…։

Ու օր մը որոշեցինք ամէնուն պէս պարկեշտօրէն… ամուսնանալ։ Մոսքու նամակ գրեցինք. ծնողքը մերժեցին։ Փորձ, աղաչանք, անկարելի՛ բան։

Ու եղաւ, որ երկուքս ալ տրտմինք։ Միայն թէ Նինա շա՜տ տրտմեցաւ ու ա՜յնչափ տրտմեցաւ, որ իր ցաւերը մոռնալու համար որոշեցինք որ մէկ ամիսով Փարիզ երթայ։ Խե՜ղճը, որքա՜ն լացաւ կայարանին մէջ։ «Առա՜նց ձեզի, առանց քու պաշտելի խարտեաշ գլուխիդ, իմ Ժիտս, - կ՚ըսէ Նինա, - ինչպէ՜ս պիտի ապրիմ ես Փարիզի մէջ, ամբո՜ղջ ամիս մը, երկա՜ր ամիս մը…»։

Ու ես որ այնքա՜ն ցուրտ եմ այսպիսի պարագաներու մէջ, յուզումէս բառ չէի գտնար ու ձայնս իրա՛ւ կը դողար, երբ իր ձեռքը սեղմելով «Նինա՜, - կ՚ըսէի, - ա՜խ, Նինա՜…»։

Նինան գնաց ու…

-Ու ինչպէ՞ս կրցաւ ապրիլ «առա՜նց ձեզի, առանց քու պաշտելի խարտեաշ գլուխիդ», - հարցուցին ընկերները անհամբեր։

-Այն է որ, - պատասխանեց Ժիտ հեգնանքի ու դառնութեան ժպիտով մը, - Նինա ուրի՜շ «պաշտելի խարտեաշ գլուխ մը» գտաւ Փարիզէն ու ամուսնացաւ հետը…։

Ուսանողները խօլ քրքիջի մը մէջ խեղդեցին Ժիտին վերջին բառերը։

Ու ա՛յնքան անկեղծութիւն կար իրենց քրքիջին մէջ, որ Ժիտ ալ սկսաւ անփոյթ մարդու իր լեցուն խնդուքը։

-Կը զարմանամ ու կը հիանամ Ժիտին վրայ, - միջամտեց Հրանտ, - ես երբեք չպիտի կրնայի խնդալ սիրային այսքան վա՛տ խաբէութենէ մը յետոյ։ Ժիտ ձեզի պատմեց խարտեաշին սէրը։ Որքա՜ն թեթեւութիւն ու անհոգութիւն այդ սիրոյն մէջ…

Երբ այս խօսքերը ըսաւ, կարմրեցաւ Հրանտ, ու ինչ որ կար ամէնէն աւելի գրաւիչ իր շիկնող դէմքին վրայ, իր քսան առոյգ տարիներուն կոյս թարմութիւնն էր։ Հիանալի թուխ մըն էր Հրանտ, արեւելքի անուշ եւ տաք թուխերէն, անոնցմէ, որոնք գիտեն սիրել իրենց սեւ աչքերուն բոլոր կրակովը։

-Մտիկ ըրէք իմ պատմութեանս, - ըսաւ Հրանտ, - շատ պա՜րզ է իմ պատմութիւնս ու շա՜տ միամիտ։

Երբ Ժիտ գիշերները իր Նինան կը պտտցնէր, ես մինակ էի սենեակիս մէջ ու կ՚աշխատէի։ Աշխատութիւնը ամէն բան էր ինծի համար ու չէք կրնար երեւակայել հրապոյրը, որ ունէր իմ փայտէ մերկ սեղանս։ Երբ կարդալէ ու կարդալէ կը յոգնէի՝ պատուհանս կար։ Ես կը դիտէի գիշերը իր անհուն քաղցրութեան մէջ. աչերս կը սիրէին ընկղմիլ տարտամ հեռաւորութիւններու խորը. ու ձիւնէ հեռաւոր լեռները կը յափշտակէին սիրտս։

Երբեմն սակայն դիմացի տան պատուհանը կը բացուէր լռիկ, այն ատեն ես կը նշմարէի սեւ շուք մը, անշարժ ու խորհրդաւոր։ Այդ շուքը ա՜լ կը տեսնէի ամէն գիշեր, չէի գիտեր, թէ ո՞վ էր ան, բայց արդէն ես համակրած էի իրեն։ Ու խոր հաճոյք մը կը զգար հոգիս, երբ դէմ դէմի, իրար կը դիտէինք անշարժ, մինչդեռ գիշերը կը յառաջանար ու քաղաքիս փոքրիկ լոյսերը կը մարէին վարագոյրներուն ետեւէն։

Ո՞վ էր այս անծանօթը, ո՞վ կրնար ըլլալ։

Օր մը համալսարանէն տուն կը վերադառնայի։ Ցորեկէն վերջ էր։ Փողոցին վրայ, դիմացի մայթէն օրիորդ մը տեսայ, որ աճապարանքով իմ մայթս կ՚անցնէր։ Չի ճանչցայ զինքը, կանգ առի, չեմ գիտեր ինչո՞ւ։ Անծանօթուհին մօտս եկաւ, յայտնապէս շուարեր էր, այտերը բոլորովին կարմիր էին, ու աչերը գետին հակած, աճապարոտ շարժումով մը ձեռքը երկարեց։ Տակաւին ես չէի տեսեր այդքան անկեղծ յուզում։ Իր քրտնած մատներուն մէջ ջղայնօրէն սեղմեց իմ ձեռքս։ Զգացի, թէ արիւնը կ՚այրէր իր երակներուն մէջ։ Աչերը հազիւ համարձակելով վերցնել, դողացող ձայնով մը.

-Բարի լո՜յս, իմ բարեկամս, - ըսաւ, - ու մնաք բարով։

Յուզումէս չի կրցայ պատասխանել։

Փոխանակ ուղղակի տուն դառնալու, գրքերս բազուկիս տակ, թափառեցայ փողոցներով։

Գիշերը, վերադարձիս, տարիքոտ կին մը ինձ կը սպասէր տանս մօտ։ Ան բարեւեց զիս ու ահա թէ ինչ ըսաւ. «Ֆաննին քարդ մը ունի ձեզի համար։ Այսօր Գերմանիա մեկնեցաւ։ Ան մեկնեցաւ ձեզի համար։ Գիշերները անքուն էր պատուհանին առջեւը, խե՜ղճ Ֆաննի։ Շա՜տ փոքր էր Ֆաննի՝ այդքան բուռն կերպով սիրելու համար…»։

Շփոթած, շնորհակալութիւն յայտնեցի տիկինին։ Արագօրէն ու անզգալաբար բարձրացայ տանս եօթը յարկերը։ Առաջին անգամ ըլլալով կը զգայի սենեակիս սեմին վրայ միայնութեան ու պանդխտութեան ցուրտը, որ երեսիս կը զարնէր։ Լամբարիս տկար լոյսով կարդացի քարդը.

«Համբոյրներ արեւելքցի տա՛ք թուխին։ Ֆաննի»։

Այն ատեն պատուհանին վազեցի. հոն չէր շուքը։ Հսկայ ճիչ մը, բոլոր ուժովը կուրծքիս խորերէն փրթած, խեղդուեցաւ շրթունքներուս վրայ…։

Ահաւասիկ իմ պատմութիւնս, շատ միամիտ ու շատ հասարակ։ Սիրային բոլորովին, բոլորովին պարզ դէպք մը, բայց այս դէպքը շա՜տ խոր ազդեց իմ վրաս, այնքան խոր, որ փոխանակ Ժիտին պէս ծիծաղելու, լամբարիս մօտ՝ սեղանիս մերկ տախտակին կռթնցուցի իմ դէմքս ու լացի՜, հաւատացէք ընկերներ, լացի՜ ես այդ գիշեր, սիրոյ համար, առաջի՜ն անգամը…։

Երբ Հրանտ աւարտեց իր պատմութիւնը, աչերը խոնաւցեր էին ու ձեռքերը քրտնած։

Երազներու անձնատուր՝ ընկերները կը ծխէին ու սիկառին մուխը դանդաջելով օդին մէջ, կը գալարուէր ու կը լայննա՜ր իրենց գլուխներուն վրայ։

Ժիտ ուզեց ընդհատել տիրող տրտում լռութիւնը ու բարձրացնելով իր գարեջուրը՝ «Արեւելքի տա՛ք թուխին կենա՜ցը», - գոչեց ժպտուն։

Գաւաթները իրարու բախեցան։ Անոնք չունէին քիչ մը առաջուան զուարթ շռինդը։

[1908]