Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԵՂԱԾՆԵՐԸ

Իմ Բարեկամ ԹԷՈԴԻԿԻՆ

Արշալոյսը դեռ հեռու էր ։

Յարդի լայն գլխարկներու տակ, կորաքամակ կ՚աշխատէինք ։ Չոր ամառ մըն էր, առանց կաթիլ մը անձրեւի, ու հողը այնքա՜ն կարծր էր, այնքա՜ն կարծր ։ Դանդաղ, անքուն, յոգնած կը յառաջանայինք երեք շարքի վրայ ։ Անոնք որ շարքին առաջքէն կ՚երթային գիւղացիներ էին, մշակնե՜ր ծնունդով ալ, արհեստո՛վ ալ, մենք երկուքս շարքին վերջին օղակները կը կազմէինք, որովհետեւ ես աւելի իմ առողջութեանս համար կ՚աշխատէի հոն, եւ որովհետեւ ընկերս դեռ պէտք եղածին պէս չէր վարժուած բիրտ արհեստին, անոր համար զինքը աւելի իբրեւ բեռնակիր կը գործածէին ։ Երբ գետնախնձորը դեռ կոշտ ու հողոտ լեցուէր, բրգանար գեղջուկ լայն կողովներուն խորը Սիմօ - ընկերս - կը կքէր, կը տքար, ես կ՚օգնէի իրեն չուանը ուսին տալու ու մինչեւ կռնակը բարձրացնելու կողովը, այն ատեն հեւալով գայթ ի գայթ հողի բիրտ ակօսներուն վրայէն ան կ՚երթար իր բեռը պարպելու ագարակին բակը ։ Պարապ կողովը մինչեւ որ վերադառնար միւսները գրեթէ լեցած կ՚ըլլային, որովհետեւ տասնեօթը մշակներ էինք, երեք շարքի վրայ, գետնախնձորի այդ ընդարձակ արտին մէջ ։

Ցերեկին արեւը անկարելի կը դարձնէր աշխատութիւնը այդտեղ, անոր համար դեռ գիշերով առաջին լոյսը Ալպեաններու ետեւէն մաղուելէն շատ առաջ՝ երբ դեռ ագարակին աքլորներն ա՜լ չէին շարժեր իրենց թառերուն վրայ մենք արդէն գործի կ՚ըլլայինք, երեք երկար շարքերու վրայ, կռնակնիս կոտրած տառապագին կարաւանի մը պէս որ անձայն ու դանդաղ կը խլրտէր կէս մութին մէջ ։ Ու գետնախնձորը նորէն ու նորէն կը բրգանար կողովներուն խորը, ու Սիմոյի ստուերը ահռելի բեռին տակ ընկճուած, նորէն ու նորէն կը մօտենար ու կը հեռանար հողի ըմբոստ ակօսներուն վրայ, աշխատութեան յանկերգի մը պէս կրկնելով իր սիրական երկու բառերը.

-Մեռնի՛ն, մեռնի՜ն ։

Որո՞նց կ՚ուղղուէր այդ ահաւոր մրմունջը, ճիշդ որ Սիմօ ինք ալ չէ՛ր գիտեր այնքան ան իր կարծրացած շրթունքներէն կը բխէր այնպէս բնական ինչպէս վճիտ ջուրը կը բխի իր ակէն, ու ինք կը կրկնէր այդ մթին բառերը առանց զայրոյթի, առանց ատելութեան, սիրտ-թեթեւցնող մեներգի մը, առտուան աղօթքի մը պէս

-Մեռնի՜ն. մեռնի՜ն ։

-Կու գա՜յ, Սիմօ, կու գա՜յ, այսօր շաբաթ է, նամակդ կու գա՜յ, ու ի՛նչ նամակ, տեսնե՜ս ։

Սիմօ կը ժպտէր, այսօր շաբա՞թ է, հա՞ ։ Ամէն շաբաթ օր, կանուխ-կանուխ արշալոյսին առաջին ճառագայթը երբ վարդ-ոսկեգոյն ներկէր Մօն-Պլանի ձիւները, բարի ցրուիչը - այնքան ճշդապահ - կ՚երեւէր սարին ստորոտը.

-Հօլա՜, մշակներ, բարիլոյս, նամակ մը Ժագ Տանուին համար, Ժօրժ Ատամին համար ։

Ո՞վ պիտի կրնայ նկարագրել յոյսի այն փոքրիկ վայրկեանը զոր Սիմօ կ՚ապրէր այն ատեն, շաբաթը անգամ մը ։ Ան կը ցցուէր ձեռքը ականջին, արձանացած, գրեթէ դողալով սպասելով իր անունին ։ Լուր չի գար ։ Ցրուիչը հոն, վարը որոշ քարի մը վրայ կը դնէր նամակները ու կը հեռանար ։ Կ՚արժէ՞ր երկու նամակի համար մինչեւ այդ բարձունքները մագլցիլ ։

-Մեռնի՜ն, մեռնի՜ն, - կը յանկերգէր այն ատեն Սիմօ յուսահատ ու գայթ ի գայթ կը հեռանար կողովին ծանրութեան տակ ։

Ինչպէ՜ս եկեր, ինկեր էի այս հեռաւոր սարերուն գլուխը, հողագործներու այդ խումբին մէջ ։ Մթնշաղի այս պահուն, հո՜ն, մեծ քաղաքի՜ մէջ, երբ դեռ խօսքերուն աղմուկը չէր արթնցուցած քնացող սալայատակները, երբ ամէն բան այնքա՜ն հանդարտ էր ու օդը այնքա՜ն զով, ինքզինքս կ՚երեւակայէի հոն, ուսանողի սենեակիս մէջ, գլուխս բարձիս ինչ աղուոր ։ Մինչդեռ հոս, գիշերով, գետնախնձորի արտին մէջ ։ Հիմա կը զգայի որ՝ պէտք չէի այն աստիճան հաւատալ բժիշկին խօսքերուն. իմ կուրծքս - թէեւ այնքան տկար - կրնայ սակայն դեռ քիչ մը ատեն ալ տոկալ, մինչեւ որ շրջանս աւարտէի, ու ծննդավայրս նետուէի ։ Բայց ով պանդուխտ եղեր է, դեռ այնքան երիտասարդ տարիներով ընտանիքէն հեռու, ու չէ՛ վախցեր մեռնելէ ։

-Պէտք է անմիջապէս հրաժարիք ձեր գիրքերէն ու զբաղումներէն. դեղերը բան մը չեն արժեր ձեզի համար. լա՜ւ սնունդ պէտք է ձեզի ու առատօրէն ։ Մանաւանդ մշակութիւնը. այգի մը կամ պարտէզ մը չունի՞ք ։

Հասկցնէիք բարի բժշկապետին, որ եօթներորդ յարկին վրայ, անկահ ու անշնորհք փոքրիկ խուցի մը մէջ ո՛չ պարտէզ կը բուսնի ո՛չ այգի, ու իբր ամբողջ մշակութիւն՝ կրնայի նոյնիսկ ջուր չի տալ սենեկիս մէջ ամառ ու ձմեռ դալար մնացող վարդի փունջի մը, զոր տանտիկինը խնամքը ունեցած էր չորս կտոր գունաւոր թուղթէ շինելով՝ աշխատութեան մերկ սեղանս զարդարելու ։ Եթէ միայն գիտնար բարի բժշկապետը ։

Բայց պէտք էր դարման մը խորհիլ. բժիշկը վախցուցեր էր զիս. քանիներ մեռեր էին աչքիս տակ, այդ հեռաւոր հորիզոններուն վրայ, ամէ՛նքն ալ աշխատութեան ու աղքատութեան զոհերը ։

Հետեւեալ շաբաթն իսկ, գիրք ու գրիչ թողլով, կու գայի կ՚իյնայի դիպուածաբար սարերուն գլուխը այս աղքատիկ ագարակին մէջ՝ թեթեւ աշխատութիւն մը փնտռելու համար, քանի մը ամիս միայն մինչեւ որ կուրծքս ապաքինէր ։ Ես շատ տկար էի տոկալու հողի այդ բիրտ աշխատութիւններուն. անոր համար շատ չէին յոգնեցներ զիս. կրնայի երբեմն հանգչիլ կամ պտտիլ մինչ միւսները կ՚աշխատէին. միայն թէ վարձք ալ չէի ստանար աշխատութեանս փոխարէն, այլ ես իսկ կը վճարէի հողատէրին ։

Առաջին օրը իսկ ան զիս ծանօթացուց Սիմոյին ։ Գործաւոր մըն ալ ունինք, ըսաւ, հեռու երկիրներէ, ան ալ օտարական մըն է ձեզի պէս, եւ ուսանող ։ Ու ձեռքի լայն շարժումով մը կանչեց զայն մօտակայ արտէն ։ Ուրախութենէն լալն էր պակաս, երբ Սիմօ կը ծանօթացուէր ինծի, կ՚իմանար թէ՝ ես ալ իրեն պէս ուսանող մըն էի քանի մը ամսուան համար այստեղերը ինկած ։ Ձեռքը կը դողար իմ ձեռքերուս մէջ. այրած, պղինձի այտերուն վրայ տարօրինակ խնդութիւն մը կը ցոլար ։ Մազուտ կուրծքը բաց հովին, հողի գոյն լայն հագուստներու մէջ ուր գրեթէ կը կորսուէր իր փոքրիկ կմախքը, յարդի անճոռնի գլխարկի մը տակ՝ երբե՛ք չպիտի կրնայի հաւատալ որ դէմ դէմի կը գտնուէի գրականութեան ուսանողի մը հետ՝ եթէ իրենց մթին խոռոչներուն մէջ այնքան խոհուն կերպով չստուերոտէին իր սեւ խոշոր աչքերը ։

Թեւէս բռնեց ու առաջնորդեց զիս ագարակին խարխուլ շէնքին մէջ. ներսը խոնաւ էր ու մութ. առաստաղին ճեղքերէն մաղուող լոյսի բարակ անձրեւը տարտամօրէն կը լուսաւորէր պատէն առկախ հնամենի հողագործիքներու տեսակ մը գեղջուկ ցուցադրութիւն ։ Սիմօ փոքրիկ դուռ մը ճռնչեցուց, ծռեցանք ու մտանք ներս ։ Պատկերներ կան որոնք կնիքի մը պէս կը դրոշմուին միտքիդ մէջ, ու ժամանակնե՜ր, ժամանակնե՜ր յետոյ յանկարծ նորէն կը ցցուին աչքիդ առջեւ, այնքան յստակ, այնքան ուժով որ դուն կը վերապրիս այդ պատկերը իր բոլոր սիրտ սեղմող իրականութեանը մէջ ։ Այս վայրկեանիս ահա՛ աչքիս առջեւը կու գայ, կ՚արձանանայ գեղջուկ տանիքի մը տակ թաղուած կեանքիս այդ րոպէն. ու ես կը վերատեսնեմ Սիմոյի այդ փոքրիկ խուցը, թարմ յարդի փոսացած անկողինը, տախտակի գեղջուկ աթոռը այնքան ցած. ճերմակ կիրի պատերուն վրայ այնքան բարեմտօրէն գամուած քանի մը դեղնած լուսանկարներ. դրան ետին՝ փայտի մեխէ առկախ՝ ճերմակ սաւանի մը տակէն զգացուող՝ կիրակիի հագուստները ։

Լուցկի՛ մը թիթեղի աւանդական թէյամանին, ու ուսանողի բարեկամ հեղուկը սկսաւ տաքնալ տախտակի ցածուկ աթոռին վրայ ։ Մենք երկուքս ալ անկողինին վրայ էինք ։ Քով քովի նստած, տարիներով աղուհաց կերած ընկերներու պէս ։ Համեստ, բարեկամ հեղուկը կ՚եռար, կը մռլտար, պիտի ըսէի կը խօսէր իր թիթեղի հինաւուրց ամանին մէջ. Սիմօ կը պատմէր, կը պատմէր ։ Խեղճը այնքան բան ունէր պատմելու, ամիսներով այդ ամայի սարերուն վրայ բանտուած, գիւղացիներու հետ որոնք ապահովաբար շատ բան չէին հասկնար իրմէ ։

Կեանքին մէջ ի՜նչ հերոսային պայքարներ կան, կամքի ի՛նչ հերքիւլեան ուժեր, ի՜նչ անհաւատալի հսկաներ, ահաւոր ու անընկճելի, որոնք կը թաղուին անգիտուած, խաւարին ու լուռ անկիւններուն մէջ ։ Սիմօ ասոնցմէ էր ։ Գրեթէ տարի մը առաջ էր որ պաշտպանը իր ամսական նպաստը կը դադրեցնէր, առանց պատճառի, առանց նամակի, պարզապէս ։ - Կ՚արժէ՞ր բացատրութիւն տալ որբի մը՝ այսքան չնչին խնդիրի մը համար ։ Դեռ քիչ մը ժամանակ կրցաւ շարունակել իր ուսումը. եթէ ոմանք երեսնին դարձուցին իրմէ, անգին բարեկամներ կային որոնք չի մոռցան հացերնին կիսել իրեն հետ. բայց վերջապէս ամէն բան չափ մը ունի այս աշխարհիս վրայ, նո՛յնիսկ մտերիմներու անձնուիրութիւնը ։ Այդ չափը պէտք չէ անցնիլ. եթէ ո՛չ տխուր բաներ կան տեսնալիք ։ Ի՜նչ ընել մինակ, օտար երկինքներու, այլամերժ երդիքներու տակ, լքուած, որբ, ի՜նչ ընել ։ Սիմօ երկբայումի, գայթելու, իյնալու տառապագին վայրկեան մը ունեցաւ, ահաւո՜ր վայրկեանը ։ Որոշումը չուշացաւ սակայն. առտու մը կանուխ թողուց քաղաքը. մշակներ կը փնտռէին մօտակայ ագարակի մը համար. ինքը այնքան ուժով չէր բայց աւելի լաւ, լերան օդը պիտի օգնէր իրեն. հողատէրը չհամաձայնեցաւ վարձք վճարել այդ տեսակ անփորձ մշակի մը, հոգ չէ, Սիմօ դրամ չէր ուզեր, օրական չոր հաց մը, չմեռնելու չափ ։ Այսպէս, ապրուստը ապահովուած, իր պարապի ժամերուն - ցորեկները, երբ անկարելի կը դառնային դաշտային աշխատութիւնները, ահռելի տաքին պատճառով - ան պիտի կարդար - Մարքսը ու Նիցչէն պիտի կարդար, Թոլսթոյն ու Շօփէնհաուէրը պիտի կարդար, պիտի կարդար մինչեւ որ օրին մէկը համալսարան վերադառնար, քննութեան ներկայանար, ու յաջողէր թերեւս, յաջողէ՜ր ։

Սիմօ կը խօսէր հանդարտօրէն առա՛նց բողոքի, առա՛նց զայրոյթի, մէկու մը պէս որ կը ճանչնայ կեանքը, եւ որ տառապանքը խմած է գաւաթ մը ջուրի պէս ։ Ու երբ տեսակ մը կարօտով, տեսակ մը ախտագին սէրով, փայտի կոշտ սնտուկէն մէկիկ-մէկիկ դուրս կը քաշէր, կը սրբէր, կը սեղմէր իր սիրական հատորները, ես կը դիտէի սպիտակ քանի մը թելե՛րը նիհար որոնք կ՚երեւէին ծնօտն ի վար իր թուխ, անխնամ մօրուքին, ու պրակները՝ որոնք ա՛յնքան այլանդակօրէն ցցուեր էին այրող արեւին ու կրծող թշուառութեան տակ ։

Շեղածնե՜ր էինք. այնքա՜ն լաւ կը հասկնայինք զիրար ։ Ուսանողի լայն ճամբէն նեղ արահետներու մէջ շեղածնե՛ր, շեղելու դատապարտուածներ ։ Համալսարանին սեմէն մինչեւ ագարակին այս անկի՜ւնը ի՜նչ հեռաւորութիւն ։ Օր մը սակայն, թերե՜ւս օր մը պիտի հասնի՜նք ըղձալի կէտին, հոգ չէ՛, անել ճամբաներէ, մանուածապատ ու թաքթաքուր ու արցունքոտ արահետներէ պիտի հասնէին թերե՜ւս լուսաշող բարձունքներու, ո՜վ գիտէ ։

Այդ օրէն Սիմոյի խուցին մէջ փոքրիկ անկողին մըն ալ ինծի համար աւելցաւ. փայտի կոպիտ սնտուկին մէջ իր գիրքերուն հետ բերի իմ բժշկական հատորներս ալ խառնելու ։ Եղբայրակցութեան շունչ շունչի, ձեռք ձեռքի ի՜նչ օրեր ունեցանք այդ առաջին օրէն ի վեր, ի՜նչ անմոռանալի մտերմութիւններ՝ արցունքով շաղախուած ։ Ու ամառ գիշերներ շատ անգամ երբ Սիմօ իր յարդի անկողնին մէջ յոգնաբեկ ինկած՝ երեսը գիրքին՝ կը սկսէր քնանալ, ես իմ աւերակ կուրծքիս վրայ կը հսկէի արթուն, եւ եթէ ձայն մը գիշերային այդ պահուն կը փսփսար երբեմն մեր մահաշունչ սենեակին մէջ, այն ալ Սիմոյի մութ յանկերգն էր որ իր քնացած շրթունքներէն կը հոսէր ա՛յնքան բնական որքան վճիտ ջուրը իր ակէն ։

-Մեռնին, մեռնին ։

[1908]