Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՃԱՏ

Տեսայ, համբուրեցի զինքը, հրաշալի՜ տղան։

Անցեալ տարի էր։ Զուիցերիոյ մէջ, երբ առինք ահաւոր լուրը։ Վանի յեղափոխականութիւնը մատնուա՜ծ…։ Տարիներուն թաքուն ու ահռելի աշխատութիւնը վայրկեանի մը մէջ խորտակուա՜ծ, փլա՜ծ… ռազմական պահեստներ, թաքստոցներ, ամրութիւններ թշնամիին ձե՜ռքը… երեք հարիւր հազար փամփուշտ ու հրացան եւ ուժանակ անդառնալիօրէ՜ն գրաւուա՜ծ…։ Մատնի՞չը, յեղափոխական ներքին գործիչ մը, Դաւիթը, որ տարիներէ ի վեր արիւնով ու արցունքով շաղախուած Սուրբ-Գործը կը մատնէր, կը ծախէր 500 ոսկիի փոխարէն, Յուդայի համբոյրը…։

Չի՞ պիտի ըլլար ձեռք մը, հերոսի հուժկու ձեռք մը որ երկաթաբար մխուէր այս մատնիչին կոկորդին մէջ, ու արգիլէ՜ր զինքը շնչելէ այդ կապոյտ երկինքներուն երջանի՜կ օդը։ Պիտի ձգէի՞ն որ ան սոնքար իր տխուր փառքին վրայ։ Պիտի ապրէ՞ր, պիտի ապրէ՞ր տակաւին այդ մահունակ սողունը…։

Կը սպասէինք, արտասահմանի Հայերս. սարսափա՜ծ, դեղնա՜ծ կը սպասէինք դառնագոյն լուրերու։

-Նոր հեռագիր կա՞յ Վանէն։

-«Դրօշակ»ը դեռ չի հասա՞ւ։

Ու հասաւ, գեղեցիկ առտու մը սուրբ կապարին պայթիւնը հասաւ, ցնցեց մինչեւ մեր Ալպեաններուն ալեփառ կողը. ու հերոս Տաճատի անունը արձագանգեց Վանայ ծոցէն մինչեւ Լէմանի ափերը։

-Սպաննուեր է Դաւոն, միացա՞ք, Տաճատի մէկ գնդակէն, տասնինը տարեկան հերոսը…։

Օրուան լուրն էր ասիկա զոր ամէնքս իրարու կ՚աւետէինք ծիծաղի բառերով։

Ահաւասիկ այդ Տաճատն էր որ պիտի տեսնէի երէկ, պիտի համբուրէի զինքը, ու պատանի դիւցազնի իր ձեռքերը պիտի բռնէի իմ քաղքցիի վտիտ ձեռքերուս մէջ։

Վանէն 2 ժամ հեռու Ս. Գրիգոր վանքը 1908 Յունուար 28-ի առտուն բաւական տարօրինակ այցելութիւն մըն է որ ընդունեց։ Ընդհանրապէս մէկ քանի լուռ գործիչներ էին որ հոն կու գային երբեմն մութ առաւօտներով՝ պահեստի ինքնապաշտպանութեան զէնքերը մաքրելու, սրելու, սրբելու համար։ Անոնց մէջ էր նաեւ Դաւիթ։ Բայց ինչո՞ւ այդ առաւօտ Դաւիթ՝ փոխանակ միայնակ ու ծածուկ գալու, վաթսուն ձիաւորներու գունդով մը կը հասնէր հոն։ Վանքը ցնցուեցաւ. եղելութիւնը պարզ էր. մատնութի՜ւնը…։ Դաւիթ զինուորներու գլուխը անցած, մէկիկ-մէկիկ ցոյց կու տար թէ ո՞ր անկիւնները, ո՞ր քարերու տակ պահուած էին այն բոլոր զէնքերը՝ զորս դեռ երէկ իր ձեռքովը իսկ խնամած, սրած էր։

Յաջորդ օրը թաղէ թաղ նոր խուզարկութիւններ, նոր [1] մի՛շտ, Դաւիթի առաջնորդութեան տակ։ Ու յաջորդ օրը, ու յաջորդ օրերը, շաբաթներով։

Ժողովուրդը սարսափահար կը դիտէր թէ ինչպէ՜ս կը կողոպտէի՜ն, կը մերկացնէի՜ն զինքը իր ինքնապաշտպանութեան յետնագոյն միջոցներէն, ուժանակի խմորներէն, ու ատրճանակներէն, եւ հազարաւոր փամփուշտներէն որոնց իւրաքանչիւրը այնքան կեանք կարող էր փրկել։ Ի զուր թռուցիկ խումբեր սպառազինուած կը շրջէին քաղաքին մէջ, մահուան բարբարոս արդարութիւնը հնչեցնելու համար ուխտադրուժ Դաւոյի գանկին մէջ. ի զո՛ւր։ Դաւիթ իր խղճալի հասակը կը պարացնէր փողոցէ փողոց, տունէ տուն, միշտ ծպտուած, միշտ զօրքերէ պաշտպանուած, սարսափելի ու սարսափահար…։

Ու սարսափահա՜ր։ Որովհետեւ ո՞ր մատնիչը կրցեր է իր շրթունքներուն վրայ երջանիկներուն անվախ ու անփոյթ ժպիտը ծնցնել…։ Կառավարութիւնը իր տուած հինգ հարիւր ոսկիի հնչուն նուէրէն, իր տասնհինգ ոսկի ցկեանս ամսականէն, իր յիսնապետի աստիճանէն վերջ, հարկ տեսեր էր խոստանալու Դաւիթին որ հակառակ պարագային - անվրիպելի պարագան - երբոր մեռցնէին զինքը՝ իր հօրը պիտի յատկացուէր 4 ոսկիի ցմահ ամսական մը, այո՛, ինչո՞ւ չէ, այսպիսի արժանաւոր զաւակ մը հասցուցած ըլլալուն համար իր հայրենիքին…։

Որովհետեւ պէ՞տք է ըսել որ Դաւիթ արդէն աղօտօրէն սկսեր էր նախատեսել իր վախճանը։ Երբ Վալին կը խրախուսէր զինքը՝ պաշտպան զինուորներու թիւը աւելցնելով իր շուրջը.

-Չէ՛, - վալիս, հեկեկաց Դաւիթ, - եթէ թռչուն ալ ըլլամ, ես չպիտի ազատիմ Տէրօրի գնդակէն։

Ու իրա՛ւ։ Իրիկուն մըն էր, երբ Տաճատ նշմարեց ու ճանչցաւ զինքը թիւրքաց թաղին մէջ ոստիկանապետին հետ. Դաւիթ իր մօտ կանչեց զինքը.

-Քե՛զ դեռ երկու օր պայմանաժամ, Տաճատ, տղաս, երկու օրէն յետոյ ձերբակալել պիտի տամ քեզ ալ, ընկերնե՛րդ ալ, շղթաներու տակ, զնտաններու մէջ…։

Դաւիթ կը խօսէր. կը սպառնար, վախը սրտին մէջ, իր երկու ձեռքերը մէջքի երկու ատրճանակներուն, երբ յանկարծ կառքի արագ թաւալում մը իր գլուխը ետ դարձուց. ահա՛ այն ատեն էր որ Տաճատի ատրճանակը պայթեցաւ մատնիչին կոկորդին։

Դաւիթ ինկաւ ու կառքը թաւալեցաւ իր վիզին վրայէն։

Սարսափելի պատկեր։ Դաւիթ փռուած էր հողի վրայ, գարշելի՜, երբեմնի ազգանուէր յեղափոխականը, երէկի պժգալի մատնիչը, այսօրուան անշունչ դիակը…։ Անոր վրայ կը հսկէր Տաճատ, իր տասնինը տարիներու բոլոր առոյգ վայրագութեանց մէջ իր կոպերէն դուրս ցայտող բարբարոսի իտէանուէր աչքերով, Վրէժը անձնաւորած, արձանացուցած…։

Այսպէս սառած կանգուն մնաց Տաճատ իր զոհին առջեւ, երբ հրացանի բուռն տարափ մը սթափեցուց զինքը։ Պողպատի բերաններ շողացին, վայրագ աղաղակներու մէջ գնդակներու անձրեւ մըն էր որ կը սուլէր օդին մէջ, սսո՜ւ, սո՜ւ…։

-Մեռցուցէ՛ք, մեռցուցէ՛ք, մարդասպանը, Ալլա՜հի անունով…։

Ու եղաւ որ, անգամ մը գոնէ հայրենասէր հերոսի մը պաշտելի մարմինը չի բզկտուեր, չի յօշոտուեր, չի կոխոտուեր արիւնարբու խուժանին կողմէ, միշտ Ալլա՜հի անունով…։

Տաճատ անհաւատալի հրաշքով մըն էր կարծես որ կրցաւ ճողոպրիլ այդ կատաղութենէն, իր երկու ատրճանակներովը կրակ ու մահ սփռելով իր շուրջը։ Այսպէս խուսափած ամայի փողոցներուն մէջ, Տաճատ տեսաւ զինուոր մը որ տակաւին կը հալածէր զինքը։ Գութի, եղբայրութեան տարօրինակ փայլ մը շողաց իր արիւնոտ աչքերուն մէջ, կանգ առաւ.

-Զինուո՛ր, - ըսաւ, - ո՜վ իմ եղբայրս, ահաւասիկ կը տեսնես որ պիտի մեռցնեմ քեզի, լաւ է որ վերադառնաս, եղբայր ենք մենք…։

Հլու զինուորը թողուց որ Տաճատ կորսուի մութ փողոցներու մանուածապատին մէջ ու երբ վերադարձաւ իր հրամանատարին մօտ, վերջինը բարկաճայթ կը գոռար իրեն.

-Ինչո՞ւ ետ եկար, զինուո՛ր։

-Ինչո՞ւ առաջ չեկար, զօրապետ…։

Այսպէս Տաճատ կրցաւ ազատել ինքզինքը։ Բայց ընկերները զգացին որ ալ անկարելի էր ազատ ապրիլ Վանայ մէջ. պէտք էր հեռանալ։ Ձմրան առտու մը, երկու ձիու հրազէնով ու փամփուշտով բաւական ճամբայ ընելէ ետք Տաճատ հեռուէն տեսաւ փոթորկալի ամպերու պէս հսկայական զօրագունդերու քաղաք հասնիլը։ Ո՛չ, վատութիւն պիտի ըլլար այսպէս իր հայրենի քաղաքը թողուլ, հեռանալ։ Տաճատ վերադարձաւ Վան. հետեւեալ օրն էր որ 6000-ներու բանակը եկաւ հասաւ մեծ քաղաքին առջեւ։ Պաշարում, թնդանօթ, ռազմական պատրաստութիւն, ու սարսափ, ու ժողովուրդը տուներու մէջ բանտուած, ու փողոցները ու շուկաները ամա՜յի, ու սո՜վ, ու սո՜վ, ու սո՜վ…։

Յեղափոխականները կը փնտռուէին, Ընկերները, Ահաբեկիչնե՛րը, տունէ տուն, առաստաղներու մէջ ու քարերու տակ։ Ի՜նչ ընել։ Ահա՛ այդ վտանգալի վայրկեանին էր որ Տաճատ իր տասնութ ընկերներով իջաւ հորի մը մութ խորութիւններուն մէջ. Աստուածաշունչին խոր վիրապը։ Երեք երկար օրեր շնչեցին հոն ահի ու սարսափի մէջ, ու ցորեկը այնքան խաւար էր հոն որքան գիշերը, ու գիշերը այնքան անքուն որքան ցորեկը։ Ի զո՜ւր ջանացին փախուստի թաքուն ընդերկրեայ մը բանալ. հողը ապառաժներու կարծրութիւնը ունէր. մատերնին, եղունգներնին յոգնած էին, ուժաթափ, անօթի։ Այսպէս սակա՛յն, անշա՛րժ, ապրեցան երեք օրեր, աւելի խլրտեցան քան թէ ապրեցան, երբ յանկարծ օր մը մութին ու սարսափին մէջ, չուանի մը վտիտ իրանէն սողալ իջնալը տեսան մարդակերպ ստուերի մը…։

Դարձեալ մատնութիւն, դա՜րձեալ։

Ահաւասիկ, այդ օրէն ի վեր էր որ Տաճատ ապրիլ սկսաւ ծեծի, չտեսնուած ու չլսուած տառապանքներու, ու պողպատի ու շղթայի ու զնտանի ու անսուաղութեան Կրօնքը, այն Կրօնքը որ աւա՜ղ, մեր բոլոր ազատարար դիւցազներունը եղաւ, Ազատութեան պաշտելի ու ահաւոր Կրօնքը…։

[1908]



[1]     Անընթեռնելի