Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԱԼԻՔ ԶԱՒԵՇՏԸ

Երէկ, շոգենաւին մէջ։ Պատառ մը խօսակցութիւն՝ զոր հովը ինձ բերաւ վերնայարկի երկու տիկիններէն.

-Հայտուտը՜…։

-Չէ՜, քա, աղուոր տղայ էր։

-Ամա՜ն, ան չէ՞ որ կորսնցուց մեր թագաւորութիւնը։

Երեւակայեցի՞ք. կրցա՞ք երեւակայել։ Խօսակցութիւնը կը դառնար բաց-նամակի մը վրայ զոր իրենցմէ մէկը բռնած էր ձեռքին մէջ։ Նկարը - խօսքը մէջերնիս բաւական անճոռնի բան մը - կը ներկայացնէր Տրդատ թագաւորը։ Խօսակից տիկինները - ամօ՜թ է ըսելը - հայուհիներ էին։

Տգիտութի՞ւն թէ անզգայութիւն։ Երկուքը մէկա՛նց։ Երկաթի ու շղթայի կեանքը զոր ապրեցանք այնքա՜ն տարիներէ ի վեր, ո՛չ միայն մոռցնել տուաւ մեզի մե՛ր իսկ ազգին պատմութիւնը, այլ պատճառ եղաւ որ - դառն է խոստովանիլը - շատ անգամ մեր հոգիին ամէնէն մութ խորութիւններուն մէջ անիծենք, նզովենք մեր նախահայրերը անո՛նք որ դարերու ստրկութեան մէջէն միջոցը գտան պահելու եւ մեզի փոխանցելու հայ արիւնը։

Եգիպտոս իր անդրպատմական սփինքսին խորհուրդին մէջ կը գտնէ իր փառքերուն աստուածացումը։ Յունաստան իր երբեմնի շքեղ ոսկեդարերուն վրա՛ն է որ կը յամառի պահել իր գոյութեան արդարացումը։ Լատին զօրութիւնը դեռ հինն Հռովմայ աւերակները կը յուզէ։ Ամբողջ ազգութիւնները իրենց անցեալին մէջ կը գտնեն ապագային արտացոլումը։ Ու միայն մենք ենք, աւա՜ղ, քսան անգամ դարաւոր Հայերս, որ յօժարակամ կ՚անգիտանանք մեր դեռ երէկի պատմութիւնը…։

-Հայտո՜ւտը…։

Անի՞ն՝ ռուս Մառ մըն էր որ կը պեղէ։ Մեր լեզո՞ւն՝ գերմանացի բանասէրնե՛րը կը զբաղին անով։ Մեր ազգային հնութիւննե՞րը՝ Ս. Բեթերսպուրկի եւ Մոսկուայի արքայական թանգարանները գացէք փնտռել զանոնք։ Մեր ձեռագիր ամենարժէք մագաղաթնե՞րը. Լոնտրայի միւզէն։ Մեր Պատմութի՞ւնը. Եւրոպայի պատմաբաններու գրչին տակ…։ Ու մենք, հայերս, - ա՜խ, լալի՜ք զաւեշտը - առանց իսկ մեր Ազգային Պատմութեան այբը ճանչնալու, կ՚ելլենք ու… Ազգային Երեսփոխան կ՚ընտրուինք։

Չէ՛։ Ժամանակ է որ կարդա՛նք, ուսումնասիրենք մեր պատմութիւնը։ Հո՛ն պիտի գտնենք մեր ազգին երկու հազար տարիներու ճամբան, ու իր բոլոր զարտուղութիւնները, յետադարձութիւնները, անել ուղղութիւնները, վերելքներն ու զառիթափերը։

Այս տեղէն կը նախզգամ արդէն որ մեր սիրելի պաշտօնակիցները պոռթկալու ահագին փափաք ունին.

«Չէ՛, անբարոյականութիւն է Տրդատ թագաւորի քառթին ակնարկելը. Ազգ. Պատմութիւն չի կայ. մի միայն մէ՛կ պատմութիւն կայ, Օսմանցիակա՜ն պատմութիւնը…»։

Ո՛չ, ո՛չ։ Այն որ իր պատմութիւնը չը գիտեր, ա՛յն որ իր ազգութիւնը չի ճանչնար, այնպիսին վա՛տ քաղաքացի մըն է ու յոռի՜ Օսմանցի մը։

-Հայտո՜ւտը…։

Բերա, 18 Յուլիս 1908