Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԴՈՆԻՍԻ ՄԸ

Արշալոյսին դէմ խեփոր մը բացիր՝
Զոր ծովն ոտքիդ տակ նետեց վիհերէն:
Արշալոյսին դէմ խեփոր մը բացիր,
Կը փայլէր իր մէջ մարգրիտ մ'հոյաշէն:

Կը փայլէր իր մէջ մարգրիտ մ'հոյաշէն՝
Զոր ճակատիդ վրայ դըրիր ներդաշնակ:
Կը փայլէր իր մէջ մարգրիտ մ'հոյաշէն
Վայրի կատուի մ'աչքին հանգունակ:

Վայրի կատուի մ'աչքին հանգունակ՝
Մարգրիտն ուղիիդ լոյս տըւաւ գիշերն:
Վայրի կատուի մ'աչքին հանգունակ
Թովեց Աստղիկին բոլոր տատրակներն: