Հարճը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

–«Տե՛ս, Նազենիկ, ինչպէս դաշտն ըսպառեց ձիս վըզանուտ
Ա՜յնքան երագ՝ որ կարծես մոխիրի մէջ բոցանուտ
Սըմբակներն իր խըրուէին: Ան հպարտ է, իմ Սիրուն,
Երբ այդ մազերըդ խառնուած կը զգայ իր յորդ բաշերուն»:
  –«Ո՛վ իմ ասպետս եւ իմ քաջըս, մըտրակէ՛ անդադրում՝
Մինչեւ որ սա անիծուած Սիւնեաց սահմանը թողում:
Սարսափն է դեռ սըրտիս մէջ, բայց մէն մի դռոյթը ձիուդ
Հոգիիս մէջ կը սպաննէ երկիւղի տրոփ մը անգութ:
Ո՛վ իմ ասպետս եւ իմ քաջըս, մըտրակէ՛, անդադրում»:
Այսպէս անոնք խօսելով՝ հըրճըւանքով մ'անպատում
Կ'արշաւէին դէպ Շիրակ: Տըրդատի լայն կուրծքին վրայ
Կը հանգչեցնէր՝ հարճն ամփոփ՝ գըլուխն իբրեւ լուսընկայ.
Մերթ ոտքերն իր կը զարնէր ձիուն փորին տըղընդեր,
Մերթ Տըրդատի անութին տակէն ետեւ կը նայէր,
Հորիզոնին շըրջելով կապոյտ աչքերն՝ որոնց մէջ
Բերկըրանքներ կ'հիւսէին շողերն առէչ առ առէչ
Միշտ մեծցնելով յոյսը զուարթ՝ ծախուած ճամբուն
                                                                                         մեծութեամբ:
Շանթ կը տեղար արեգակը երկընքէն վար անամպ
Իր տօթին տակ խեղդելով կենդանութիւնը շուրջի.
Կարծես հողին մէջ դողուած ըլլար ամէն մէկ ճըճի.
Միմիայն մերթ կը լսուէր բըզզոցը թաւ զամբուռին,
Որ ա՛լ յոգնած ընդերկար հալածելէ կենդանին՝
Արշաւանքին փոշւոյն մէջ կ'անյայտանար խորամուխ:
Անոնք իրար փաթթըւած կ'ամբարտակեն սարին գլուխ:

Խուլ դըրոդիւն մ'հեռուէն եղաւ յանկարծ լըսելի,
Կարծես գետնին ընդերքէն անցնէր ամպրոպ մ'ահռելի:
Տըրդատ շրուշակը դարձուց, եւ երիվարը խոկուն
Ծամծըմելէ դադրեցաւ պահ մը լըկամը փըրփրուն:
Վարը, դէմի հովիտէն դէպի գագաթ ծառացան
Ձիաւորներ զինավառ մըրրկարշաւ ու դաժան:
Ոմանք աղեղ ունէին եւ ոմանք լախտ ու տապար,
Ոմանց տէգերն ուղղաձիգ արեգակին տակ փարփառ
Յանկարծակի սարէն վեր փայլատակներ ճայթռեցին.
Բակուր մէջտեղն էր անոնց աշտանակած ահեղ ձին.
Կու գար լուծել իշխանէն վըրէժ, պատժել հարճն անխիղճ՝
Մորթելով հոն՝ փոխանակ զայն փըրկելու աղծապիղծ,
Կոչնականները բոլոր զինուած էին արդ ի հետ.
Երէկ գինւով յըղփացած, այսօր արեան հակամէտ:
Երբ Բագոսէն վերջ որրեց զանոնք Արէսն արդընկեց՝
Հանդիսատես վատութեան յուշն հոգինին զայրագնեց:
Ըսկուտեղին արհաւիրքը սիւներուն ընդմէջէն
Յետոյ իրենց սըրտին մէջ վառեց վրէժի մը գեհեն:
Տըրդատ երկար նայեցաւ դէպի հրոսակն հալածիչ,
Աչքերէն թոյն կ'հոսէին մոլուցքի զոյգ մը կարիճ.
Գըրկին մէջ հարճը յանկարծ արձակեց ճիչ մը տրտում.
–«Ո՛վ իմ ասպետս, ողոգեց, օ՜հ, մըտրակէ՛ անդադրում.
Գերին ըլլամ քու սուրիդ, անոնց գերին մ'ըներ զիս.
Ահա տէգերն ուղղեր են միահամուռ կոկորդիս՝
Ուր համբոյրիդ տաքութիւնը դեռ, աւա՜ղ, չէ պաղեր»:
Ըսաւ: Թաղեց ասպետին ծոցին մէջ գլուխն ոսկեհեր:
Հա՞րկ էր արդեօք ճակատիլ. ո՛չ. պիտի կռիւն ունենար
Անհաւասար յաղթանակ, թէեւ վըսեր մ'հաւասար:
Ու Տըրդատէս թօթուեց սանձն երիվարին հողմասլաց,
Երկրադըղորդ թընդաց դռոյթն, փոշին ելաւ, եւ սուրաց,
Ու ըսկըսաւ հալածումն հըսկաներուն սանձարձակ:
Ողոգեց հարճը նորէն. «Ո՛վ իմ ասպետըս վրիժակ,
Ես կը տեսնեմ անութիդ տակէն զանոնք՝ որ կ'իջնեն
Բըլուրն ի վար, աչքերնին մէյ մէկ անդունդ լուսեղէն.
Հարիւր ձիեր կարկառեր են վիզերնին դէպի մեզ,
Որոնց շունչերը կ'ելլեն պինչերնէն տաք մոխրի պէս:
Օ՜, մտրակէ՛, մտրակէ՛, երբ բըռնեն զիս՝ վագրի նման
Պիտի կրծեն ոսկորներս, լակեն արիւնըս լըման»:
–«Հեղեղին մէջ մազերուդ փակէ աչքերդ, իմ Աղուոր,
Եւ կուրծքիս վրայ քընացիր օրօրումովն այս հըզօր,
Անոնք այստեղ չըհասած՝ մենք Շիրակ ենք գիրկ գըրկի»:
Ու լայնալանջ երիվարը մըտրակեց ուժգնակի:
Անցաւ խորունկ փապերէն, հեղեղատէն մեծագոգ,
Ընկըղմեցաւ խորն հովտին, ճեղքեց աւազն հրաբորբոք.
Եւ ուղղաբերձ, մեծաշունչ, համբարտակեց սարն հըսկայ
Թաւալելով հետքն ի վար ապառաժներ՝ որոնց վրայ
Լուսնանըման կուռ պայտերն իրենց դըրոշմը դըրին.
Կատարներէն լեռներուն թըռաւ նըման արծիւին՝
Ճապուռներուն մէջ որսն իր սեղմելով միշտ աւելի.
Ժայռերն ի վար խոյացաւ ջըրվէժին պէս փըրփրալի՝
Յորձանքին մէջ տանելով լերան ծաղիկ կը կարմիր
Իբրեւ դաշտին մէկ ընծան տըրուած վիհին լայնադիր:
Ու մըտրակե՜ց, մըտրակե՜ց, երբոր յանկարծ լըսուեցան
Իր ետեւէն սուլումները նետերու դաւաճան:
–«Ասպե՜տ, ասպե՜տ, մահն հասաւ մեր թիկունքէն, կը շչայ:
Օ՜, կը վախնա՜մ, կը վախնա՜մ. ուսիդ վրայէն նետ մ'ահա
Հըրախայթոց օձի պէս շըշըչալով սըլացաւ:
Վայրկեա՜ն մըն ալ եւ անոնք կու գան կ'հասնին մեծարշաւ.
Աղեղներէն լայնալիճ կարծես արիւն կը կաթի
Եւ կը ներկէ ձիերուն յորդ յորդ բաշերը կաթի:
Ասպե՜տ, ասպե՜տ, մի մատներ զիս անոնց խեռ մոլուցքին,
Ես քու գերին, ձիդ ըլլայ թող գերին քու մըտրակին»:
Այսպէս ըսաւ Նազենիկ. լալ ըսկըսաւ դառնահեծ,
Եւ Տըրդատի կուրծքին վրայ գըլուխը այնքա՛ն սեղմեց՝
Որ զրահին մէջէն իսկ կը լսէր տրոփը սըրտին:
Գանգուրներն իր հողմածուփ ձիուն բաշին կը խառնուին.
Ինք կը սարսռայ վարմն ինկած աղաւնիի մ'հանգունակ:
Սարսափելի էր տարափը նետերուն մահարձակ՝
Որոնք ջուրի նըման օդն եռանդնայորձ ճեղքելով
Կ'երթային մահը երգել փախըստական զոյգին քով:
Այն ժամանակ Տրդատէս գլուխն իր դարձուց մըրրկահեր
Եւ հեգնօրէն մըռընչեց. «Հալածեցէք, դե՛հ, գայլե՜ր,
Մինչեւ շընչատ վար կախուին ձեր լեզուները դողդոջ.
Արձակեցէ՜ք կըռնակիս ձեր ասեղները կընոջ»:
Ըսաւ. եւ նժոյգն այս անգամ խթեց այնքան ուժգնալի՝
Որ արշաւանքն եղաւ շտապ մըտածումէն աւելի:
Ահա ձո՛րն ինք կը սուզի, սարի՛ն միւսները կ'ելլեն.
Կը փայլակէ ինք սարին, անոնք ձորին խորերէն
Կը փոթորկուին: Եւ նըման զոյգ մ'ամպրոպի մոլեկան
Լեռնահարթին վրայ անգամ մ'այնքա՛ն իրար մօտեցան,
Որ պիտի շանթը ճայթէր, պիտի պոռթկար նետն արիւն՝
Եթէ Տըրդատ ըզգեցած չըլլար քեմուխտ հաստատուն:
Անոնց հանած փոշիներն իրար միացան՝ կազմելով
Հըրատապ ամպ մը խարտեաշ՝ կարծես յըղի արիւնով:
Այն ժամանակ պիտ' հազիւ արձակէր տէգն իր Բակուր՝
Որ ճեղքէ թիկն ասպետին, եւ հարճին լանջքը փըրփուր,
Երբ վիհ մ'յանկարծ դժոխորկոր լերան գըլխուն փեռեկուած
Արհաւիրքով մ'ընկըրկեց հալածողները սրընթաց:
Ճողոպրեցաւ Տըրդատէս, եւ լեռն ի վար ուղղակի
Դիմեց անտառ մը մըռայլ՝ որ սահմանն էր Շիրակի:
Բակուրի խումբը կեցաւ հառաչակուլ, ոգեսպառ,
Կատաղութեան խարոյկով ամբողջովին բոցավառ:
Ա՛լ յուսահատ՝ աղեղները պըրկեցին տըղընդեր,
Լարերն եղան լայնալիճ, անձրեւեցին փըքիններ.
Նետէ դատարկ կապարճներն եկան լեցուիլ վրէժ ու ոխ:
Հազիւ թէ ծոցն անտառին կ'ընդգգէր զոյգը փախչող՝
Բակուր իր նետը վերջին, հերձակ մ'ամբողջ ժահրաշիթ,
Արձակեց ա՜յնքան զօրեղ, թիրախին ա՜յնքան ճըշգրիտ,
Որ օձի նման շըչալով թունոտ լեզուովը սաղապ
Տըրդատէսի անութին տակէն սողոսկ անցաւ թափ,
Ու մըխուեցաւ վարձակին ծոծրակին մէջ լուսաբուխ
Եւ հոն մընաց՝ յորդառատ մազերուն մէջ խորամուխ:
Երեք անգամ սըրսըփաց զարնուած աղուոր աղաւնին,
Երեք անգամ չուզելով կարծես թողուլ իր հոգին:
Այս բանը ո՛չ Տըրդատէս նըկատեց, ո՛չ ալ Բակուր,
Իրենց անզուսպ մոլուցքին փոշիներէն դարձած կոյր.
Բնաւ չըտեսան թէ ի՛նչպէս կը փըշրուէր ու կ'իյնար
Դաշնակութեան ու գեղի աստուածակերտը գոհար.
Միայն նըժոյգը վրընջեց, ու երեք հեղ սարսըռաց
Երբ սառեցաւ փորին վրայ զարնըւող ոտքը յանկարծ: