Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՐԻԷԼ

Ո՞ր քարայրէն մութ, ո՞ր մութ խըրճիթէն
Ելաւ, չեմ գիտեր. դէմի հովիտէն
Կը վազէ կու գայ: Բիբերով հըրձիգ`
Կարծես լի դողով մը նոր եղեռնի,
Սեւ մազերն հովին, ոտքերով բոպիկ,
Ամայի դաշտին մէջտեղ կը կանգնի:
Վերածնուհին է, լեռներու` աղջիկ,
Մրըրկին պէս զօրեղ, վարդին պէս գողտրիկ,
Իր յոյնով գըծուած շըրթունքին աղու
Կայ համբոյր մ’յուռթի, արեւու քըթթում,
Եւ կ’այրի հոգին տենչով մը` տալու
Խոցելով` ծաղիկ, մահով` ըստեղծում:
Կը գոչէ. «Հերի՛ք սառոյցէ կըճեայ
Գերեզմանը ձեզ արթընցէ՛ք, ահա
Բերած եմ լազուարթ երկինք, օդ ջերմին,
Կուռ ծիծերուս մէջ ծաղկի անուններ.
Ձիւնէն դուրս, ցըցուն վիզով դէպ արփին`
Ապըստամբութի՛ւն եմ ձեզի բերեր»:
Կ’ըսէ: Իր հմայիչ գոռ ձայնէն ըսթափ`
Աղիքներն երկրին նոր կեանքով մ’հրատապ
Կը սկըսին թընդալ. եւ լուռ կը սողայ
Ակօսներուն մէջ շոգի մ’հուր, ծաւի.
Մերկ անտառներուն, մերկ բլուրներուն վրայ
Կանանչ պատմուճան մը կը ծրագըրուի:
Հոն, կանգնած գեղջուկն հիւղի թաց շեմին`
Ուր կը մնայ ձիւնէն մաս մը տակաւին`
Կ’աճռէ բըժոտ աչքն երկինք նայելով.
Գոմէշներն արբշիռ տաք հողին հոտէն
Մութ գոմերէն դուրս կարկառուն վիզով`
Աղջըկան դէմքին, գոհ, կը պոռոչեն:
Բայց Ան կը խըթէ, կու տայ կըռուփներ
Անոնց` որոնք ծոյլ կը յօրանջեն դեռ.
Ամպրոպի մ’հանգոյն կ’անցնի անտառէն.
Եւ աչքերէն բորբ, սերմի աղբիւրներ,
Կը տեղայ օդին փոշի մ’ոսկեղէն,
Հովերուն մէջ` երգ, սըրտերու մէջ` սէր:
Կոճղէզներուն մէջ եւ սըրտուկներուն
Կը մըղէ աւշի մ’ալիք մընչուն.
Կը ճեղքէ ամէն պըտուկ, բուն, դըժնիկ,
Ոստերուն ծիլ ծիլ վառելով բուծին.
Եւ իր շունչին տակ, զեփիւռ անդրանիկ,
Թուփեր կը խընկեն, կը ծաղկի նըռին:
Կը լայննայ կապոյտն, ամպեր կաթնորակ,
Իբրեւ կարաւան մ’ուղտերու ճերմակ
Կ’երթան տա՛ր աշխարհ, դանդաղ, լըրջայօն,
Ու երբ կը մընայ երկինքն ազատ` Ան
Կը լեցընէ բիւր ծիծեռնակներ հոն,
Օրհներգու մոգերն իր արարչութեան:
Յետոյ խոնջ, մըխած իր մազերուն
Վարդ մը, առջինե՛կը դեռ վարդերուն,
Կ’երթայ. Փութով մարգին մէջէ ճոխ,
Հոն վարը հանդարտ ծաղկած նըշիի
Մը լայն շուքին տակ լուռ մունջ երազող
Բանաստեղծի մ’հուր գիրկը կը հանգչի: