Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏՈՒԷՐ

Դերենիկ Ճիզմեճեանին
Ահա քղամիդդ ըզգեցար եւ ճամբորդի ցուպդ առիր.
Կը բաբախէ սիրտդ արդէն հայրենիքի կարօտէն:
Քանի մ’օրէն պիտի մեր հողն համբուրես սիրալիր.
Պիտ’ համբուրես հարսնացող քոյրդ իր անեղծ նարօտէն:
Ընկե՛ր, պատուէր մը ունիմ քու հոգիիդ յանձնելու.
Հայրենակոխ ոտքերուդ կապելու սիրտ մը ունիմ.
Ճամբուդ վըրայ, Ալիսի ջուրերուն մօտ այցելու,
Ուռինազարդ գիւղ մը կայ, նե՛րս մըտիր. ան գիւղն է իմ:
Տըղեկ մ’ուշիմ եւ բոպիկ, առաջնորդէ պիտի քեզ
Տունս հայրենի` շինուած ջինջ զով առուակի մ’եզերքին,
Որուն քիւին կը մընչեն աղաւնիներ տարփակէզ,
Եւ պատերուն երկայնքին վառ կակաչներ կը ծաղկին:

Գուցէ գըտնես դրան առջեւ մայրս ըզբաղած կըկոցին,
Եւ քովը մեր ծեր կատուն գաղջ արեւին տակ պառկած,
Կամ պարտէզն հոգ կը տանի ան մեղուաշատ փեթկնոցին,
Մեղր շինելու օրինակ տալով իր սիրտն անկասկած:

Ըսէ՛ կընկանն այդ դողդոջ, եղած արդէն մոխրագէս,
Որ իր պանդուխտ զաւակէ՜ն կու գաս` զոր ան կը պաշտէ,
Եւ մըտիր տունս հայրենի, լըւա՛յ ճակատդ արփակէզ,
Ուղեւորի քու այդ հին փոշոտ թիկնոցըդ թօթուէ:

Նըստէ տոհմիկ սեղանին առջեւ շատոնց ամայի…
Սիրակաթ մայրըս քեզի պիտ’ բերէ թա՛ն, լաւաշ հաց,
Եւ պըղպըջուն հին գինին` որ միշտ զըւարթ կը նայի
Կանանչ կուժէն` մեր հըզօր արեւուն տակ թըրծըւած:

Երբոր ճամբուն տաժանքէն բուժի հոգիդ հեղձուցիկ`
Բա՛ց տարերկրիկ յուշերուդ ծըրարն` որ քու ճոխ գանձն է,
Եւ նամակն այս` զոր կը դնեմ գօտիիդ մէջ աւասիկ,
Պանդուխտ օրերս արցունքին շիթովն համրող մօ՛րս յանձնէ:

Յանձնէ մօրս իմ եւ ըսէ` որ օրհնէ զայն իր ձեռքով.
Զայն թող օծէ իր աչքին արտօսրներովն աղօթկեր.
Եւ գըլխուն սեւ քօղ առնէ, բայց սիրտն առնէ թող կորով.
Զի, ընկե՛ր, այդ նամակին մէջ կարմիր Ուխտս եմ գըրեր: