Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ

Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական.
Հա՛րս, եղ լեցուր ճըրագին:
Պիտի դառնայ կռիւէն տըղաս յաղթական.
  Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին:

Սայլ մը կեցաւ դըրան առջեւ, հորին քով.
Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրագին:
Տըղաս կու գայ ճակատն հըպարտ դափնիով.
Հա՛րս, բե՛ր ճըրագը շեմին:

Բայց… սայլին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռցեր են…
Հա՛րս, ճրագդ ասդի՛ն երկարէ:
Հերոս տըղաս հոն զարնուա՜ծ է սըրտէն.
Ա՜խ հարս, ճըրագըդ մարէ՜…