Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԲԱՆՈՒՈՐՈՒՀԻՆ

Պատուհանիս տակէն, ամէն առաւօտ,
Ուրուականի պէս կ'անցնիս.
Եւ կուսագեղ գըլուխիդ վրայ կ'արտասուէ
Տերեւաթափ վարդենիս:

Լուռ թաղին մէջ կը լըսեմ քայլդ, ու զարթնող
Շունն՝ որ վըրադ կը հաչէ՜.
Կամ կը լըսեմ քունիս մէջէն ձայնն հազիդ՝
Որ ծոցդ աղուոր կը տանջէ:

Եւ կը խորհիմ թէ քընատ ես եւ նօթի.
Իրանդ հովէն կը դողայ.
Եւ կը նըստի գանգուրներուդ վըրայ, քո՛յր,
Եղեամն իբրեւ շափիւղայ,

Կամ մուճակներդ են պատըռտած, փողոցին
Ջուրն անոնց մէջ կը ճողփայ.
Կամ ետեւէդ շըւայտօրէն կը սուլէ
Թուրք սըրիկայ մ'անոպայ:

Եւ կը խորհիմ թէ, տան մէջ, մայրդ է հիւանդ.
Ցամքած է ձէթն ալ ճրագին.
Ու դուն կ'երթաս գործատան մէջ աշխատիլ
Լոյսին համար ու կեանքին:

Ես կը խորհի՜մ եւ խենթի պէս կը բաղձամ
Վար իջնել, քո՛յր դալկադէմ,
Քո՛վդ իջնել, համբուրել ձեռքըդ նիհար,
Եւ հըծծել. «Քեզ կը սիրեմ»:

Կը սիրեմ վիշտդ՝ որ իմ վիշտս է գերագոյն,
Կը սիրեմ կուրծքըդ քանդուած՝
Որուն մէջ դեռ կը յամառի Սէրդ երգել
Արտոյտի պէս սըրարբած:

Կը սիրեմ քու անօթութիւնդ ու ծարաւդ,
Եւ ոսկորներդ ուժասպառ.
Ես կը սիրեմ կոյս աղիքներըդ ցամքած,
Մազերուդ սուգն՝ ուսէդ վար:

Եւ ես կ'ուզեմ ամփոփել քեզ սըրտի՜ս վրայ
Տատրակի պէս տարագիր,
Տալ ուժըս քեզ, մըրցանակներըս փառքի,
Եւ ազգանունս անբասիր:

Կուրծքըս վահան ընել կուրծքիդ նըշաւակ,
Եւ քօղն ըլլալ պատիւիդ,
Կրանիթէ բազուկիս տակ պաշտպանել
Սեռըդ ու գեղդ անժըպիտ:

Կ'ուզեմ քեզ տալ ինչ որ պայքարն ինձ տըւաւ,
Ինչ որ խլեցի մարտերով.
Քեզ պըսակել արիւնիս գոյնն ունեցող
Յաղթանակիս վարդերով:

Միայն թէ դուն չըլլաս տըժգոյն ու քաղցած,
Արեւուն տակ չըհազաս,
Մօրըդ վերեւ չըմարի ճրագն, ու, ո՛վ քոյր,
Դուն գործատուն ա՛լ չերթաս: