Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՆԱՒՈՐ

Դեկտեմբերի պայծառափայլ իրիկուն.
Երկընքին տակ, ադամանդի նըման ցուրտ,
Ուղեկորոյս հովը կ'անցնի մայելով:
Վըճիտ լոյսերն աստղերուն
Արիւն կու լան սառոյցին վրայ լըճակին:
Հոգիս կառչած մըտածումի մը յամառ՝
Կը սպասէ գոց պատուհանին ետեւ լուռ…
Չեկա՜ւ. «Եւ ա՛լ պիտի չըգամ», ըսաւ ան:
Որբ շեմիս վրայ մըխիթարիչ քայլն անոր
Պիտի բընաւ չըծաղկի.
Եւ դեռ հոգիս կը սպասէ՜:
Ի՜նչ մենաւոր սենեակ, ի՜նչ կեանք մոռցըւած.
Յիշատակի մը մէջ յանկարծ կը փըղձկի
Սիրտըս տըրտում… կը փըղձկի՜…
Ըզգացումներն այսպէս կուլան մութին մէջ,
Քաղցըր, տըրտում, անյագո՜ւրդ:
Եւ կը խըմեն շրթունքներս
Արտասուքներս հոսանուտ:
Ո՜հ, ի՛նչ ցուրտ է հոս, Տէ՛ր իմ.
Հանգեր է կայծը վերջին

Կրակարանիս մէջը քամի՜ն կ'ողբերգէ:
Կը զգամ եղեամն այս թողլըքուած խուցին մէջ,
Որ մազերուս վըրայ սեւ
Ձիւնասպիտակ ծաղիկներն իր կը բանայ.
Բոլոր աստղերն, երկինքէն վար սառնաշիթ,
Օրհասական իւղն օծման
Ճակատիս վրայ կը հեղուն:

Կահերուն տակ թաքթաքուր
Ամէն վայրկեան մութն աւելի կը բարդի,
Կը տարածէ անկողինիս վրայ արդէն
Դամբանական ծածկոյթը իր սեւաշղարշ:
Ո՛հ, չեմ ուզեր, ես չեմ ուզեր այս ժամուն
Լամբարիս լոյսը մատնիչ.

Վարագոյրիս ժանեակներէն կաթկըթող
Լուսընկան բա՛ւ է ինծի:
Մարդիկներուն շըռայլօրէն տալէ վերջ
Աւիւն եւ սէր, ծաղիկներն իմ էութեան,
Գըտնել զանոնք միշտ ծանծաղ,
Գըտնել Աստուած միշտ ըսփինքս
Ոչնչութիւնը պըճնող,
Եւ հեռացուիլ այն սիրելի էակէն՝
Որուն թարթափը կոպերուն կը բաւէր
Արծարծելու համար կրակներն արիւնիս,
Միսիս ճենճերն, սըրտիս բուրվառն հոտեւան,
Հիմա, աւա՜ղ, ի՞նչ կը մընայ ալ ինծի.
Մոխի՜ր, մոխի՜ր, եւ աւերա՜կ. եւ նոյնիսկ
Խորունկ սոսկում մ'իմ իսկ անձիս նայելու:
Ո՛հ, չեմ ուզեր, ես չեմ ուզեր այս ժամուն
Լամբարիս լոյսը մատնիչ:
Երբ ա՛լ դատարկ է հոգին
Ահաւոր է տեսնել յատակը անոր:
Փլատակներուս կանգուն մնացած կատարին
Լուսնին ոսկի ծեփող մէկ շողը բա՛ւ է:
Ես չե՜մ ուզեր լամբարիս լոյսը մատնիչ.
Բայց լուսինն ալ, աւա՜ղ, լուսինն ալ ահա
Հո՛ն, դըրացի երդին ետեւ ծածկուեցաւ:
Հովը կու լայ, կը կաղկանձէ, կը թըռչի:
Կրակարանիս մէջ պաղեր է մոխիրն իսկ:
Հովը կ'ոռնայ… հովը բացաւ մեղմօրէն
Պատուհանիս փեղկը հին:
Ո՜հ, ո՜վ Տէր իմ, ո՜վ Տէր իմ,
Չայցելուած այս սենեակը ո՜րքան ցուրտ է.
Արցունք մ'ահա մարգարտի պէս սառեցաւ
Ծայրին վըրայ թարթիչիս,
Եւ սիրտըս դեռ տըրտո՜ւմ տրտո՜ւմ կը փըղձկի: