Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՍ

Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻՆ

Ֆէրրա՜րա… երբ քու ամայի
պալատներդ քար քարի վրայ չմնան՝
քերթողի մը բանտը փառքիդ մեծագոյն
տիտղոսը պիտի ըլլայ:

ԼՕՐՏ ՊԱՅՐԸՆ

–«Ըսէ՛, ծիծեռնա՛կ,
Ճանճ մը կըտուցիդ կ'երթաս ծաղկաւէտ ո՞ր այգեստաններ.
Ո՞ր աշտարակն է՝ որ գաղջ արեւու մէջ է ընկըղմեր.
Ըսէ՛, ծիծեռնա՛կ»:
  –Մետեխի բանտին պատին նորոգել կ'երթամ բոյնս ամա՝
Որուն մէջ ձի՛ւն է տեղացեր ձմեռն, ու այնտեղ հիմա
Օձ մը ծըւարած, գլուխը պոչին տակ, լուռ կը մըրափէ:
Օձի շապիկով կ'երթամ կարկըտել բոյնըս կանեփէ:
–«Ա՜խ, գընա՛, ծիծա՛ռ, երգը կըտուցիդ:
Միայնութեան մէջ մեծ Եղբայր մ'ունինք մենք հոն կալանուած.
Թեզաններն ի վար կը հոսեն թոքերն արիւն մ'անձնուրաց,
Հաց մ'են դրեր իր քով, մոխիրո՜վ թըրուն, դառնահամ բըլիթ,
Եւ կուժ մ'որուն մէջ ծըռած կ'արտասուեն մողէզներ դեղին:
Ծիծա՛ռ, շող մը տար լուսնէն՝ որ օծէ բիբերն անժըպիտ,
Երգ մ'որ ըսփոփէ հոգին՝ ուր տրոփեց հողը մայր Երկրին:
Ա՜խ, գընա՛, ծիծա՛ռ, համբոյրըս կտուցիդ»:

–«Ըսէ՛, իմ կըռո՛ւնկ,
Դէպի հորիզոն նետի պէս լսլսաքած վիզըդ բոցեղէն՝
Այսպէս ո՞ւր կ'երթաս ուրախ կրկռոցով երդիքիս վրայէն.
Ըսէ՛, իմ կըռո՛ւնկ»
  –Կովկասը լիճեր ունի՝ որոնց մէջ եղէգներ ջով ջով
Բարձըր ուռճացած արեւ կը շնչեն փրփրուն կատարով:
Ու լըքուածներու տընակներ կան հոն՝ որոնց կը բաղձան՝
Որ իրենց շեմին երգեմ, իրիկունն, երգերս ըսփոփման:
–«Ա՜խ, գընա՛, կըռո՛ւնկ, յոյսը կըտուցիդ:
Բայց բանտի մ'երդին պահ մը ամփոփէ թեւերըդ յոգնած:
Հոն Արուեստի քուրմ մը կայ՝ որ նուագեց Վիշտն համատարած
Ըստեղնաշարին վըրայ աստղերուն՝ մատերով վըճիտ:
Արդ իր գանկին ջահն արիւն կը ծեփէ պատերն Ոճրի Տան:
Կըռո՛ւնկ, պըսակ տար իր ջախջախ քնարին սա ճիւղը փըթիթ
Զոր մենք ամենքնիս օծանեցինք մեր ողբովն յաւիտեան:
Ա՜խ, գընա՛, կըռո՛ւնկ, արցունքըս կտուցիդ»:

–«Ըսէ՛, արագի՛լ,
Գորտ մը, զմրուխտի նըման, բերնիդ մէջ դէպ ո՞ւր կու տաս խոյս.
Ուրտե՞ղ օգոստոսն իրենց փոսերէն իժերն հանեց դուրս,
Ըսէ՛, արագի՛լ»:
–Հեռո՜ւն, կը տեսնեմ գլուխներն ադամանդ լեռներուն Կավկաս՝
Որոնց կողերէն ձորերը կ'հոսի արեւն հըրամազ:
Գարունն է պճներ հոն հարսի նըման բարտի մը վըսեմ.
Իր սօսափիւնին մէջ բոյնս ուռիով ես պիտի հիւսեմ:
–«Ա՜խ, գնա՛, արագի՛լ, կարօտը կտուցիդ:
Հոն կապանքի տակ Հայրենիքն ունի հանճար մ'ողջակէզ:
Գրիչը մատերուն մէջ խորտակեցին ճառագայթի պէս:
Արագի՛լ, վրայէդ փետուր մը ձգէ, բանտն իր մահառիթ՝
Ուր ան օրէ օր իր գերեզմանին համար կ'հասուննայ:
Ի՜նչ փոյթ թէ խլուած փետուրէն՝ թեւդ այդ արիւնի շիթ շիթ.
Անով յաղթանակն ան պիտի գըրէ իր Ուխտին հըսկայ:
Ա՛խ, գնա՛, արագի՛լ, սիրտըս կըտուցիդ»:

–«Ըսէ՛, խրո՛խտ բազէ.
Ճեղքելով անտառը կայծակներուն, ամպերուն խորէն,
Ի՞նչ կատարի վրայ կ'երթաս քըթվըտել պորտըդ լուսեղէն.
Ըսէ՛, խրո՛խտ բազէ»:
  –Ռուս հորիզոնէն գաղթող մրրիկներն ինձ հոտը բերին,
Հոտ դիակներու, հունտերը կարմիր բեղուն ժանտախտին:
Հըզօր թռիչներէս վար գաղջ արիւններ ես անձրեւելով՝
Կ'երթամ արածիլ մարդկային բիբերն ու սիրտերն համով:
–«Ա՜խ, գընա՛, բազէ՛, կայծակը կտուցիդ…
Բայց մեռելներն այդ՝ զոհերն են լոյսի. անոնց մի՛ դըպչիր.
Սիրտեր՝ որ վրէժէն չեն գիտեր պաղիլ. անոնց մի՛ դըպչիր:
Այլ այնտեղ Պայքարն Առաքեալ մ'ունի բանտին մէջ կրանիթ.
Թեւերովդ հուժկու զա՛րկ, փըշրէ՛ խախամն իր լուսամուտին,
Եւ շանթը կտուցիդ՝ Յոյսն երգէ՛՝ թառած իր ուսին վըճիտ:
Ըսէ՛ թէ շուտով մենք պիտի կանգնենք արձանն իր փառքին:
Ա՜խ, գընա՛, բազէ՛, դափնի՜ մը կտուցիդ»: