Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Խոժո՛ռ գիրքեր, մե՛ծ գիրքեր,
Ահա ճակատըս այսօր ձեր էջերէն
Վեր կ՚առնեմ, դէպի արե՜ւն,
Ու կ՚անիծեմ րաբունօրէն բոլորնիդ…
Բայց երկնային շողն ինչո՞ւ
Յանկարծակի աչքերուս մէջ կը սառի։
Եւ քայլերս այս, որ գիտութեան կրանիդէ
Ապառաժէն վերամբառնալ իշխեցին,
Մարգերուն վրայ ինչո՞ւ համար կը դողան։
Ո՛վ խաբեբայ գիրքե՛ր, գիրքե՛ր մահաբոյր,
Ես կը տեսնեմ որ ինծի
Ոչի՛նչ տըւիք, առիք ամէ՛ն բան ինծմէ,
Առիք գարունս եւ գարունն իմ հասակիս,
Առիք վարդերը ճակտիս՝
Ձեր էջերուն մէջ դալկօրէն թափթըփած.
Եւ ջընջեցիք Աստուածս՝ որուն հաւատալն
Եթէ իրաւ պատրանք է
Սակայն ո՛չ կեանքն, այլ Մահուան
Ճըշմարտութիւնն է պատըրուողը միայն։
Այսօր ահա, գըրկած նոճի մը տըրտում,
Գերեզմա՜նն եմ իմ սըրտիս՝
Որ իր թոյնով թունաւորուած զերդ կարիճ՝
Այրեցաւ իր իսկ կրակէն։
Հանդէսներու խընծիղներուն դէմ փակուած
Պատուհանէս՝ չանցա՜ւ զեփիւռն Ապրիլին։
Արշալոյսներն երգեցին
Եւ սըրսկեցին մարգրիտներ,
Հարսնեւորները, թըմբուկով, ջահակիր,
Դընելով պսակ մը շեմիս՝
Տանս առջեւէն կաքաւեցին ու անցան։
Դուռըս փա՛կ էր, մընաց փա՛կ,
Դամբարանի մը նըման՝
Ուր հէգ մեռելը պառկած
Լըռութեան մէջ կը ծիւրի։
Ես ծիւրեցայ… ո՜վ խօլութիւն մարդկային…
Որ մարմինիս կաթիլներովը լեցնեմ
Հոգւոյս բաժակը լուսեղ։
Եւ այսօր որ, աւանդական ժամուն հետ,
Եկաւ Աղջիկն ըսպասուած
Ծըռիլ ուսէս, եւ գիրքիս վրայ ինձ ժըպտիլ,
Շըրթներուս վրայ մեռա՜ծ է
Վաղանցաւոր կեանքիս համբոյրը արդէն,
Համբոյրն՝ որ հեշտ նախերգն է
Իմաստնագոյն կեանքերուն,
Եւ վերցնելու համար, վայրկեա՜ն մը գոնէ,
Ձեռքն իր քընքոյշ, բայց ծանրացած՝ գարունով,
Իմ ձեռքս է տկա՜ր, դողդոջո՜ւն…
Եւ - ո՛վ վիճակ ահռելի -
Սիրտըս ծովուն ափին լըքուած խեփորն է՝
Որուն մէջի կենդանին
Արդէն մեռա՜ծ է շատոնց։