Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ

Պիտի մեկնիս։ Սեւ պարեգօ՛տդ ես հագած.
Ներքեւ քու այդ բաղեղնազարդ փեղոյրին
Դուն կը թըւիս զոհ մը ինծի՝ բարձրացած
Մարմարակերտ բագինին։

Զո՜ւր յուսացի օծումն հոգւոյդ սիրահալ.
Դուն փափկութիւնը չունեցար կիներուն.
Մատերդ հինայ չըներկեցիր, եւ ոչ ալ
Հաւերուն կուտ տըւիր դուն։

Միշտ սերտեցիր Մարգարէներն ռահվիրայ
Քու կուսական գիշերներուդ մէջ արդար.
Եւ Բրիւտոմի եղեռնաբոյր գանկին վրայ
Գարուններով թուխս նըստար։

Դուն կըկեցիր դաւեր եւ ռումբ շաղուեցիր.
Գաղափարի հուրե՛րն աչքէդ բըղխեցան.
Սեւ գանգուրներդ, ուսերուդ վրայ ցանուցիր,
Եղան դրօշակը Մահուան։

Ռունգերըդ արդ կը բաբախեն բոցանուտ
Հորիզոնին դէպի հովերը անհուն.
Կը փըրփըրի մարմինիդ մէջ կենեղուտ
Հըրդեհն հըզօր գահերուն։

Բո՞ց կը տանիս պալատներուն՝ թէ ժանտախտ…
Ծըրարուեր են շանթեր սըրտիդ մէջ խորով.
Օրէնքներուն, թագերուն վրայ ձեռքդ է լա՛խտ,
Գիրգ ձեռքըդ՝ լի վարդերով։

Հակառակ իմ տարփանքներուս կ՚երթաս դու։
Զո՜ւր տեղ ըզքեզ խնդրեցի հարսն իմ հիւղին.
Սիրտդ է պըտուղ մը նըռնագեղ՝ որ կ՚հեղու
Թո՜յն՝ ափին մէջ բացողին։

Գընա՜, եւ ես թող միամիտ հաւատամ
Թէ պիտ՚ դընեմ օր մը գլուխիդ պըսակներ,
Եւ ռումբը սա՝ զոր յիշատակ քեզ կու տամ՝
Օր մը Աշխա՜րհն է ջահեր։