Դիւցազնավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՎԻՒԸ

Ա. Ահարոնեանին

Ա

Տարին անգամ մը միայն իր հօտին հետ գիւղ կու գար`
Երբ ձիւնաբեր հովն արդէն խոտերուն կեանքը տըկար
Լեռներուն վրայ խըմած էր: Խաշինքին էջքն հազիւ հազ
Կը տեսնէի` սարն ի վար, ես դեռ տըղայ, վազն ի վազ
Դիմաւորել կ’երթայի հովիւն` որ պապս էր թիկնեղ:
Կը գըրկէր զիս, իշուկին կը նըստեցնէր, ու մէկտեղ
Կը մտնէինք գիւղին մէջ, երբ իրիկուան աղօթքին
Կոչնակն ընդհատ կը հընչէր ծառերուն մէջ զովագին:
Օ՛հ, վերադարձն ի՜նչ քաղցր է երդիքին տակ գեղջական
Ոչխարներուն` բեռնաւոր բարիքներով նուիրական:
Զերդ փըրփրուն գետ դէպի գոմ փողոցն ի վար կ’հոսէին`
Դըրած մէկը դունչը գիրգ` կըռնակին վրայ միւսին.
Խըրոխտ խոյերն ունէին ձիւնահիւսի պէս դըմակ.
Մաքիներուն լուսակիզ բուրդն ապըրշում էր համակ.
Մացառներէն վիրաւոր կաթնեղ ծիծերն այծերուն
Կը սըղմէին հազիւ հազ իրենց ազդրին մէջ բեղուն:
Դեռ մօտակայ գետակէն չանցած` արդէն կը լեցուէր
Գիւղը ամբողջ մայիւնով եւ բոյրերով լեռնաբեր:
Երբ առջեւէն կ’հաջէին գոռ գամփըռները հօտին`
Գեղջուկ տըղաք սըրտաթունդ տունն իրենց խոյս կու տային,
Եւ հէգ պառաւ մը վիզով կըրիայի թեփաթափ
Մըրթմըրթալով կը փակէր խըրճիթին դուռն հապըշտապ:
Կու գար հովիւն ետեւէն: Կը հնազանդէր խաշինքն ողջ
Ցուպին` կիսովն իր օծուած դեղին տիղմով մը ամբողջ:
Գըլխուն ունէր փռիւգական գըլխարկ մը գորշ թաղիքէ`
Ուր մըխած էր կապուտակ փունջ մը նարգիս ծաղիկէ.
Կարճ թեզանով սեւ արջու մորթէ հագուստը երկար
Ձըգած էր ձախ ուսն ի վար` որուն տակ իր պարկը կար:
Այսպէս հըսկայ եւ վըսեմ` խընկելով մէ՛ն մի քայլին`
Բարբարոս հոտ մ’ուղխերու եւ կոյս բոյրեր լեռնային`
Կը մըտնէր բակն: Համբոյրով մը վար կ’առնէր զիս էշէն,
Համբո՜յր մ’որուն մէջ հոգիս կ’ըմպէր բնութիւնն հոյաշէն:

Բ

Ձըմեռն ահա…
Թոնրատունն անդորրութի՜ւն կը տիրէր,
Անդորրութի՜ւն նաեւ տաք գոմին մէջ տանն առընթեր`
Ուրկէ միայն մեզ կու գար հօտին շըշուկն որոճման,
Կամ գառնուկն իր ծընանող ոչխարի ձայն մը դաժան:
Քաջ ծերունին կը կախէր պարկն իր դիմաց պատն ի վար`
Ուրկէ օթեկ պանիրի կը տարածուի հոտ մ’ըստուար:
Անդին կատուն մերթ պըրծած իմ ձեռքերէս չարչըրկող`
Անոր տրեխները մեծղի կ’երթար լիզել գաղտագող,
Որոնց վըրայ կ’ըլլային շատ հեղ չորցած արիւններ
Մարդագայլի կամ գայլի` զոր ան յաղթած, մորթած էր:
Իսկ նըստած մայրըս թոնրին քով կ’աղօթէր սուրբերուն,
Մերթ մրափելով, մերթ ալ խաչ հանելով դէմքը սարսռուն`
Երբ հովն հեռուն լերան վրայ թաւալ տալով ձեան հիւսեր`
Կու գար ոռնալ երդին վրայ եւ բուխերիկը սարսել:
Այն ատեն ես կ’ըսէի դըւարածին ալեւոր.
-»Պապո՛յ, պատմէ. լեռներու կ’ուզեմ հեքիաթ մը աղուոր»:
Կու տար համբոյր մը ճակտիս, յետոյ ձայնով սիրամած`
Որուն մէջ դաշը սիւքին ամպրոպին բամբն էր մեղմած`
-»Ա՜խ, թոռնիկդ իմ, կ’ըսէր ան, լեռներո՜ւն վրայ, լեռներո՜ւն
(Մեծցիր դեռ քիչ մ’ու քեզ ալ պիտի տանիմ հոն հեռո՜ւն`
Որ իմ տըկճորըս զարնես) լեռներուն վրայ պապական
Ծեր հովիւին վէպն է շատ եւ իր թոռին շահեկան»:
Ու կը սկսէր պատմութիւնն` որ գրեթէ միշտ ա՛յն պահուն
Կը լըմըննար, երբ ճրագին կը սպառէր ձէթը պլպլուն…
Դուք տեսա՞ծ էք հայրենի լեռները մեր խրոխտապանծ
Պսակուած` ամպի մէջ բուսնող անտառներով անթափանց`
Զոր կը յօտեն լոկ շանթերն, ու լոկ հեղեղը դեղին
Յօտուած ծառերը մինչեւ կը բերէ մօտը գիւղին.
Դուք տեսա՞ծ էք կիրճերու խորն անձաւներ` որոնց մէջ
Կ’ապրին (կ’ըսեն) ջատուկներ կըթելով էգ գայլ մ’անվերջ,
Եւ որոնք մերթ լուսնին տակ երգելով երգ մ’հրապուրիչ`
Վա՛ր կը կանչեն սարին վրայ նըստող կովարծը կըտրիճ.
Դուք տեսա՞ծ էք մարգագեղ անծայրածիր արօտներ`
Ուր գառնուկներ կ’արածին թիթեռներու առընթեր,
Ուր կը սահի արեււն միահեծան փառքին տակ
Գետակ մը ջինջ` կաթի պէս, եւ եղկ անոր հանգունակ.
Դուք տեսա՞ծ էք փոթորկէն վերջ (երբ փայլակը հեռուն
Դեռ կը խաղայ` ցոյց տալով մերթ արեւն ծոցն ամպերուն)
Նըստած հովիւն իրիկուան դէմ փարախին քով` անհոգ`
Կը չորցընէ շանթահար կաղնիին դէմ հրաբորբոք
Իր թաղիքէ տառատոկն անձրեւին տակ ծանրացած,
Կամ կը հիւսէ տըրեխներ մացառներէն քըճքըճած.
Դուք տեսա՞ծ էք կամ ինչպէս ան կը մորթէ այծ մը յոյր
(Որուն արիւնը կ’հոսի ձար մօրուքէն մամռաբոյր)
Եւ շամբրելով զայն կրակին վրայ կը դարձնէ, իբրեւ ճաշ,
Թողլով որ քաղցր հոտն ընէ շուրջի գայլերն հալումաշ.
Կամ տեսա՞ծ էք կեռակտուց անգըղ մ’ահէ որ խըլած
Մորթը քերթուած նոյն այծին` կ’ելլէ երկինք վերասլաց.
Ահաւասիկ այս բոլորն, այս պատկերները խուժդուժ
Իր հեքիաթներն էին, նախ` երգուած սըրտի՛ն մէջ անուշ:
Կը լըսէի ես զանոնք սեւեռած խորն աչքերուն`
Ուր միշտ հոգի՛ն կը խօսէր` իր լըռութեանը պահուն:
Ան իր սըրտին մէջ սուրբ էր, բազուկներովը` հերոս,
Մեր ցեղին պէս միշտ բարի, մերթ նենգ ու մերթ բարբարոս:
Կը զմայլէի ժամերով հասակին վրայ, վեհ պատկեր,
Որ Օլիմբեան աստուածի մը կաղապարն էր հագեր.
Կը տեսնուէին ճակտին վրայ եւ ծոցին մէջ թըխագոյն
Խածած տեղերն յուլիսեան ոսկէատամ արեւուն.
Հովին, տօթին տակ թըրծուած կուրծքը հընոց մ’էր երաշտ
Նըման անոր` որուն մէջ պապերը մեր կըռապաշտ
Իրենց ազնիւ նըւէրներն աստուածներուն կ’այրէին:
Կը թորէին յօնքերէն առատ բոյրեր լեռնային:
Մինչ իմ հոգիս այդ հզօր մարդուն ձայնին օրօրով
Կը մեծնար ինչպէ՛ս եղէգ մ’ամպրոպին մէջ երգելով,
Մինչ կ’անցնէինք գիշերներն յիշատակովն իր կեանքին,
Եւ սիրտս իր խօսքը կ’ըմպէր` բոցն ինչպէս ձէթը ճրագին,
Դուրսը քամին կը թըռչէր, լեղապատառ կը ճըչար,
Եւ վերն երգին վրայ նըստած եւ ձիւներուն մէջ պայծառ`
Շուները մեր կ’ոռնային գայլի մը կուշտ, տըղընդեր,
Որ դիմացի ըսպիտակ սարալանջին կ’ոստոստէր…

Գ

Գարունն ահա…
Մեր երդին ջորդաններէն` ուր հըլու
Աղաւնիներ իրենց ջուրը կու գային խըմելու`
Ձիւներն հալած` կ’հոսէին դըրանը քով խոխոջուն.
Ժայռէն հեղեղը կ’իջնէր արեւուն տակ պաղպաջուն.
Գետը (կարծես ոսկեղէն հանքէ բըխած) ընդհոլով
Կը տարածուէր` դեղնորակ` գիւղին առջեւ մռընչելով.
Իրենց կանանչ քօղերուն մէջէն մեղմիկ արթընցած
Բըլուրներէն, դաշտերէն երբ կու գար սիւքն յամրընթաց
Մեր տընակին բանալ դուռն, հովիւն ընդոստ կը կանգնէր.
Հողին հոտն իր առնական լայն ռունգերուն դըպած էր,
Հողին հեշտ հո՜տը` նըման բեղուն հարսի մը մարմնոյն
Գաղջ բուրումին` որ նեկտա՛ր է փեսային ցընծամոյն:
Չունի տընակը հաճոյք, չունի թոնիրը հեշտանք`
Երբ մարդ սըրտին մէջ կը զգայ գարնան երգին արձագանգ:
Կու գար բնութեան բոցերուն ջահը բռընկիլ յեղակարծ
Լերան կարօտ այդ հովուին թարթիչներուն տակ արծարծ:
Կ’առնէր թիկնոցը ուսին, կ’առնէր տըկճորն` որուն մէջ
Տիեզերքին սիրտն ամբողջ պիտի առնէր ելեւէջ,
Եւ կ’ըսէր մօրըս. «Մարօ՛, պարկիս մէջ դիր պանիր, հաց,
Եւ ցուպը տուր. լեռ կ’ելլեմ. ա՛լ փարախին դուռը բաց»:
Ու կը մեկնէր գոհունակ: Կը տեսնէի դիմացի
Կանանչ սարէն բարձրանալն հօտին` որ լուռ կ’արածի:
Ուրախ էին ոչխարներն, էշն ալ ուրախ կը թըւէր,
Եւ ընչապտուկ շուներն ալ` տընկած ցռուկնին դէպի վեր`
Կը հաջէին վեհ արծուի մ’օդը վերէն վար հերձող,
Կը լափէին մերթ կանանչ ճանճ մ’արեւուն մէջ թըռչող:
Այն ժամանակ - ո՜վ սըրտիս անմահական յիշատակ -
Ծեր հովիւին ետեւէն կը վազէի ես շիտակ
Ու թիկնոցին թեզանէն բըռնած. «Պապո՜յ, պապո՜յ ճան,
Զիս մէկտեղ տար, կ’ըսէի, հովիտներուն մէջ շուշան
Քաղել կ’ուզեմ, կ’ուզեմ ես քովըդ խաղալ սարին վրայ»:
-»Դեռ փոքրիկ ես, կ’ըսէր ան, կէս ճամբան շունչըդ կ’հեւայ.
Ժայռին ծայրէն անցնելուն մըրրիկը քեզ կը տանի»:
Եւ մեծաքայլ կ’անհետէր սարին ետեւ գեղանի…
Ըսկըծանքս լալով ետ կը դառնայի մենակեաց.
Բայց հովն արցունքըս սըրբած կ’ըլլար ես գիւղ չըմըտած.
Եւ երբոր տուն կ’հասնէի` մոռցած էի պապս արդէն.
Կա՛մ մօրըս փունջ մը ծաղիկ բերած էի հետս արտէն,
Կա՛մ ունէի ափիս մէջ թիթեռնիկներ նահատակ.
-Ո՜վ արդ ցամքած իմ սըրտիս անմահական յիշատակ:

Դ

Օր մ’ալ եկաւ ան դարձեալ, աշնան օր մ’էր չարաշուք.
Արեւն հիւանդ կ’օրհասէր գիւղին ետեւ անշըշուկ.
Ծառերուն մէջ չէր լըսուեր կոչնակին ձայնն անուշակ.
Ծուխն երգերէն չէր ելլեր, չըկար կալին մէջ մըշակ:
Երբ գիւղ մըտաւ ծեր հովիւն` ըզգաց սարսուռ մ’ահաւոր,
Կարծես քալէր ամայի դամբարանի մը մէջ խոր:
Տըղաք փողոցը ինչո՞ւ չէին խաղար այն օր վէգ.
Ինչո՞ւ շեմին վրայ նըստած չէր աղօթեր պառաւն հէգ:
Հովիւը դեռ քիչ մ’անդին տեսաւ տուներ աւերակ,
Դուռը կոտրած խրճիթներ` ուր ո՛չ ձայն կար, ո՛չ կըրակ.
Տեսաւ մարագ մը այրած` որուն պատին վրայ մըրոտ
Պառկած հոգին կը փըչէր անտէր կատու մը բորոտ:
Տեսա՜ւ զասոնք, ու մինչեւ ոսկըրներուն ծուծը ան
Համակուեցաւ տըխրութեամբ, դողաց նոճի մը նըման:
Կարծես անցաւ բնազդօրէն հօտին մէջ իսկ բովանդակ
Ոչխարներուն գըլուխներն հակող սարսուռ մ’ընդարձակ:
Շուներն երեք հեղ հովուին երեսն ի վեր նայեցան,
Սակայն ոչինչ չհասկըցած` երեք անգամ ողբաձայն
Լըռութեան մէջ ոռնացին, մահաշըշուկ փորելով
Արիւնազանգ հողն` իրենց վերջի հըզօր ոտքերով.
Ծերը հասաւ տան առջեւ. իբրեւ սուգի նըշանակ
Հանեց նետեց գըլխարկէն դըրած փունջն իր մանիշակ,
Վըրա՛ն կոխեց ու մտաւ…
Մեր տնակն այն իրիկուն
Ըստուերի մէջ թաթախուած` դատարկ այրի մ’էր հանգոյն.
Խահի արծաթ ըսպասներն որմին չէին շողշողար.
Հընձանը ո՛չ գինի կար եւ ո՛չ արկղին մէջ գոհար,
Ճըրագին ձէթն, Յո՜յսն յարկին` խաղաղութեան մէջ ծաղկող,
Հոն յատակի՛ն թափած էր դըժոխային ձեռք մը գող:
Մայրս այնտեղ էր, թոնրատան մըթարին մէջ մենակեաց.
Մազերն ըսփիւռ խուփին շուրջ եւ երեսի վրայ ինկած`
Խեղդուկ կու լար, արցունքն իր կարծես սըրտէ՜ն կը բըխէ՜ր
Թոնիրն այն օր չէ՜ր վառուած: Գընաց հովիւն ալեհեր
Սովորական իր տեղն հոն նըստաւ առանց խօսելու:
Միշտ աստղերու աւազան իր աչքերուն լոյսն աղու
Կը փոխուէր թուխ բոցի մ’հոծ թարթիչներովն հըրահրուն:
Երկար ատեն մընաց լուռ նայուածքը դրան սեւեռուն:
Պայծառ հոգին հասկըցաւ, լոյս ճակատն իր մըթընցաւ.
Ըրեր էին մարդ-գայլերն իր շէն տընակը անձաւ:
Կամաց կամաց ըսկըսաւ ըղեղին մէջ արթըննալ
Սեւ մըտածում մ’իր փոսէն ելլող զերդ օձ մը ծալ ծալ:
Խաղաղութիւնն հոգւոյն մէջ ալեծըփանք մը կ’երկնէր.
Ճակատին վրայ բիւր ծալքեր, ծալքերուն մէջ սոսկումներ
Իրարու վրայ դիզուեցան քօղի մը տակ լըռութեան,
Քօղ մը` զոր հուսկ որոշում մ’եկաւ պատռել յաղթական.
Եւ ան մռունչով մը ահեղ վեր խոյացաւ իր տեղէն`
Փոթորկելով ուսին վրայ գանգուրներն իր ձիւնեղէն.
Բոցն աչքերուն տունն ամբողջ լոյսերու մէջ կ’ողողէր.
Ան նըման էր հեռուէն եկող մըրրկին սեւահեռ`
Որ կը սըփռէ շուրջը նախ մութ անդորրանք մը խորունկ`
Իբրեւ մտածմամբ մը յըղի ըլլար ամէն քար ու տունկ.
Յետոյ մինչեւ ձորերուն մէջ կ’իջնէ մռայլ քայլերով`
Ծառերուն գլուխը դանդա՜ղ խորախորհո՜ւրդ շարժելով.
Գոյներ կ’առնէ նարինջի, մեղեսիկի, յակինթի,
Եւ վերջապէս օդին մէջ անձրեւաթափ կը ճայթի.
Որոտը միշտ մըրմռալով կ’երթայ զերդ քարբ գալարուն
Ջախջախելու կրանիտները շըրջակայ լեռներուն.
Եւ վեհութիւնն այս ցասկոտ ա՛լ կը սկըսի պըսակուիլ
Կայծակներու շողշողուն նարօտներով հրատեսիլ:
Այսպէս եղաւ հովիւն ալ: «Մարօ՛, Մարօ՛, գոռաց ան,
Դուստըր, կանգնէ՜. հայրենի տանն ու գիւղի՛ն ես ղուրպան:
Ղըզըլպաշներն էին, չէ՞, միշտ այդ շուներն անուղղայ`
Որ օճախս այս մարեցին. թափի՛ մոխիրն իրենց վրայ…
Դուստըր, կանգնէ՜. պարկըս տուր` զոր նետեցի շեմին մօտ,
Բայց մէջը ո՛չ պանիր դիր, ո՛չ հաց. լեցուր լոկ վառօդ.
Դուստըր, կանգնէ՜, բայց մի՛ տար հովուական ցուպս անվտանգ
Որ լոկ հօտիս կ’ազդէ վախ, եւ շուներուս պատկառանք,
Հրացանը՜ս տուր այս անգամ` զոր գոմին վրայ, գաղտնափակ,
Ձեղնայարկէն կախեր եմ Քըրիստոսի խաչին տակ:
Ես լեռ կ’ելլեմ. ա՛լ կ’ուզեմ ըլլալ հովիւ գայլերու.
Ժանիքի դէմ ես ժանիք, թաթի դէմ թաթ վրիժառու.
Թող այդ թուրքերը գիտնան` որ խաշնարածն այս երկրին
Պիտ’ չըթողու որ հանգիստ ուտեն խըլած ոսկորնին:
Ա՛լ կարգն իմս է` որ իջնեմ սարն ի վար ձեռքս հըրազէն
Տըւած կաթիս փոխն առնել իրենց սըրտին արիւնէն»:
Այսպէս ըսաւ: Ու երբ իր ուզածն առաւ, ան առանց
Ողջոյն տալու իր հօտին, կամ լըսելու մօրս թախանձ,
Դուրս խոյացաւ հապըշտապ. բայց ես նորէն անդադար
Իր ետեւէն կանչեցի. «Պապո՜յ, պապո՜յ, զիս ալ տար»:
Ետեւ դարձաւ այս անգամ, նայեցաւ հեղ մ’հասակիս.
Այլեւս հըզօր էր բազուկս, ու բոցերու մէջ հոգիս.
Խոյանքներու հասունացած կորիւն մ’էի պընդացեալ:
Ձեռքէս բըռնեց ու մէկտեղ ելանք սարէն յաղթաքայլ:
Վրէժը մեզի սնունդ տըւաւ, մահն եղաւ մեզ դաշնակից.
Եւ ձորերուն մէջ մերին, լեռներուն վրայ ծաղկալից,
Ան ծեր հերոս մը եղաւ, եղայ աշուղ մ’ես փոքրիկ
Եւ իր փառքերն երգեցի իր տըկճորովը գողտրիկ: