Դիւցազնավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՄԷՆՈՒՀԻՆ

Արշակ Չօպանեանին

Ա

Այս առաւօտ իր բանակով Շահ Աբբաս
Զերդ վագրերու հովիւ մ’անցաւ գետն Արազ:
Մըտրակելով ալիքներուն մէջէ ան
Իր հետ անցուց աւար մը բիւր Հայերու`
Որոնց կէսին դիակներն հեղձ լաստ եղան
Միւս կէսին համար ափունքն հասնելու:

Հիմա գետին ընդդիմակաց եզերքին
Զօրքը կանգներ է վըրաններն ըսպիտակ`
Որոնք թըւին պիտի հեռուէն նայողին
Արագիլներ որսերն իրենց թեւին տակ:
Պահապաններ շուրջն ի դէտ կան Թուրքին սէգ.
Ջուրն է պատուար եւ փապարները հայեկ:

Կ’իջնէ արեւն լերան ետեւ, ամէն ոք
Իր արիւնոտ կապուտն ըրած բարձ իրեն`
Արդէն կ’հանգչի վըրաններուն տակ անհոգ:
Իսկ գերիներն, անքուն, լըռիկ կ’արտասուեն.
Բիբերն անոնց վիշտն եթէ նո՜յն իսկ փակէ,
Սակայն հոգին միշտ լալու բա՛ց կը ձըգէ:

Բ

Մէկը միայն չունի արցունք եւ ոչ քուն.
Աշտանակած ձին երբուծով կաթնագոյն
Գետեզերքին վրայ կը սպասէ առանձին:
Հըրդեհելով նայուածքն յօնքերը թաւուտ,
Կը յառի շեշտ դէմի կանանչ հովիտին`
Ուր շոճերուն ետեւ արփին մայրամուտ

Կը հոսեցնէ երկնքի լալն ու ոսկին:
…Ան վըսեմ է, ահեղ, զերդ ա՛նգըղ մ’որուն
Կեռ կըտուցէն կը կաթկըթի տակաւին
Արիւնն որսին: Մօրուքին տակ ծըփծըփո՛ւն,
Զոր հովը մերթ ձիուն բաշին կը խառնէ,
Լանջքը` պատեան տիտռան, սիրտն իր` վագրի է:

Աբբասն է ան. Շահ Թահմազի թոռը շահ.
Այսօր ահա իբրեւ հրեշտակ կը շողայ
Արեգակն իր ճակատին, Լուսինն իր ձիուն.
Այսօր յաղթուած Երեւանի, Դավրէժի
Պարիսպներուն վըրայ մտքովն իր կանգուն
Կը սպասէ ո՛վ գիտէ ի՛նչ նոր բալիշի:

Ո՛վ Փատիշահ, հա՛պա դարձիր, դարձիր քու
Վըրաններուդ լի գանձերով պատուական.
Եւ յաղթութեանդ սա օրը, դե՛հ, հագուէ՛ դու
Հայաստանի դիպակն, ոսկին, շափիւղան,
Ու մեր գինւոյն, մեր արեան մէջ, անտարբեր,
Մօրուքդ հինայ դիր եօթն օր եօ՛թը գիշեր:
Բայց խոյր կապել չես ուզեր այն դափնիով`
Զոր խոնարհած ճակատներէ ես քաղեր:
Երբ երիվարըդ անհանգիստ դափրելով
Կը փըշրէ տա՛կըդ բըզէզներն ու խիճեր,
Ո՛վ Շահ, ըսէ, անյագ աչքով դուն այսպէս
Արեգակէն, լեռներէն ի՞նչ կը սպասես:
 
-Կը սպասեմ իմ գեղագանգուր Աւարիս`
Զոր բերի հետս հովիտներէն արամեան:
Թող ըլլան գինդ ականջներուն հարճերուս
Մարգարիտներն Հայաստանի. թող ըլլան
Իշխաններու խլաներն ըստար ձիերուս.
Ես կը սպասեմ գեղագանգուր Աւարիս:

Արմէնուհի մ’է ան, աղջիկ Մելիքի
Մ’որուն բերդն հին զօրքերս ըրին գոմ մ’աւեր:
Երբ ձորէ ձոր այդ գեղուհին քաջազգի
Կ’որսար եղնիկ` որսացի զինքն ես անվէր:
Չըտեսաւ ան հըրդեհն իրենց դըղեակին,
Համբոյրներս իմ աչքերն աղուոր փակեցին:

Գեղեցիկ է Արմէնուհին, ճակտին վրայ
Լուսընկան իր արծաթ կընիքն է դըրեր:
Հաւատացէ՛ք ինձ, Ալլահին աչքն է ան`
Ուրկէ կ’առնեն աստղերն իրենց ճաճանչներ.
Հուրիներուն թագուհի է սեւագէս,
Իրանը զիս պիտի պաշտէ, եւ զինք` ես:

Սա հովտին մէջ աղբիւր մը կայ մեղմաչու`
Որուն աւազն ոսկի է, ջուրն է արծաթ.
Զինքն հոն տարին եօթն աղջիկներ` լըւալու
Ճամբուն փոշին, խայթն արեւուն բոցացայտ:
Թեւերուս մէջ պիտ’ ըլլայ այս գիշեր ան
Դըշխոյ մ’յաղթուած, ես իր գերին յաղթական:

Կը խորհի ա՛յսպէս, երբ հովտէն դուրս յանկարծ
Մայրամուտի բոցերուն մէջ թաթախուած
Կը տեսնըւի Արմէնուհին` թըւելով
Հըսկայ շուշան մ’որ արեւէն կը բռընկի:
Կ’իջնէ մեղմիկ հեղեղատի մը ճամբով`
Ըսքողուած նուրբ պատմուճանով լոգանքի:

Մերթ աղջիկները թուփերէն տարփատենչ
Երկար քըղանցքն իր կ’ազատեն, կը կըրեն
Իրենց գըլխուն վըրայ շըքեղ թասին մէջ
Կաւը, հայլին, սանտրը լինդով ոսկեղէն,
Եւ ծամակալն, ու մաքմանն իր թանկագին`
Զոր ղրկած է Դամասկոսի Խանուհին:

Եւ կ’իջնէ ան` նայուածքը վար խոնարհած`
Ամըչնալով ինք իր աղուոր իրանէն.
Եւ մինչ անդին Աբբաս աչքերն իր յառած
Հոգիին հետ կը բերկրի լուռ շամբշօրէն,
Արմէնուհին ծայրովը թուխ մազերուն
Կը սըրբէ շիթ մ’արցունք այտէն վար սահուն:

Եւ կը հասնի ճամբարին մէջ: Շահն յանկարծ
Յառաջ կու գայ, կու տայ նըշան, կը կեցնէ
Խումբն, ու նժոյգին ճոխ բաշերէն վար հակած`
Աղջիկներուն աղախին ա՛յսպէս կ’ըսէ.
-»Բամբշի զարդով, ու երգերով սիրարծարծ
Պատրաստեցէք. լուսընկային հետ կու գամ»:

Ու թողլով սանձը ձեռքէն վար թերաքամ`
Կը խըթանէ լուռ բանակին մէջէ ձին…

Գ

Ճերմակ վըրանն (ուր կը մտնեն խըմբովին
Աղջիկներն այն) է պըճնըւած վարդերով.
Լաւ գոցուած են ապարումներն հողմախռով.
Կը մըխան ներսը հալուէներ միշտ բուրեան.
Ու կ’երեւի` ծածկուած գայլի մորթերով`
Խորը բազմոց մ’հուրիներու գըրգարան:

Արմէնուհին աւասիկ այդ բազմոցին
Նըստած է արդ, դեռ մատերէն եւ ծոցէն
Վըճիտ ջուրերը աղբիւրին կը կաթին:
Եօթ աղջիկներն ա՛լ հոն պատրաստ բերեր են
Հինա, ծարիր, իւղ անուշ, զարդ շողակէ.
Եւ Կոյսն իբրեւ աստուածուհի մը մե՜րկ է…
-Ո՛վ Մարմին հայ կոյսերու, ո՛վ սուրբ Սափոր,
Նահատակի, բանաստեղծի, հերոսի
Սաղմն եւ աճիւնն օր մը կրելու դու սովոր:
Ո՛վ վեհ Արձան աստուածակերտ, ես քեզի
Վաղը պիտ’ գամ եւ ճակատիս ուղփաճեմ
Դափնէպսակն ու փուշապսակը փետեմ
Գիրգ ծոցիդ մէջ` որ Նիրվանան է ցաւին:
Պիտի երդնում ուխտըս, ըմպեմ բերկրանքս հին
Աչքերուդ մէջ, եւ վայելեմ հըպումէդ
Խոր հեշտութիւնը վէրքերուս փակուելուն.
Ո՛վ Շուշանի Թաղար, Մատեան խընկաւէտ`
Ուր կը գըրէ Աստուած, մարդիկ կ’ընթեռնուն.
Ո՛վ դու Աղբիւր կաթի, գինւոյ Ողկուզակ`
Որ կը խայծիս այգիի մէջ շերտափակ.
Ո՛վ դու կըռուի, խաղաղութեան գոց Մեհեան`
Որուն սեմէն կ’անցնի ուխտեալը միայն,
Այն ձեռքն օտար զերծ չըլլայ բնա՛ւ նըզովքէ,
Որ կ’յանդըգնի բանալ դըռներդ նուիրական:
Եւ Կոյսն իբրեւ աստուածուհի մը մե՜րկ է…

Դ

Առաջինն այն աղջիկներէն` նուրբ լաթով
Մ’ուր Ղուրանէն պատուիրաններ բանուած են,
Կը չորցընէ Կոյսին մարմինն ուսերէն
Մինչեւ սաթի գարշապարներն` երգելով.
-»Արմէնուհի՛, շատըրուան մ’ես դու մեր մէջ,
Եւ շուրջըդ մենք ծըփծըփուն
Նունուֆարներ դալկահար.
Աստղերն ի վեր գեղգեղուն
Արմէնուհի՛, շատըրուան մ’ես դու մեր մէջ»:
Երկրորդ աղջիկն ոսկի սանտրով կը սանտրէ
Թօնուտ մազերն ամպերու պէս սեւորակ.
Գըլխուն վըրայ կը բանայ խազն ըսպիտակ
Նըման վտակի մ’արծաթահոս ու կ’երգէ.
-»Արմէնուհի՛, Ֆիրդուսիի քնարն ես դու,
Երբ քամին զերդ բամբռահար
Կու գայ լեռնէն նըւագել
Մազերուդ մէջ բիւրալար.
Արմէնուհի՛, Ֆիրդուսիի քնարն ես դու»:
Երրորդ աղջիկն իրարու հետ կը զօդէ
Նըրբին յօնքերը թխաթոյր ծարիրով.
Ու թարթիչները մեղմաբախ մըրրելով
Կը յառի պիշ նայուածքին մէջ ու կ’երգէ.
-»Արմէնուհի՛, յօնքերդ են նման շին տառին`
Գըծուած փետրով ագռաւի.
Աչքերդ կաթի մէջ ինկած
Մեղուներ են ծարաւի.
Արմէնուհի՛, յօնքերդ են նման շին տառին»:
Չորրորդ աղջիկն համեմաջրով կ’օծանէ
Շըրթունքներն իր կակաչ, թուշերն ըզգայուն.
Կը զետեղէ զոյգ փոսին մէջ այտերուն
Զոյգ համբոյրներ գորովական ու կ’երգէ.
-»Արմէնուհի՛, այտերդ են վարդ ու շուշան,
Ու սոխակ մ’է քու լեզուն`
Ատամներուդ փըղոսկրէ
Վանդակին մէջ գեղգեղուն.
Արմէնուհի՛, այտերդ են վարդ ու շուշան»:
Եւ հինգերորդ աղջիկն հինայ կը դընէ
Անոր մատերը հինայով հայկական.
Կը ծարուրէ արմուկներուն զոյգ բերանն
Եւ պըտուկներն ըստինքներուն ու կ’երգէ.
-»Արմէնուհի՛, ծիծերդ են զոյգ մ’աղաւնի,
Որ կուրծքիդ վրայ կը նիրհեն.
Թեւերդ ուսէդ վար սողուն
Սաթ ակռայով օձեր են.
Արմէնուհի՛, ծիծերդ են զոյգ մ’աղաւնի»:
Ու վեցերորդ աղջիկն իւղով կ’օծանէ
Կըլորութիւնն որովայնին կըմբանման,
Եւ կ’ոռոգէ հեղուկներով հոտեւան
Կուսափըթիթ աղուամազերն ու կ’երգէ.
-»Արմէնուհի՛, պորտըդ ձիւնի մէջ փոս մ’է,
Զոր այծի մ’ոտքն է թողեր.
Ագըռմէջդ է հոր մ’ուրտեղ
Իպլիսն իր գանձն է ղօղեր.
Արմէնուհի՛, պորտըդ ձիւնի մէջ փոս մ’է»:

Ու եօթներորդ աղջիկն ահա կը դընէ
Լուրթ քօղէքներն ու գինդերն իր շողարծարծ.
Կը ձգէ ուլն, հեղեղ լոյսի, քայռն հիւսուած
Քենտերի լալ մարգրիտներով ու կ’երգէ.
-»Արմէնուհի՛, դու մեծ ջահն ես Մըզկիթին
Զոր կանգնեց Շահն Իսպահան.
Գոհարազարդ այդ ծոցդ է
Լիճ մ’ուր աստղեր կը լողան.
Արմէնուհի՛, դու մեծ ջահն ես Մըզկիթին»:

Յետոյ բոլոր եօթ աղջիկներն իրենց մէջ
Պարփակած կոյսը աչքերով թախծալից
Զերդ վարդենւոյ մը շուրջը պարսն ելեւէջ
Մեղուներու, կ’երգեն մէկտեղ, ձայնակից.
-»Ամբողջ չըքնաղ, ամբողջ մաքուր դըշխոյ մ’ես,
Արմէնուհի՛: Արշալոյսն ես
Որ կը ծագի լեռներուն վրայ Իրանի,
Արմէնուհի՛. Դու գինին ես
Փատիշահին, թոյնն հաչաղկոտ հարեմի,
Արմէնուհի՛:
Ամբողջ չըքնաղ. ամբողջ մաքուր դըշխոյ մ’ես,
Արմէնուհի՛»:
Կ’ըլլայ լռութիւն եւ ըստուեր…
Կոյսն ոտք կ’ելլէ եւ կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ քոյրեր,
Ամբողջ չըքնաղ, ամբողջ մաքուր երինջ մ’եմ`
Զոր պիղծ կուռքի մը զոհելու կը տանին,
Անոր արիւնն ես այս գիշեր պիտ’ ընեմ
Փատիշահին թոյնը, գինին հարեմին»:
Կը հեռանան աղջիկներն յոյլ քայլերով
Խոր լըռութիւն մ’իրենց ետեւը թողլով:
Երբ կը մնայ կո՛յսն ըստուերին մէջ առանձին`
Կը սքողէ դէմքը ձեռքերով մաքրափայլ,
Յուսակըտուր կ’իյնայ խորքին մէջ բարձին,
Եւ կը սկըսի արտասուաբուխ հեծկըլտալ…

Ե

Ո՛վ Շահ, եկուր. ահա լուսնակն անցնելով
Վըրանին բաց թողուած դըռնէն մեղմասոյզ
Կ’ողողէ որսդ իր շարմըղուն շողերով:
…Բայց կու լայ կոյսն - ի՛նչ փոյթ - կու լայ ամէն կոյս
Երբ ճակատէն քակեն պըսակն երկնային,
Կամ կըտրեն թելն իր մարգըրտէ վըզնոցին,
Ո՛վ Շահ, եկուր:

Զ

Կ’հասնի արքան. կու տայ ձին
Թիկնապահի մ’որ կը տանի կենդանին
Ջրելու գետին մէջ աստղերով առլըցուն:
Ինք կը մըտնէ վըրանէն ներս: Խոյրին վառ
Ադամանդէն կը սըփռըւի Հայուհւոյն
Դէմքին վրայ` լոյս եւ հոգիին մէջ` խաւար:
-»Արմէնուհի՛, կ’ըսէ, ինչո՞ւ դուն կու լաս.
Թող արցունքդ այդ սըրբէ փառքի իմ խըլաս:
Եթէ սըրտիդ այս սիրտըս չէ՛ բաւական`
Կամքըդ օրէնք գահիս, ձիուս սանձ ըլլայ,
Միայն ինձ թող այդ մարմնոյդ մէջ սիրական
Պահ մը գոնէ մոռնամ ըլլալս իմ արքայ»:
-»Իմ մարմինս է հըրաշաղուած իմ հոգւով.
Եթէ դըպչիս մէկուն, միւսն, ո՜հ, կը սպաննես.
Մին մատնիով է կընքուած, մի՛ւսն աղօթքով…
Հեռո՜ւ ինձմէ. ո՜հ, դու պիղծ ես, գինով ես,
Գինիով սուրբ սեղանին իմ Աստըծոյն…
Հեռո՜ւ ինձմէ. կը բուրէ, շունչըդ արիւն»:
-»Ես գերիդ եմ. կոյս ոտքերուդ տակ ահա
Կը մերկանամ զէնուզարդէս, անունէս»:
-»Դու վագըր մ’ես որ ճիրաններդ արիւնլուայ
Նայուածքներուս առջեւ հիմա կ’ամփոփես,
Որ տարածես զանոնք յետոյ իմ սըրտիս»:
-»Միշտ պիտի քեզ սիրեմ»: -»Խամրե՜ս պիտի զիս»:
-»Ո՛վ հուրի, այդ աչքերդ հոգւոյս մէջ արդէն
Շահը գերի մ’ըրին, Աբբասը` Մեճնուն…
Օ՛ն, վրաս լեցուր սեւ մազերդ այդ ուղխօրէն,
Եւ ծոցդ, յետին բերդ, յանձնէ՛ իմ բոցերուն»:
-»Ծոցս է խորան, օծուած խորանը չէ որջ»:
-»Թո՛ղ, թո՛ղ մարմինդ` երբ կը թովէ ան զիս»: -»Ո՛չ»:
Ինչպէս թռչնոյ մը բոյնին աչքն իր յառած
Կը մագըլցի ծառէն կատու մը վայրի.
Կամ ինչպէս օձն` որ կաթին հոտը առած`
Ծըծկեր ուլի մը բերանին կ’երկարի,
Ա՛յսպէս կոյսին կը դիմէ Շահն ու արբշռուն
Կը փաթթըւի հոլանի մերկ սրունքներուն:
Արմէնուհին բազմոցէն խրո՛խտ կ’ոստնու վեր`
Փոթորկելով ուսերուն շուրջն իր վարսեր:
Կը դընէ մերկ ոտքն Արքային ծոծրակին
Զերդ Տիրամայր վըկանդած քարբն ոխերիմ.
‘Ւ այսպէս կանգուն շողերուն մէջ լուսնակին.
-»Ո՛վ Շահ, կ’ըսէ, բանակներուդ ուժն ունիմ»:
Եւ կ’ելլէ դուրս: Երբ կանացի հրապոյրին
Կուռ շըղթաները մի առ մի կը լուծուին,
Աբբաս իր մէջ կը զգայ խրոխտանքն արթընցած:
Փոշիներէն մօրուքն ընդոստ կ’առնէ վեր,
Եւ կը ժողվէ պերճ ծիրանին գետնամած,
Որուն վրայէ կոյսն առաթուր անցած էր:
Կըրունկներէն Հայուհին լոյս սփռելով`
Կը հեռանար յաւէրժհարսի քալուածքով…
Շահն ետեւէն` թուրին յենած` կը մռնչէ.
-»Գընա՛, կաքա՜ւ, դուռը գոց է վանդակիդ:
Ո՛ւշ դիր, Արազը թեւերդ այդ չըթըրջէ,
Կամ չըսպաննէ կարծելով զօրք մ’ըզքեզ վիթ:
Գընա՛, վաղն ես արեգակին հետ կու գամ,
Տռիփը` կուրծքիս, ու երկսայրիս` թերաքամ:
Կը ճեղքեմ սիրտդ` եթէ զայն դու չըբանաս,
Ու անօթի գայլերու` այդ անըզգամ
Արիւնըդ խանձ կ’ընեմ, ծամերդ` երագազ:
Գընա՛, վաղն ես արեգակին հետ կու գամ»:

Է

Հոն ժայռ մը կայ` որ պատռած լա՛նջքը երկրին
Կը բարձրանայ գետին վըրայ առիշեղ.
Ջուրերն այնտեղ սահանքելով մոլեգին`
Կը սասանեն թէ՛ ժայռը, թէ՛ վարսագեղ
Մորենիի ճիւղեր կախուած կատարէն.
Յետոյ լուսնին տակ կը սահին լըռօրէն:
Այնտեղ կ’ելլէ Արմէնուհին սըրտախռով
Ու զերդ եղնիկ մը հալածուած կինճերէն
Կը խուզարկէ շուրջն անհանդարտ աչքերով.
Ո՛չ մէկ հընար խուսափելու. կը հըսկեն
Զօրքերն հեռուն, ու գետն իբրեւ պահակ շուն
Կ’ոռնայ շեմին վրայ բանակին միշտ անքուն:
Կը դիտէ կոյսն երկա՜ր ալքերն ահարկու
Բնազդով մ’անոնց մէջ սեւ բախտն իր կարդալու.
Կը դիտէ լուռ եւ արտասուել կը սկըսի:
Երբ որ հովն իր մազերն առած միասին
Կը տանի վեր մինչեւ լուսնին մեկուսի,
Ան, զերդ Ոգի, կը խօսի ա՛յսպէս գետին.
-»Ո՛վ Արազ, ո՛վ ամեհի մայր, դու որ այս
Հովիտներէն պոռոչագին կ’ընթանաս`
Իբրեւ խեռ կով մը կաթնալից ծիծերով.
Ունեցիր հէգ ճակատագրիս վըրայ գութ.
Ռահ մ’ինծի բա՛ց. թոյլ տուր անցնիմ ապահով
Ալքիդ մէջէն կամ վըրայէն խութերուդ:
Չըկա՜յ ինծի տարբեր ճամբայ. վաղն արփին
Երբ լըւալ գայ մէջըդ վարսերն իր ծածան,
Շահի մ’առջեւ, վըրան գայլի մը մորթին
Պիտի քակեն արծաթ գօտիս կուսութեան:
Որպէսզի հարճ չըլլամ` ըլլամ պիտի դի.
Վաղն արիւնս իմ թարթիչներէս պիտ’ կաթի:
Մինչդեռ, աւա՜ղ, իմիններէս ոչ ոք դեռ
Զիս առած իր երիվարին գաւակն յոյր`
Տանիլ կու գայ հայրենական իմ լեռներ:
Ի զո՛ւր երկար ըսպասեցի, արդ ի զո՛ւր
Կը խուզարկեմ հորիզոններ նորանոր.
Սա գորշապատ ափերուդ վրայ հեռաւոր`
Ուր կը լըսուին գորտերուն լոկ կառանչներ`
Լուսինն, աւա՜ղ, կը տեսնէ ո՛չ մէկ խնդրակ…
Ի՛նչ մոռցա՞ն զիս, թէ կարծեցին եղած կեր
Գայլի մ’ու ա՛լ ըսպասելով տըխրունակ
Ճամբորդներէն իմ արիւնլուայ շապիկին`
Առագաստիս շեմին մոխի՛ր սըփռեցին:
Ի՛նչ մայրս ա՛լ չի՞ կարեր երգով մաղթանքի
Օժիտըս թանգ. մի՞թէ ասեղն իր ոսկի
Փըշըրուեցաւ հարսանեկան քօղիս վրայ:
Եւ հայրս որուն թեւերուն տակ արծուային
Միշտ իր փառքերն երգելով ես ուռճացայ,
Օ՛հ, կը թողո՞ւ որ պատին վրայ ժանգոտին
Սակըրն ու թուրն, եւ հէգ աղջիկն իր չելլեր
Որոնելու բայոցէ բայ, լեռնէ լեռ:
Եւ կըտրիճն այն` որ ձեռքը դրած ձեռքիս վրայ,
Երեք հեղ, մեր թըզենւոյն տակ սիրասոյզ,
Ուխտեց մընալ հաւատարիմ` ինչպէս սա
Մազերս` ուսիս, եւ ինչպէս շուքն` ոտքերուս,
Մի՞թէ այսօր կը թողու զիս անպաշտպան.
Չի՞ գար կանգնիլ Փատիշահին դէմ առ դէմ`
Տարածելով իր պատւոյն, իմ գըլխուս վրան
Հըսկայական թուրին ըստուերը վըսեմ:
…Ո՛վ Արազ, տե՛ս, ահա լըքուածամէնէն`
Ես քու գութէդ լոկ կը սպասեմ ապաւէն»:
Այսպէս կ’ըսէ: Յետոյ այն բարձըր ժայռէն,
Իբրեւ զըզուա՞նք, թէ իբրեւ վարձք Արազին,
Ես չըգիտեմ, կ’հանէ մանեակը վըզէն
(Որով մարմինն իր հրապուրել ուզեցին)
Եւ կը նետէ ջուրերուն մէջ` որոնք` խեռ`
Վիշապի պէս կը կըլլեն այդ մարգրիտներ:
Յետոյ գինդերն, ապրանջաններն, ու գօտին,
Բոլո՜րը մէկ, բոլո՜րը մէկ կը տեղայ`
Զերդ թափթըփող վարդեր տօնէ մ’երկնային`
Անդունդին մերթ բացուող կլափին մէջ ագահ.
Վերջապէս, գոհ, ան կը բերկրի` նշանածին
Մատանւոյն հետ կը մընայ երբ առանձին:
Կը դիտէ շուրջն. հոն զինք մարդ չի լըրտեսեր:
Վըրաններուն վերեւէ մերթ ասուպներ`
Կը սահին նման հողմահալած հիրիկներուն.
Մերթ ալ ձիու մ’յանկարծ խըրխինջը կու գայ,
Զոր կ’արածէ վըտառապահ մը հեռուն…
Փախուստի ժամն, ո՛վ կոյս, ժամն է ասիկա՛…

Ը

Գետին մէջ հինգ սեւ խարակներ միաշար
Կըռնակնին ցից նըման մրափող ծովխոզի`
Կը միացնեն զոյգ ափունքնե՛րն այն իրար.
Անջըրպետէն անոնց` ջուրն յորդ կը հոսի`
Եւ կը նետէ զինք գըլխիվար, փըրփրահեր
Խորխորատին մէջ` զոր նոյն ի՛նքն է բացեր:
Արմէնուհին իբրեւ արծուիկ նորաթռիչ
Կը չափչըփէ աչքով վիհն այն լայնալիճ,
Եւ իր տեղէն` քօղը յանձնած քամիին`
Կը սըլանայ խարակներէն մէկուն վրայ,
Յետոյ միւսին, միւսին յետոյ, չորրորդին.
Սակայն վերջինն, օ՛հ, կը դաւէ քայլն ահա.
Կոյսին առջեւ մատնըչօրէն տարածած`
Կանանչ ուռկան մը լօռերու` կ’բռնէ զայն
Ու կը քաշէ անդունդին մէջ թըխպամած:
Արմէնուհին լպըրծուն շեմին վրայ մահուան,
Սարսըռալով` թեւերն երկինք կարկառուն`
Կ’արձակէ ճիչ մ’որ կը հասնի աստղերուն:

Ընդունա՜յն է. կատղած սագի մը հանգոյն
Ահա վերէն կու գայ ալիք մ’ահարկու:
Եւ խոյացած ծոծրակն ի վեր Հայուհւոյն`
Զայն կ’ընդուլնէ եւ կը տանի խառնելու
- Իբր իր տոռնէն կըտըրուած դոյլ մը չըքնաղ -
Վարն աւազին մէջ անդունդին մըթընշաղ…
Ու ամէն բան կը լըմըննա՜յ…

Թ

Վարը, հոն,
Լոյսն աւասիկ կը ճերմըկէ հորիզոնն.
Ու շոճերուն գագաթներն հիր կ’արիւնին.
Ցուրտ նըշուլին մէջ ագռաւներ սըրաթեւ
Վարդ ամպերուն մըխըրճելով կըտուցնին`
Կ’երթան առջի ճառագայթին տալ բարեւ…
Կու գա՜յ Արփին ահաւասիկ. Շա՛հ, եկուր:
Հոն, ուր Արազն իր հոսանքէն կը դադրի,
Արմէնուհին ջուրերուն վրայ ելած լուռ
Կը սահի նման ցօղունաբեկ կոկոռի:
Երբ ալ քու թո՛յնդ եղաւ մահուանն իր դալուկ`
Քեզ կը սպասէ ան դագաղին մէջ հեղուկ:

Շուրջը գըլխուն մազերն անհուն, ցիրուցան,
Գետին մինչեւ զոյգ ափերուն կը հասնին.
Փըրփրածընունդ յաւէրժհարսի մ’է նըման`
Ինկած փափուկ ցանցին մէջ նո՜յն իր քօղին.
Ալեակին տակ բաց բիբերն իր գեղանի
Դեռ կ’երազեն կարծես լեռնե՜րն հայրենի…
Ու կը տանի՜ Արազը զինք, կը տանի՜…
Երկու կողմէն երկու զեփիւռ ուղեկից
Լալով կ’երգեն եղէգներուն մէջ դողդոջ.
Տըժգոյն լուսինն երկընքին վրայ` թախծալից`
Յուղարկաւոր կ’ըլլայ մեռած իր քըրոջ…
Ու կը տանի՜ Արազը զինք, կը տանի՜…
Գետին հետ կոյսն անտառին մէջ չըմըտած`
Կ’աղմըկին զոյգն ափերն իրար դէմ յանկարծ…
Մին Աբբասն է որ ելած է փընտռելու
Արմէնուհին. իսկ մի՞ւսը. միւսն ահա
Կ’ոստնու թուփերն, ու ճեղքած մէն մի պըրտու`
Կը մըտնէ գետն. Առիւծ մըն է. կը հեւայ:
Հոն եզերքին Շահը կեցած մըտախոհ`
Կ’երազէր իր Աւարին վրայ` որ մընաց
Մահուան մէջ կոյս. եւ կուսութեան մէջ` դըշխոյ:
Այդ կեանքին հետ կ’ըզգար թուրն իր ջախջախուած
Եւ կը խորհէր` առջեւն այդ սուրբ դիակին`
Թէ ան իրաւ ուժն ունէր իր բանակին:
Երբ դէմ առ դէմ հոն իրարու կ’հանդիպին
Թագաւորներն երկու` երկու ափերէն.
Շահն ու Առիւծն, ու խոյանքով միասին
Ջուրերուն մէջ իրենց որսին կը դիմեն:
Մին մըռընչել կը սկըսի, միւսն ըսպառնալ,
Եւ Աւարն այն կ’ուզեն տանիլ երկուքն ալ:
Կը խանձի խօլ տենչով գըրկել հեղ մ’արքան
Հայուհիին մարմինը ողջ թէ մեռած.
Սեւ գանգուրներն անոր կ’ուզէ որ ըլլան
Պարանոցին համար յուռութք դիւ’հալած,
Մարգարտաշող բիբերը զարդ իր գահին,
Եւ սիրտը ջահ` զինք տանելու Ալլահին:
Ու մերկ թուրով կը խոյանայ մոլեգնոտ
Առիւծին վրայ եւ կը սկըսի մարտը գոռ…
Հոն մինակ են դէմ առ դէմ, ծնօտ առ ծընօտ:
Սուր ժանիքներն ու պողպատիկը ոգոր
Կը խառնըւին իրար` զիրար կը կըրծեն…
Մերթ կը խոցէ Շահը գազանն երբուծէն:
Եօթն անգամ խրո՛խտ մըռընչելով կենդանին
Կը դընէ թաթն ուսերուն վրայ Աբբասին,
Ու եօթն անգամ իրարու հետ կը խառնին
Մէկուն մօրուքն եւ գռուզ մազերը միւսին:
Եւ կը փըրփրի գետն այս կըռուեն, կը պղտորի.
Իր ծըփանքէն Կոյսն անոնց մէջ կ’օրօրի:
Ու կ’ոգորին. կ’հոսի արիւնն ու հոտն իր
Կ’ըլլայ անոնց վայրագութեանը գըրգիռ:
Առիւծն ագին միշտ զարնելով կողերուն
Կը խըթանէ կատաղութիւնն աւելի.
Աբբասին գոռ խոյանքէն ջո՛ւրը ցայտուն`
Կ’հասնի մինչեւ ամպերուն ծոցն ահալի:
Բայց ոտն առ ոտն աւազին մէջ կը խըրին
Յաղթ հեսկերն իր լեցուած ամբողջ ալիքով,
Եւ կարծրակուռ ժանիքին մէջ գազանին
Թուրն իր յանկարծ կը կոտրի կրա՛կ ցայտելով:
Երբ կը մընայ անզէն, իզո՛ւր կը ջանայ
Հեծնել ոսոխն եւ ընդողնել վիզն հըսկայ:
Կ’ոստնու գազանն ու առած մէջն երախին
Գետէն կ’հանէ ջըրաթաթախ Հայուհին.
Կոյսին ճերմակ ձեռքը, շուշան տարփալի,
Կ’իյնայ` մեռած` կենդանիին բաշերուն.
Առիւծին վեհ գլխուն վրայ կը փայլի
Նըշանածին մատնին աստղի մը հանգոյն:
Ա՛լ ընդունայն է մաքառիլ: Վէս արքան
Ո՛չ ափին մէջ նիզակ ունի, ո՛չ հրացան,
Որ սէգ ոսոխն իր ճամբուն վրայ ընկըրկէ,
Խըլէ անոր արիւն կաթող մըռթներէն
Գոհար աղջիկն այն աչքերով կըրակէ`
Որոնց բոցերն հանգած դեռ սիրտը կ’այրեն:
Արդ կը զարնէ, կը փըշրէ հոն խարակին
Թուրին մնացած կէսն անպէտ, սիրտն իր վըհատ.
Ու կարդալով հազար նըզովք Դըժոխքին`
Կը դառնայ իր վըրաններուն` յուսահատ:
Առիւծն անբիծ կոյսը առած կը տանի
Լեռներն ի վեր, աւերակ բերդն հայրենի…