Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՂՁ

Ուսերէդ վար դեղձան մազեր,
Կը ծըփան զերդ ալիք հիրեր.
Եւ անձնատուր մեղմիկ սիւքին
Հեշտազուարճ կը տատանին.
Այդ մազերէդ ոսկեղէնիկ
Ա՜հ, թել մ’ինձ տուր, անգո՛ւթ աղջիկ:

Մահկի նըման յօնքերուդ տակ,
Փայլին աչքերդ իբր արեւակ,
Ուրկէ սիրոյդ խոցող նետեր
Կ’իյնան սըրտին իմ կարեվէր.
Հուր աչքերէդ այդ գեղեցիկ
Սէրդ յիս տեղայ, անգութ աղջիկ:

Դէմքիդ երկու կողմանց վըրան
Դիւթող այտերըդ կը ցոլան,
Եւ կը փըթթին փունջ փունջ վարդեր
Ամէն կողմը բուրելով սէր.
Գիրգ այտերէդ սիրոյ ծաղիկք
Համբոյր մ’ինձ տուր, անգո՛ւթ աղջիկ:

Վարդակարմիր շըղարշ մ’անգայտ,
Քօղարկեր է շըրթունքներդ այդ,
Որոնք բերնիդ մեղրածորան
Պերճ ու նըրբին գեղ մի կու տան.
Զիս սիրելու շրթներդ նըռիկ
Ե՞րբ խօսք պիտ’ տան, անգո՛ւթ աղջիկ: