Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ ՃԱՄԲՈՐԴԻ ՀԻՆ ՅՈՒՇԵՐԷՍ
(Վենետկէն Աթէնք)

Նաւը իր ետեւ թողուց Վենետիկը, ալիքներով եւ աստղերով խեղդուած քաղաքը, ուր տարիներ երազեցի եւ մտածումներս նկարել սորվեցայ. երբ Ադրիականի թագուհին հետզհետէ իր մարգարտահեռ քղանցքները կը հաւաքէր նայուածքներուս առջեւէն եւ հորիզոնին ետեւ կ՚աներեւութանար` հոգիս անհուն տրտմութեամբ մը համակուեցաւ, եւ որպեսզի ան, յուշերուս մէջ անմահօրէն բիւրեղանայ` որոշեցի օր մը իր համապատկերը վրձնել ընդարձակ քերթուածի մը, գուցէ վէպի մը մէջ:

Առաջին անգամ Գորֆու կղզիին մէջ էր, որ հին քաղաքակրթութեան հողը համբուրեցի: Այդ կղզին ամենէն առաջ տիրապետուած է փիւնիկցիներէն: Անոնք վենետիկցիներէն աւելի մարդկային ըլլալով՝ փոխանակ ի խնդիր Ափրիկէի ափունքներուն ճոխացման՝ կղզին կողոպտելու իր բնական զարդերէն, զայն աւելի բեղմնաւորած եւ ճոխացուցած են։ Իրենց վաճառականութիւնը հողին բնածին հարստութեան վրայ բարդած է դրացի երկիրներուն գանձերը, եւ այդ երջանիկ, բայց կարճ շրջանին Գորֆուի ափունքներուն վրայ, ծովուն ալիքներուն հետ՝ մեղր ու կաթ հոսած է իբրեւ նախասնունդ ապագայ հելլէն աստուածներուն։ Նոյն այս կղզիին մէջ էր, որ Ոդիսեւս իր արկածալից ճամբորդութեան ժամանակ Ալսինոոս թագաւորէն ընդունելութիւն գտաւ, եւ յետոյ, բեռնաւորուած թանկագին նուէրներով, նաւերու ճօճեմական բազմութեամբ ճամբայ դրուեցաւ դէպի իր ժայռախրոխտ Իթակէն՝ ուր իր կինը հաւատարմութեան անվերջանալի կտաւը կը հիւսէր. դրուա՛գ մը, զոր Հոմերոսի էջերուն մէջ՝ կանգ առած նաւուն ցռուկին վրայ, այնքան հաճոյքով կարդացի իր վայրին մէջ իսկ։ ԺԵ-րդ դարուն Գորֆուն Վենետկոյ հասարակապետութեան ներքեւ ինկաւ. եւ այսօր այդ իսկ պատճառով է, որ բնակիչները գրեթէ բոլոր իտալերէն խօսելու դիւրութիւնն ունին։ Իսլամը հոն մզկիթ չէ կառուցած բնաւ։ Գորֆուցիին հոգին խրոխտ է եւ ստրկացում չի ճանչնար։ Հիւսիսային Իտալիոյ բնական ճոխութիւնը՝ դեռ մտքիս մէջ թարմ ըլլալուն, այս կղզիին բուսաբերութեանը բաղդատմամբ, աղքատ գտայ, թէպէտ իր պատմութենէն ասոր հակառակը կը հետեւի։ Հին յիշատակներէն շատ բան կանգուն մնացած չէ հոն. նախ խաչակիրներն ու վենետիկցիները եւ յետոյ անգլիացիները կողոպտած են անկէ շատ նուիրական իրեր, սիւներ, արձաններ, գերեզմաններ, որոնք բնիկ հողին վրայ, այն լոյսին ներքեւ, որմով սնած հանճարը իրենց ծնունդ տուաւ, աւելի եւս գեղեցիկ ու տպաւորիչ պիտի ըլլային անշուշտ…։ Այսօր մեր թանգարաններուն մէջ որքա՜ն յուշարձաններ կան, որոնց առջեւէն կ՚անցնինք հնախոյզի, եթէ ո՛չ անկարեկիր, բայց անյո՛յզ հոգիով. մինչդեռ Անցեալին այդ բեկորները աւերակներու ամայութեան մէջ, իրենց այրած փոշիներուն զօրացման համար իսկ՝ մեր աչքերէն ինչչա՜փ արցունքներ պիտի քամէին, եւ զիրենք շրջապատող տեսարաններուն եւ հնագոյն միջավայրին զօրութեամբ ի՜նչ լուսաւոր դարերու մէջ պիտի ընկղմէին մեր սիրտը, սի՜րտը, որուն տարիքը եւ արժէքը յիշատակներով միայն կարելի է չափել։

Գորֆուէն մինչեւ Բիրէ գրելու մասնաւոր բան մը չունեցայ։ Մեր նաւը միմիայն Բաթրասի առջեւ կեցաւ, գիշեր ատեն, հետեւաբար ելլել դուրս եւ այցելել անկարելի եղաւ ինծի։ Այդ ճամբուն վրայ ամենէն ուշագրաւը Կորնդոսի ջրանցքն է, ուրկէ անցանք։ Այս ջրանցքը խրամատած են 1893-ին, գործին ձեռնարկող ընկերութեան հոգին եւ ներշնչողը գրեթէ յունացած հունգարացի մըն է եղած՝ Դուր զօրավարը։ Ջրանցքը անձուկ բացուած է նիւթական անձկութեան պատճառաւ, ամբողջ լայնութիւնը 20 մեդր է։ Ամենէն հետաքրքիրը անցորդին վրայ ներգործած տպաւորութիւնն է։ Երկու ափերուն վրայ լերկ սարահարթներ կը բարձրանան, որոնց մէջքին, վերէն ձգուած է երկաթեայ կամուրջ մը, ուրկէ շոգեկառքը կ՚անցնի դիւային դղրդմամբ մը։ Նաւը երբ իր կայմին ամբողջ բարձրութեամբ այն կամուրջին ներքեւէն կը վարգէ, մարդ այն ատեն միայն կ՚ըմբռնէ ափերուն իրական բարձրութիւնը, որոնց մէջտեղէն ջրանցքը կապոյտ, ժապաւէնի մը պէս կ՚երկարի միշտ նեղանալով, յետոյ վերջնականապէս բացուելու համար աւելի լայնօրէն, աւելի անհունօրէն՝ ա՛յն լազվարդագեղ ծովուն վրայ, որ մեզ պիտի առաջնորդէ Սալամինայի չնաշխարհիկ ծոցը, ծոց մը, որուն ջրերուն գեղեցկութիւնը անպատում է։ Արդեօք նախապաշարումէ՞ս էր չեմ գիտեր կարծես այդտեղ ալիքներուն կապոյտը երկնային թափանցկութիւն մը, երազային գեղեցկութիւնը մը կը զգենու, նման կնոջ մը խաժ աչքերուն, որոնք իր հոգւոյն լոյսերով ողողուած են։ Յիրաւի, այդ ջուրերը միայն արժանի են Աստղիկներ ծնելու, ա՛յդ ջուրերը լոկ կրնան Դիցուհիին ծոցը վայելչօրէն յօրինել։ Ծովախորշը ամբողջովին շպարուած է Ատտիկէի հզօր արեւով։ Իր հեղուկ մարմնոյն հեշտութիւնը, վաւաշոտ կնոջ մը պէս, կը տարածէ իր աւազանին բոլոր լայնութեամբը, իր կապոյտ մորթը մեղմիկ քամիին տակ կը ծալծալի յարաճուն փոթերով, որուն վրայէ անընդհատ պսպղուն մարգարիտներ կը հոսին եւ արեւուն տակ կը պճլտան։ Նաւը որքան յառաջանայ՝ շուրջի լեռներուն ձեւերը այնքան կը փոխուին, ամէն բարձունք լոյսի մէջ է, իրենց ելեւէջը, թեքումը, խորացումը կամ վերասլացքը յայտնող ամէն գիծ այնքա՜ն պայծառ, այնքա՜ն որոշ է, որ կարծես յատկապէս քանոնով գծուած ըլլան։ Միթէ այդ տեսարանները, արեւու այդ տիրապետումները չե՞ն, որոնք հելլէնական արուեստը ըրին յստակ եւ իրապաշտ։ Եթէ յանկարծ, այդ լոյսով ողողուած, լեռներուն ծոցն ի վեր կոյսի մը բարձրանալը տեսնէի եւ դեռ նախապաշարումը ունենայի Աստուածուհի մը կարծելու՝ անշուշտ է, որ զայն պիտի քանդակէի քրոջ մը բոլոր պարզութեամբ, բոլոր մտերմիկ դիրքերով եւ բնական կիրքերով, առանց Նորմատիայի անտառներուն խորհուրդը հագցնելու անոր եւ առանց Ասորեստանի խորխորատներուն հրէշածին խաւարը։ Այսպէս ըրին արդէն հելլէնները, երբ իրենց մտքին յաւերժացման համար եւ իրենց սրտին կրքերուն ամոքման ի խնդիր, ստեղծեցին ու կաղապարեցին իրենց աստուածները՝ գերազանցօրէն մարդկայնական։ Նաւը քանի յառաջանար, սիրտս այնքան կը տրոփէր յուշերովը հին մեծութիւններուն զոր Յունաստանի պայծառատես խորհողները մեզի աւանդեցին։ Յուզումս մեծ եղաւ, երբ Սալամինայի պատերազմին վայրէն քիչ մը հեռու ցոյց տուին Թեմիստողղէսի գերեզմանը։ Երբեմն այդտեղ կը հսկէր մարմարեղէն առիւծ մը՝ պահապան ծովէն գալիք վտանգներուն։ Այսօր այդ առիւծը Վենետիկ է, նաւարանին մէջ, ուրիշ շորթուած հնութիւններու հետ։ Այսօր ալիքները չեն լուար անոր բաշերը եւ ոչ ալ իրենց անդնդագոռ մռունչները փոխ կու տան անոր գեղակերտ մըռթներուն. ալ չի՛ նայիր ան դէպի ակնախտիղ հորիզոնը, ուր Քսերքսէսի ստուերը կը տարածուէր ու ժիր յոյները կը խըմբուէին։ Այժմ նոր Եունանն է, որ շոգենաւերու մէջ իր արծաթները բեռցուցած գարշ ծուխով մը ողողելով այդ հորիզոնը՝ կ՚անցնի կ՚երթայ՝ առանց անգամ մըն ալ բարձրանալ կարենալու իր պապերուն հանճարին սիւնին վրայ հոնիական։

Ժամը իրիկուան հինգն էր . [ստ]Ե. [վրոպացուոց]), երբ ժամանեցինք Բիրեի նաւահանգիստը։ Բիրէն Ատտիկէի աւերակներուն առաջինն եղած է, զոր Յունաստանի ազատագրումէն յետոյ վերաշինած են։ Անոր վրայ հնութեան ոչ մէկ հետք կը նկատէ մարդ։ Եւրոպայի ծովեզերեայ քաղաքներուն սովորական տեսարանն է, զոր ան կը ներկայացնէ, եւ որուն ճամբորդը ստէպ կը հանդիպի Մարսիլիայի, Անվէրսի, Աղեքսանդրիայի եւ այլ նման քաղաքներու մէջ։ Շոգենաւերու բազմութիւն մը, անդրդուելի կերպով խարսխուած, ոմանք ծխաշունչ, ոմանք ամայօրէն հանդարտ՝ կարծես յոգնած երկար ճամբորդութիւններէ. անոնց ներքեւ նաւակներու վխտում մը, անդին սոսկավիթխար բեռնաբարձի մը աղմուկը, ուրկէ հակերը սպառնանքի մը պէս կը կախուին, նաւաստիներ, որ նաւը կը լուան, նաւաստիներ, որ խարիսխը ծով կը նետեն, նաւաստիներ, որ կայմին պարաններէն վեր կը սողան եւ թռչարանին վրայ կը տնկեն դրօշակն հողմածփիկ, եւ ասոնք՝ մի՜շտ, եւ ասոնք՝ գիշեր եւ ցորեկ, ջուրերը շոգիացնող անողորմ արեւուն տակ, ոչինչ ունին հնօրեայ, որոնց որմերուն վրայ ներկածեփը դեռ թարմ է, կարծես չէ չորցած տակաւին եւ դարերէն չէ աղճատուած, աւելցուցէք նորակերտ քաղաքի մը բոլոր դարավերջիկ ծեքծեքումները եւ կ՚ունենանք այլափոխուած այսօրուան Բիրեն, այն երբեմնի նուիրական քաղաքը, որուն առջեւ դարեր առաջ չորս հարիւր ցռկանաւեր փռիւգացի եւ պահլաւունի գերիներուն թիերուն թափով ծովը կը փրփրէին կաթնազեռ կաթսայի մը պէս, եւ այսպէս սպառազէն՝ աստուածային Աթենասին պաշտպանութեան ներքեւ ամբողջ Աթէնքն էր, որ կը դիմէր զսպելու բարբարոսները, կամ ծաղկեցնելու գաղութները այն ափունքներուն, ուր օր մը տարաբախտ Տրոյեան իր պարիսպները կանգնեց։

Հազիւ նաւերնիս Բիրեի առջեւ խարիսխ կը նետէ, ինքզինքս մակոյկի մը կը յանձնեմ՝ մատչելու համար անմահներու երբեմի հայրենիքին։ Չգիտեմ ինչու՞ ներսէս անդիմադրելի մղում մը կը զգամ թեւս նաւակէն կախ ձգելու եւ ջուրին ոգեթափանց էութիւնը ձեռքիս մէջ կշռելու. ալիքները լոյծ սատափներու պէս կը խուսափին մատներուս մէջէն՝ կարծես զտուելու, տարբաղադրուելու համար իրենց լուսեղէն էութենէն. մերթ փրփուրը՝ Անցեալը խորհրդանշելով, ձեռքիս մէջ աղիողորմ կը նուաղի եւ մերթ զեփիւռին շունչէն խլուած՝ կու գայ իր աղերով օծել անդրաիրառան երազանքներու դարձած աչքերս։ Երբ ջուրին զով հեշտութիւնը աւելի խոր զգալու համար կոպերս կը փակեմ՝ յանկարծ նաւավարը մակոյկը մերձեցուցած եզրաստիճաններուն ցիցին՝ կը հրաւիրէ զիս ցամաք ելլել։ Ճամբայ կ՚ելլեմ դէպի Աթէնք… Ինչպէ՜ս պատմեց քու փառքդ, ո՛վ աստուածային Ոստան, որ դեռ աւերակներուդ մէջ իսկ անմահ է մնացած։