Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐԸ

Մկրտիչ Փորթուգալեանին

Հայաստանի Ռահվիրանե՜րն են։

Հագած չե՛ն կօշիկ երկաթակուռ, եւ ո՛չ ալ ունին ցուպը տապարաւոր։ Բոպիկ են մանուկի մը պէս, եւ իրենց ձեռքերը սպիտակ ու մերկ են շուշանի մը թերթերուն նման։ Բայց շողիւններ կ՚արշալուսեն իրենց աչքերը, եւ հաւատքի ճառագայթ մը, թովչակա՛ն փոկեպարան, կը սեղմապնդէ իրենց մէջքը։

Եւ ճամբաները, իրենց առջեւ, կը փեռեկին ապառաժներու կուրծքին մէջէն։

Լեռները, վար խոնարհած ամպերէն, շարան-շարան, ուղտերու պէս, կռնակնին կը ծռեն անոնց քայլերուն ներքեւ։ Երկինքը հուր կը տեղայ, ու երկիրը արեւը կը զգայռէ շուրջը այդ նորօրինակ առաքեալներուն՝ որոնք կ՚երթան, անվհատ, կանչուած անծանօթ շեփորէ մը։

Դէպի Երկի՜րը, զոր անցնող դարերը, բոլոր դարերը շարժումի եւ լոյսի, մոռցած են աղէտաւոր աստղի մը տակ եւ որուն ընդերքները հերկած է միմիայն ոճիրը իր ճիրաններով ու սերմանած՝ իր թաթերով։

Դէպի Երկի՜րը, որուն իւրաքանչիւր օրոցքին վրայ կռունկը կու լայ, իւրաքանչիւր գերեզմանի վերեւ բորենին կը հսկէ։

Դէպի Երկի՜րը, որուն փետրաթափ աղաւնիները ստիպուած են խլել իրենց կերը ագռաւներու կտուցէն, եւ մարդիկ իրենց կերակուրը՝ շնագայլերու ցռուկէն, եւ որուն աւերակներուն կատարին Սովը, ճիւաղի պէս կանգուն, կոռնայ խրճիթէ խրճիթ, հորիզոնէ հորիզոն։

Դէպի Երկի՜րը, որուն դրախտը գետնասոյզ կորսուած է աճիւններո՜ւ, աճիւններու՜ տակ, զոր հ[իւ]սեցին սգաւոր մայրերը իրենց մազերէն, ու դարաւոր կմախքները իրենց մսաթափ ծնօտներէն։

Եւ ճամբաները կը բացուին դէպի այդ Երկի՜րը, եւ անոնք, Հայաստանի Ռահվիրաները, կ՚անցնին լուսաւոր երեւոյթներու պէս։

Իրենց առջեւ կը ցամքեցնեն ճահիճները գորտերու կառանչիւններուն վրայ, կը կամրջեն Եփրատը, զանակներով կը խճազարդեն ափունքները Իրիսին եւ Ալիսին։ Կը դարբնեն Արտոսի լեռնաշղթաները ու իտէալին մարմարներով կը սալարկեն ուղիները ջորիներուն եւ կածանները այծերուն։

Ճամբաներ, նորահրա՛շ ճամբաներ են, զոր կը յորդեն սիրտէ եւ սերունդէ սերունդ, ու իրենց աղաղակին, կուրծքին առջեւ կը լայննան ու կ՚երկարաձգուին պողոտաներն արեւատառ, ուրկէ պիտի քալէր, ապագային, տենդայոյզ յեղափոխութիւնը Հայկական, սուրը՝ ձեռքին, ջահը գանկին մէջ։

Անոնց շունչը, իբրեւ գարունի զեփիւռ, կը բանայ դուռները մոռցուած հիւղակներուն, ուր հաւատքը վառիլ կը սկսի թոնիրներուն բոցին պէս։

Անոնց սպիտակ ձեռքերը՝ աթարով ծեփուած գոմերուն օրհնուած հիմունքին վրայ կը բարձրացնեն տաճարները լոյսին, ուր կը ծնանի գաղափարը, ինչպէս մանուկ Յիսուսը մսուրի մը ոսկի յարդերուն վրայ։

Եւ անոնց խօսքը, փայլակնաթափ որոտում, կը փրթի ամպերուն եւ կայծակներուն կողէն, եւ ստուարացած, լեռնացած արձագանքէ արձագանք, կը տարածուի եւ կ՚ողողէ մէկ ծագէն միւսը հայրենի աշխարհը բովանդակ։

Կը ծաղկի՜ վերածնունդը։

Նշենիները ծիրանի կը զգենուն բլուրներուն վրայ։

Հնոցներու՛ն մէջ կը նետուին խոփերը, եւ այս անգամ ապրուած դէզերուն խարոյկին մէջն է, որ կը ծնանին կտրիճները ու նոր հարսերը, բոլոր նոր հարսերը վարդենիներուն մէջ, կ՚ունենան կարմիր յղացումներ կարմիր որդիներու։

Արեւածագի հորիզոնին խորը, ուր գիշերը կ՚ողջակիզուի, կը զարթնու հրդեհը յաջորդող օրուան։

Եւ անոնք, բոլոր սգակիրները բոլոր վիրաւորներուն հետ, բոլոր շիրիմները բոլոր խանձարուրներուն հետ՝ քանդուող խաւարին փլատակներէն կ՚ելլեն դուրս, վա՛րը, նորաբաց ճամբաներուն վրայ՝ սալարկուած Հայաստանի Ռահվիրաներէն։ Եւ առաջին անգամ, հո՛ն, մեծ պողոտային վրայ կը հաւաքեն բովանդակ բուռերով ու բովանդակ հոգիներով բոցն ու վարդերն այն Արշալոյսին, որ Վարազի կռնակէն կը բացուի, հա՛ կը բացուի՝ այս անգամ արիւնածուփ ծովու մը պէս։