Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐՕՆՔՆԵՐԸ

Կրօնքներուն քննական ուսումը կարելի է ըսել, որ Լուտերին հետ կը սկսի եւ նախընթաց դարուն մէջ լեզուաբանութեան միջոցով կը հասնի իր բարձրագոյն զարգացման։ Երբ գիտութեան լոյսով հաւատքը տարակոյսի տակ կ՚իյնայ, եւ տարակոյսը, իբրեւ հետախուզումի խթան. մոլեռանդութիւնը սրտերու մէջ կսպանէ, այն ատեն հաւատքները կը սկսին գիտականօրէն քննադատուիլ ու այսպէս մարդը, երբ կրօնքէն կ՚ուծանի. կը սկսի կրօնքը աւելի լուսաբանել։ Եւ յիրաւի կրօնքը, թէ անհատին եւ թէ ընկերութեան վրայ հաւասարապէս ունեցած ներգործող ազդեցութեան պատճառով կարժէ զայն ուսումնասիրել, թէ պատմական տեսակէտով եւ թէ իմաստասիրական, մասնաւորապէս՝ հոգեբանական։

Երեք գլխաւոր զգացում կայ, որ մարդուս [թէ] բնախօսական, թէ իմացական կեանքին խարիսխը կը կազմէ։ Առաջինը, որ անգիտակցօրէն կը յայտնուի առաջին անգամ, որ կեանքը կը սկսի ապրիլ. այս կենսունակութեան զգացումն է (sentiment vital) որ առաջ կու գայ, երբ մարմնոյ գործառնութիւնները հաւաքապէս, թէ առանձին֊առանձին իրենց պաշտօնը կը սկսին կատարել, եւ ասոնք ցաւի, հաճոյքի զգացումներն են։ Հոս մարդը ինքն է, որ իրեն կունկնդրէ, կը կարդայ, իր այս զգացողութիւնները՝ առանց ուղղակի կերպով գիտակից ըլլալու եւ շօշափելու անոնց պատճառները։

Հոս մարդն է ինք իր մէջ ընկղմած։

Երկրորդ զգացումն է՝ իմացական եւ գեղարուեստական։ Մարդը կրկին թեւեր հագած է՝ միտքը եւ երեւակայութիւնը թողելու համար ուղեղին եւ սրտին բոյները եւ խառնուելու համար իրմէ տեղով թէ ժամանակով անջատ իրերու մէջ։ Այս պարագային մէջ բոլոր զգացողական երեւոյթները՝ որ է մարմնական ցաւերն ու հաճոյքները, անզգալի կ՚ըլլան, վասնզի գիտակութիւնը զբաղած է ցօլացնելու ուրիշ պատկերներ դրականապէս մեզմէ դուրս, հոգեպէս մեզի մօտեցած. եւ այս պատկերները կամ մտատիպարներն՝ մեզի կը պատճառեն իմացական եւ գեղարուեստական հաճոյքը կամ ցաւը, որոնք ցաւ կամ հաճոյք ըլլալով է միայն, որ մեզի հետ յարաբերութիւն ունին, թէ չէ իրենց աղբիւրները ուրիշ խաւերու մէջէն, զոր բանալու համար միտքը ստիպուած կրցածին չափ ինքնամոռացումով գործել։

Հոս Մարդը իրմէ դուրս բնութեան մէջ է ընկղմած։

Ուրիշ եւ երրորդ զգացում մ՚ալ Տիեզերածնական զգացումն է (sentiment cosmique) երբ գեղարուեստական (կամ իր նախնական ձեւին մէջ առնելով) երեւակայութեան զգացումը բնութիւնը կ՚արթնցնէ եւ կը բոցավառէ. բնութեան երեւոյթները միշտ տարանջատ չեն մնար, այլ իրենց ուժգնութեամբ վախի, պակուցումի եւ հիացումի ներգործութեամբ մարդս խորապէս կը շահագրգռին եւ իր մէջ կ՚արթնցնեն պարզապէս ցաւի կամ հաճոյքի նոր զգացում մը։ Մարդ կը զգայ, թէ կախումը ունի բնութենէն, թէ ան իր ճակատագիրը այլայլելու կարողութիւն ունի. ուստի իրարու մէջ կը հաստատուի կապ մը։ Եթէ մարդը քաղաքակրթած զարգացած է՝ բնութեան երեւոյթները զինքը կը շահագրգռին եւ այդ կապը կ՚ըլլայ գիտութիւնը ։ Եթէ մարդը նախնական դարերուն մէջ է կամ տգէտ, բնութեան երեւոյթները զինքը կը զարհուրեցնին եւ այդ կապը կ՚ըլլայ՝ կրօնքը ։

Ահա ինչո՛ւ թէ Տիեզերածնութիւնը (cosmogonie) հիմն է բոլոր կրօնքներուն։

Արդ այս վերջին ըսածներէս կը հետեւի, թէ կրօնքներուն մէջ կայ նախ՝ բանաստեղծութիւնը կամ գեղարուեստը, քանի որ մարդը երկիւղած զգացումով մը կը հառի բնութեան մակերեւոյթային ձեւերուն, հոն կայ գիտութեան սաղմը (զոր ան բացատրել չկրնալուն համար աստուածացուցած է), քանի որ միտքը դիտած է գրեթէ երկիւղով բնութեան երեւոյթները եւ անոնց այլափոխումները։ Յետոյ կայ բարոյաիմաստասիրական կիսազարգացած տարր մը, որ գիտութեան սաղմին հետ միասին մարդկային մտքով աւելի եւ աւելի յառաջադիմած եւ յետոյ եղած է անտրամաբան կրօնքներուն կործանիչ բաբանը։

Հին կրօնքներէն ամենէն զարգացածները, ինչպէս պրահմանականութիւնը, Գոնֆիւսիւսի վարդապետութիւնը եւ յուդայականութիւնը կամ մարգարէականութիւնը նկատուած են Տիեզերքէն վեր գիտակից եւ ազատօրէն կազմիչ ուժ մը եւ քննելով անոր բնութիւնը եւ էութիւնը, եղած են աստուածաբանական կրօնքներ կամ աւելի՛ աստուածաբանական, քան միւսները։ Անոնք, որ բնութեան տարրերը կամ մարդկային առաքինութիւններն եւ մոլորութիւններն աստուածացուցած, նոյնիսկ մարդացուցած են եւ տուած են անոնց ազգաբանութիւն մը, ապրելու եւ գործելու եղանակ մը՝ եղած են դիցաբանական կրօնքներ, ինչպէս եգիպտական, յունական, հռովմէական, հայկական հեթանոսութիւնը եւ մասամբ՝ մազտեականութիւնը։

Եւ վերջապէս անոնք, որ փոխանակ գուճէ, ոսկրէ կամ փայտէ արձաններու կամ կենդանիներու խորհրդանիշին տակ պաշտելու բնութեան զանազան երեւոյթները, զանոնք պաշտած[են] իբրեւ ճշմարիտ աստուածներ՝ ատոնք եղած են թանձրապաշտ կամ կռապաշտներ, ինչպէս ասորեստանցիները, մերթընդմերթ եբրայեցիները, թաոիզմի հետեւորդները, լոմպարտները, հոները, կեղտերը եւ բազմաթիւ վայրենիներ, որոնց անունները հոս թուիլը երկար պիտի ըլլայ եւ աւելորդ։

*

Արդ՝ հոս մեզի երկու գլխաւոր կէտ կը մնայ քննելու, նախ՝ թէ ժողովուրդները սկիզբէն ի վեր միշտ կրօնք մ՚ունեցա՞ծ են, եւ թէ արդեօք բոլորն ալ ունեցա՞ծ են, թէ՞ ոմանք անոնցմէ, եւ յետոյ թէ կրօնքը, երբ առաջին անգամ երեւան կու գայ մարդուն քով, միաստուածեա՞ն եղած է, թէ՞ բազմաստուածեան ։

Այս խնդիրը (թէ առաջին մարդերը կրօնք ունեցա՞ծ են, թէ՞ ո՛չ) մինչ ցարդ բոլորովին լուսաբանուած չըլլալէն զատ՝ լուսաբանելու համար իսկ մեզի կը պակսին պէտք եղած միջոցները։ Պէտք է ուսումնասիրել նախապատմական դարերու մարդը եւ իր կենցաղը եւ իր սովորութիւններն ու հաւատալիքներն։ Այս ընելու համար չկայ եւ չէր ալ կրնար ըլլալ ոեւէ պատմութիւն կամ յիշատակարան։ Մեզի կը մնայ թանգարաններու մէջ հնախօսական եւ հնէաբանական (paléontologie եւ archéologie) ատաղձ մը, որ դեռ կիսկատար է եւ չի բաւեր մեզի տալու այս խնդիրի մասին որոշ եւ վերջնական եզրակացութիւն մը։

Քարեղէն դարեշրջանին վրայ շատ քիչ բան գիտենք, գրեթէ ոչինչ։ Ըսփիի մարդը (որուն կմախքը քարայրի մը մէջ գտնուած, դեռ մինչեւ այսօր կը պահուի) ուզեցին կապիկի մը կազմուածքին նմանեցնել, բայց շատ գիտուններ այս բանիս հակառակեցան, անոր գանկային յօրինուածքին մէջ աւելի կատարելութիւն մը տեսնելով։ Իր զէնքը [1 անընթ. ] մըն է նուշի ձեւով հատուած, ոչ մէկ գծագրութիւն, ոչ մէկ քանդակ կը ցուցնեն, թէ այն ունեցած է երեւակայական էակի մը կամ բնութեան տարերքի մը աստուածացման գաղափարը։ Գուցէ այդ նախապատմական մարդը, ինչ֊որ հաւանական է, բոլորովին անկարող ըլլար ոեւէ չնչին նշանով պատկերել իր բնազդական պաշտումը եւ տարտամութիւնը իր բնածին հաւատալիքներուն։

Բայց մակտաղէական կամ յղկուած քարի դարեշրջանի մէջ մենք իրաւցնէ կը տեսնենք հաւատալիքի մը խորհրդանշանները։ Այս շրջանին մէջ ապրող cro-magnonic մարդը արդի վայրենիներէն աւելի զարգացած կը թուի։ Պատկերներ ունի փղոսկրի վրայ գծուած, իր եղջերուի որսորդը միջին դարերու եւ նոյնիսկ բուզանդական ծռմռկած իրաններէն եւ նիհարօրէն տձեւ դիմագծերէն աւելի գեղեցիկ կը ներկայանայ մեր ճաշակներուն։ Հաւատալիքի տեսակէտով ան մեզ թողած է մեռելական դամբաններ։ Այդ դամբաններուն մէջ մեռելներուն հետ անոնց հանդերձեալ ապահովելու համար զետեղուած են նաեւ ուտելիներ կամ զէնքեր։ Մահէն վերջ մարդուն համար ապագայ կեանք մը յուսալը արդէն իսկ բաւական է ցոյց տալու, թէ ան իր ողջութեան կը հաւատար, գիտակից ուժի մը կարող իր ճակատագիրը սահմանելու։ Այդ շրջանին եւ անկէ վերջ մինչեւ պատմական դարերը եղած (առասպելական շրջաններն ալ միասին հաշուելով) քանդակներ, փորագրուած նշաններ, առաւել կամ նուազ տձեւ արձանիկներ, որոնք այսօր մեր թանգարանները կը լեցնեն՝ ցոյց կու տան իրենց վրայ հաւատալիքի մը դրոշմը։ Այդ նշաններէն գլխաւորներն են Արեւը, Խաչը եւ Գուռը ։ Ամենէն առաջ Արեւը. այդ բեղնաւորիչ եւ կենդանացուցիչ հրեղէն գունտին մէջ պէտք է փնտռիլ հաւասարապէս ամէն կրօնքներուն արմատը։ Այդ լուսաւոր մոլորակը, փառքով եւ բարիքներով լեցուն, մարդուն կենակից եւ առանց անոր յաւերժօրէն վերապրող, այնքա՜ն մօտ մարդուն եւ այնքա՜ն հեռու, պէտք էր եւ կրնար ըլլալ Աստուծոյ մը մարմնացումը երկնքին մէջ, իսկ երկրիս վրայ իր բնութենակից ծնունդը՝ կրակը։ Երբ մարդը առաջին անգամ կրակը Աշխարհիս վրայ կը տեսնէր իր երկու փայտերու շփումով, այդ երկու փայտերու խաչաձեւումը իրեն համար կը մնար նուիրական։ Զայն հաւասարապէս կը պաշտէր, վասնզի այդ խաչաձեւ փայտերուն վրայ տեսած էր էակից մաս մը երկնային հուրին, անոր վրայ իջնալը նկատած էր իր Արեւուն ծնունդին, իր Աստուծոյ Որդւոյն: (Յետոյ ինչպէս բարեշրջման օրէնքով Խաչը կը միանայ Գուռին։ Եւ թէ ինչպէս հաւատալիքի այս ձեւը առաւել կամ նուազ ճշտութեամբ կը զարգանայ եգիպտական կրօնքներուն մէջ, Իսիսի որդուոյն, յետոյ Քրիստնայի եւ Պրոմետուսի գաղափարներուն մէջ եւ կու գայ մինչեւ քրիստոնէութեան մէջ միանալու, խտանալու եւ կազմելու նոր կրօնք մը, այս խնդիրը կը կազմէ ընդարձակ եւ շահեկան ուսումնասիրութիւն մը, զոր ինծի համար փորձելը երկար պիտի ըլլար հոս եւ յաջողելը անկարելի)։

Գալով պատմական դարերուն, մեզմէ ամէն ոք գիտէ, թէ մեծ եւ փոքր ազգերը ի՛նչ հաւատքով եւ ի՛նչ գեղեցիկ պաշտամունքով հաւատացած եւ ծառայած են իրենց աստուածներուն կամ Աստուծոյն։ Վայրենիներուն մէջ նոյնը կը գտնենք եւ որքան որ Լիւպոք Նոր Զելանդիայի մէջ կը մատնանշէ ցեղ մը առանց ոեւէ տեսակ կրօնքի։ Այս բնաւ համոզիչ չէ ժխտելու համար մարդկային բնութեան մէջ եղած ձկտումը դէպի գերմարդկային էակի մը հաւատքին։ Քանի որ վայրենիները իրենց կայուն յառաջդիմութեան պատճառով կը նկատեմ ոչ բնական մարդիկ, այլ կատարեալ այլասերածներ։

Արդ շատ կարեւոր կէտ մը կայ դիտելու, մարդիկ նախ միաստուածեա՞ն եղած են, թէ բազմաստուածեան ։ Ըսբենսըր բոլոր բարեշրջանակներուն հետ կը հաստատէ կամ կը ջանայ հաստատել երկրորդը՝ մարդիկ բազմաստուածեան եղած են ։ Բարեշրջութիւնը ինչպէ՛ս որ կ՚ընդգրկէ մարդուս ֆիզիքական եւ բարոյական կարողութիւններն, մարդկային ընկերութեան զանազան ձեւերը եւ իր բոլոր արտադրութեանց եղանակը՝ այսպէս նաեւ կրօնքը ։ Մարդը հիանալով բնութեան վրայ, անոր միակ Արարիչ մը չէ տուած, այլ անոր զանազան երեւոյթներուն զանազան արարիչներ, յետոյ իր աստուածներուն թիւը եկած ստուարացուցած են ոգիներու ստուերներու դիւրահաւատութիւնները եւ երազներու խորհրդապաշտութիւնները։ Բայց մարդիկ միշտ իրենց աստուածներունը ամբողջութիւնը չեն պահած։ Մտքի զարգացման մէն մի թռիչքը իր գահէն աստուած մը վար է ձգած։ Մինչեւ որ ան հասած է պաշտելու զա՛յն, զոր այլեւս իր միտքը չէ կրցած մեկնել կամ լաւ եւս ըսելով՝ մարդ պաշտած է միշտ իր տգիտութիւնը։

Բարեշրջանակներուն հակառակ կարծիքն է. ժողովուրդները ինչպէս տգիտութենէ դէպի քաղաքակրթութիւն կը դիմեն, այսպէս նաեւ անկարելի չէ (մանաւանդ որ օրինակները բազմաթիւ են), որ անոնք քաղաքակրթութենէ բարբարոսութեան մէջ իյնան։ Ուստի հակաբարեշրջականները կը հաւատան, թէ յետադիմական յեղաշրջումով մարդիկ միաստուածականութենէ բազմաստուածեան եղած են։ Նախ՝ երկնային շնորհքի մը պատճառով պաշտած են մէկ Արարիչ. յետոյ ոեւէ՛ շարժառիթով դարերու ընթացքին մէջ անոնք ինկած են խաւարի միջեւ, իրենց միտքը աղօտացած է, ուստի ան փնտռած է աւելի թանձրացեալ գոյացութիւն մը, աւելի նշմարելի խորհրդանիշ մը եւ իր այդ խորհրդանիշն եղած է Արեւը ։ Նախ՝ արեւուն մէջ պաշտած են իրենց Արարիչը, յետոյ կամաց֊կամաց Արեւն Արարչին տեղն անցած է, եւ մարդ սկսած է զոհել նիւթական Լոյսին, ի՛նչ որ կը զոհէր իր Աստծուոյն։

Ա՛լ անգամ մը մոլորական ճամբուն մէջ, ան պիտի չվարանէր նաեւ աստղերը եւ Լուսինը աստուածացնելու եւ կամաց֊կամաց օդերեւոյթները ամբո՛ղջ բնութեան։

Այս երկու կարծիքներէն ո՞րը ընդունելու է: Ես կարծեմ երկուքն ալ մասամբ, ո՛չ մէկը՝ ամբողջապէս։ Բացի յուդայականութենէն ամէն կրօնքներն ալ եղած են բազմաստուածեան, բայց քանի մը դեռ ուրիշ կրօնքներ, որոնց աղբիւրները թէպէտեւ տակաւին կիսաստուերի մէջ են, սակայն մեզի կը ներկայանան միաստուածութեան բոլոր որակիչ նշաններովը։ Եթէ առնենք Զորոաստրի եւ Պուտտայի վարդապետութիւնները, կը տեսնենք որ անոնք միաստուածութիւն է, զոր կը քարոզին, գէթ քանի մը երկրորդական Ուժերէն՝ հատ մը այնքա՛ն բարձրացուցած, այնքա՛ն գիտակցական եւ ամենակարող ներկայացուցած են, որ միւս քանի մը աննշան Ուժերը կը դառնան միայն իր ստորոգելիներն։ Այսպէս է Պրահման եւ այսպէս է Օրմզդը ։

Բայց ո՛չ Զորոաստրի, ո՛չ Պուտտայի եւ ո՛չ ալ Գոնֆիւսիւսի կրօնքները իրենց գրեթէ մաքուր միաստուածութեան մէջ պահուած են։ Այսօրուան նոյն իսկ կրօնական գրքերը օտար ձեռքերէ խառնակուած եւ աւելցուած կը գտնանք։ Դարերու երկար հոլովման մէջ ժողովուրդը իր Աստուածը շրջապատած է ամէն տեսակ աւելորդապաշտական չաստուածներով, ոգիներով եւ դեւերով։ Բայց այնուհանդերձ ամէն ժամանակի, ամէն տեղուոյ եւ ամէն ժողովուրդներու քով, յոյներէն եւ հռովմայեցիներէն մինչեւ յետին վայրենիները, միշտ ունեցած են իրենց Աստուածահայրը, կամ Աստուած մը միւսներէն բնութեամբ թէ պաշտօնով շատ աւելի գերադաս՝ այնպէս որ ազգեր եւ ժողովուրդներ մերթ տարտամօրէն, մերթ պայծառապէս միշտ զգացած են իրենց ճակատագրին վրայ միակ եւ գերմարդկային Ուժի մը փոթորկումը, որ միեւնոյնն է եւ յաւէտ միեւնոյնը պիտի ըլլայ ի՛նչ փոյթ թէ զինքը կանչին տարբեր անուններով՝ Արամազդ, Դիոս, Զեւս, Թոր, Նեմեսիս, Բահաղ, Պրահմա, Ահուրա֊Մազտա, Եհովա, Աստուած։