Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

«ՎԵՀԱՃԱՇԸ»

Bon appétit. Messieurs!

Տեղն է, որ մեծ բանաստեղծին խօսքը անգամ մը եւս կրկնուի։

Քաղաքականութեան մէջ ուտելը ստէպ անկումին նաւակատիկն ընել է։

Այսպէս էր Սուլթանին տուած ճաշը։

Դիւանագիտական հացկերոյթներ կան, ուր կշտանալու համար չեն բազմիր։ Հաւքաշը ամենակարեւոր միջադէպն է այդ պարագաներուն մէջ։ Մութ հարցերն այդ խաղով կը խորհրդանշուին։ Ամենէն անկարեւոր մասը, ամենէն կեղծը՝ բաժակաճառերն են. լա՜ւ գիտցէք զայդ։

Բայց Օսմանեան երեսփոխանները կշտանալու համար միայն եւ անշուշտ՝ գնացած էին, կամ լաւ եւս հրաւիրուած Եըլտըզի Վեհաճաշին։ Պէտք չէ՞ր միթէ սահմանադրութիւնը տօնել, եւ տօնել պալատին լիառատ մառաններուն մսաշերտերովը՝ մնացած թերեւս 1896-էն ի վեր այդ հոգ չէ՞. նահատակներուն մարմինները չեն հոտիր. լոյսը աղած է զանոնք։

Ուրեմն՝ bon appétit. Messieurs!

Բայց միասին ուտելո՛վ է, որ կը հաշտուին, պիտի ըսեն։

Այո՛, եթէ հակառակորդիդ ճաշէն հազիւ ելած՝ չի զգաս, որ խռչափողիդ մէջ ոսկոր մըն է մխուեր, եւ ատոր յանցանքն ալ մասամբ մը քուկդ է։

Մեր Վեհաճաշն ալ այս տեսակէն է անպատճառ։

Բայց ամենէն հետաքրքիրն այն է, որ անիկա րիզայական քաղաքականութեան մանրանկարը կը ներկայացնէ։

Մեր Երիտասարդ թուրքերը Յեղափոխութիւնը ալ ա՛յն աստիճան չափաւորութեան հասցուցին, որ իրենց փռիւգական կարմիր գլխարկը սկսան սուլթանական ծիրանիին կերպասէն կտրել հիմա։ Եւ այսօր իրենց համար ազատականութիւնը քիչ մը առաջ դողդողալով բռնութեան ձեռքը կարենալ սեղմելուն մէջ կը կայանայ, եւ այդ ալ միշտ համբուրելու համար՝ երբեք կոտրելու։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր հետեւանքը։

Հետեւանքը այն պիտի ըլլայ, որ չափաւորութիւնը պահպանողականութեան հետ շփոթելէ վերջ, այդ խոհեմ կոչուած յեղափոխութիւնը՝ բռնակալութեան մուրճով պիտի դարբնէ իր ազատական կարգն ու սարքը Եըլտըզը, որ համայն ժողովուրդին իրաւունքները կուրանար, ներկայ Խորհրդարանը՝ ազգերը պիտի ուրանայ, եւ մշակուած օրէնքներուն տասնաբանեայ տախտակները՝ ձեռքերնին՝ մեր անդրանիկ երեսփոխանները պիտի վազեն պալատ՝ անոնց արքայական հաստատավճիռն ընդունելու… բաժակ մը պաղ ջուրի հետ, որ ժողովուրդին սրտին տապը մարելէ հեռու է անշուշտ։

Եւ այդպէս Եըլտըզի շարունակութիւնն եղող ներկայ Խորհրդարանին շեմին վրայ, ո՜վ Տառապանքի անցորդ, կօշիկիդ փոշին թօթուէ՜ եւ ճամբադ շարունակէ՜…

Գանք սեւ պատմութեան միւս էջին։

Այդ յատկանշական վեհաճաշէն յետոյ՝ սուլթանին մէջ աղուէսը իր տաղանդին գագաթնակէտը տօնեց։ Ո՛չ մէկ վեհապետ տակաւին ժողովուրդին վրէժին վրայ յաղթութիւն տարբեր էր այսպէս։ Վրէժ կայ, որ Արդարութեան կարմիր բազուկն է։ Այդ արդար վրէժը նուաճելով՝ զինքը չքմեղելու համար՝ մի՞թէ Համիտի մը կմախքոտ ձեռքը պէտք էր, որպէսզի ճարտար կացինը վերցնէր։ Անշո՛ւշտ, երբ կացնին կոթը Ահմետ Րիզա մըն է։

Եւ սուլթանը խոնարհելով, համակամելով յաղթեց եթէ ոչ անցեալին եւ ապագային, այլ ներկային։ Ի՛նչ փոյթ թէ պատմութեան էջը միշտ սեւ կը մնայ։ Կասկարմիր սուլթանը՝ Վարդագոյն սուլթան կոչողներ կան այսօր, եւ այդ ալ շնորհիւ մեր չափաւոր եւ խոհեմ յեղափոխութիւն ընողներուն բաղնեպանի պաշտօնին։

Բռնակալը խոնարհեցաւ, այո՛, բայց յեղափոխութեան խրոխտ Գաղափարը ինկաւ օրըստօրէ։ Եւ այժմ իրարու հետ գիրկ գրկի, իրարու ժպտելով, զիրար շոյելով, առանց զգալու իսկ միասին կը սայթաքին, կը գահավիժին գլխիվար դէպի այն վիրապը, որուն մէջ իյնողը, իրա՛ւ, չի՛ մեռնիր, ինչպէս երբեմն, բայց կ՚աղտոտի գլխովին։ Եւ վաղը, ո՛վ գիտէ, գուցէ քայլերը շուտով շտկուին, եւ հայրենիքը արմատական բարեկարգութեան մը սկիզբն առնէ, ժողովուրդին մէջ հասարակաց ազատամիտ կարծիք մը քաղաքական ընթացքները եղանակաւորէ, սակայն մէկ բան միայն, միշտ մէկ բան պիտի մնայ Ժողովուրդին Տանը շեմին վրայ առաջին մուտքով իսկ բոզացած՝ Պատիւը ։

Գանք pornographique մելոտրամիկ հուսկ արարուածին։

Եւ մտածե՜լ որ այդ վեհաճաշին հայեր ալ բազմակից էին։ Լրագիրը որ ինծի այս լուրը բերաւ, չորս կտոր ըրի։ Իրաւո՛ւնք ունիս բռնութեան լկամը, երբ բերանդ է լռելու, իրաւո՛ւնք ունիս շղթային ծանրութեան տակ, եթէ ո՛չ հոգիդ, այլ վիզդ ծռելու, իրաւո՛ւնք ունիս անտարբեր յօրանջելու, բայց երբ նորածագ ճառագայթին հանդէպ գլուխդ հազիւ վերցուցած, ճակատդ վար կ՚առնես նորէն եւ մինչեւ ցեխին մէջ կը մխրճես՝ ստրուկի՛ որդի ես։ Հայկական յեղափոխութեան բոլոր բարոյական արդիւնքները հովին ու ջուրին տանք, բոլոր իր նուիրած օգուտները մտացածին համարինք եւ ուրանալով ուրանանք, բայց մէկ բան, զոր անիկա գնդակովը պաշտպանեց եւ արիւնովը սնոյց, զոր իր իսկ առանցքն ըրաւ եւ իր իսկ նպատակներուն գերագոյնը, որուն հակակշռին մէջ դրաւ օր մը բովանդակ ժողովուրդին մահուան եւ կենաց հարցը՝ անիկա Ազգային Հոգիին Ամբողջականութիւնն է, Հայկեան հպարտութիւնը (fierté), վեհ, երկաթահիւս, անընկճելի, անձեռնամխելի, որ մարդ էակին գեղեցկութիւնն է, իսկ ազգի մը Վահանը։ Այդ Հպարտութիւնը, որ հեռի է ամբարտաւանութիւնը ըլլալէ, ամէն մէկ հերոսի մահով պղնձացաւ, ամէն մէկ դիւցազնի արիւնով ջրդեղուեցաւ։ Այդ փրկարար հոգեկան Հպարտութիւնն է, զոր մեր երրեակ երեսփոխանները այդ Վեհաճաշին բազմակից ըլլալով՝ իրենց զգացումներէն փետրաթափ ըրած եղան։

Եւ յետոյ մտածել աջահամբո՜յրը։ Աջ մը՝ դեռ տաք եւ վիրամուխ, աջ մը, զոր բնաւ գութը չի շարժեց, զոր դեռ զղջումը սրտին վրայ չի տարաւ զետեղել, զոր խղճի ձայն մը դեռ չի դողացուց, վասնզի այդ խիղճը մեռած է առյաւէտ, աջ մը, որ ճարտարօրէն լուացուեցաւ՝ առանց երբեք մաքրուած ըլլալու. աջ մը՝ դեռ թարմօրէն արիւնոտ, մի՞թէ այսպէս վիճակուած էր հայ երեսփոխանին համբոյրով սրբուելու։

Մեզ ճակատագրուած է քալել ուրիշ ազգերու հետ խառն կամ զուգահետ, քալել զինակից կամ արօրակից։ Քալենք բա՛ց սրտով դէպի այն արշալոյսը, զոր բահով պիտի ճեղքենք, եւ որ խոստացուած է բոլոր շղթայուածներուն, կեղեքուածներուն, զրկեալներուն եւ անսւաղներուն վէրքերը լուալու՝ իբրեւ բալասան. քալենք դէպի այդ արշալոյսը, բայց միշտ մեր հոգիին անձեռնամխելի ամբողջականութեամբը եւ հայկեան հպարտութեամբը։ Մեր պայքարին պատմութիւնը ասով է, որ պիտի պարծի, Հայկական յեղափոխութեան վերջաբանն է այս, որուն դէմ դրժող սերունդը անջիղ եւ ստրուկ սերունդ մը միայն կրնայ ըլլալ։

Հիմակուհիմա միակ յանձնարարութիւն մը ունինք. Օսմանեան խորհրդարանին մեծամասնութիւնը անհրաժեշտ է, որ այդ լիառատ վեհաճաշէն յետոյ երթայ լաւ մաքրողական մը խմէ։