Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Տիկնայք եւ Տեարք,

Տարակոյս չկայ որ, երկրին եւ Հասարակութեանս ներկայ վիճակին մէջ պատեհ չէր մրցանակաբաշխութեան մեծադղորդ հանդէս մը կազմակերպել. ուստի եւ Խնամակալութիւնս կը գոհանայ այս համեստ համախմբումով, պսակուելու համար այս տարուան հինգ շրջանաւարտ պարոններ եւ համառօտիւ պարզելու համար Հասարակութեան առջեւ մեր խնամքին յանձնուած ազգային այս կրթական բարձրագոյն Հաստատութեան բարոյական, ուսումնական ու նիւթական կացութիւնը։

1912 օգոստոսի կիսուն, Ազգ. [ային] Պատկ. [առելի] Վարչ. [ական] ժողովը հրաւիրեց զմեզ ստանձնելու Ս. [ուրբ] Գ. [րիգոր] Լ. [ուսաւորիչ] Ուսումնարանին վարչութիւնը։ Պահ մը դժուարացանք այդ ծանր պատասխանատւութիւնը ստանձնելու, որովհետեւ գիտէինք թէ Ազգ. [ային] ուրիշ ոեւէ հաստատութիւն մը մատակարարելու չէր նմաներ այդ։ Նիւթական եւ բարոյական բազմադիմի դժուարութիւններով շրջապատեալ, ապագայ սերունդը, ապագայ Հասարակութիւնը դարբնելու, կաղապարելու դժուարագոյն ու ծանր հրաւէրն էր, որ կ՚ուղղուէր մեզի։ Քաջ ըմբռնելով հանդերձ մեր վրայ ծանրացող մեծ պատասխանատւութիւնը եւ առանց դեգերելու մեր ոյժերու բացարձակ անբաւականութեանը առջեւ, եռանդով նետուեցանք ասպարէզ, ապաւինելով Վարչ. պատկ. ժողովոյն բարեացակամութեան եւ ազգին բարեսէրներուն ապացուցուած ողջամտութեանը։

Թերզեան նախորդ պատրիարքն Ատանայէն Պոլիս գալուն, իրեն առաջին գործն ըրաւ Ամէն. [ապատիւ] Սապպաղեան Կ. պատրիարքի օրով Ազգ. Վարչութեան հետ համաձայնութեամբ անուանուած Ուսումնարանիս Խնամակալութիւնը ձեռնթափ ընել. այս մասին Ազգ. ժողովոյ մէջ քանիցս յայտնուած բողոքներն ու մասնակի խօսակցութեանց մէջ եղած թելադրութիւններն ալ անհետեւանք մնացին։

Հետզհետէ սակայն ի յայտ եկաւ իր բուն դիտաւորութիւնը, որ էր Ուսումնարանը կղերանոցի վերածել։ Այս ուղղութեամբ իր տեսակէտին համեմատ Հասարակութեանս մէջ աշխարհական վարժարան պիտի չմնար, քանի որ մէկ կողմէն ալ մեթոտիք հալածանքի մը ձեռնարկած էր Մխիթարեան վարժարաններուն դէմ, եւ ի շահ իր հաստատելիք կղերանոցին գործածէր ո՛չ միայն Հռոմէն իր ստանալիք նպաստները, այլեւ Ուսումնարանիս պահպանմանը համար յատկացուած կտակեալ եւ ապահովեալ գումարները։

Այսպէս իր կրկին նպատակակէտերը պիտի իրականանային. բարձում աշխարհական վարժարանին եւ գրաւում անոր պատրաստ եկամուտներուն՝ ի նպաստ կղերանոցին։

Այս մօտալուտ վտանգին առջեւ Ազգ. Պատկ. Վարչութիւնն անշուշտ անտարբեր չէր կրնար մնալ. հետեւաբար Ազգին այս կենսական շահը ապահովելու համար հարկ դատեց Ուսումնարանը իր անմիջական հսկողութեան եւ իրաւասութեան ներքեւ առնուլ։ Ուստի եւ առանց դեդեւելու տուաւ իր որոշումն եւ խիստ կտրուկ կերպով գործադրեց զայն՝ երախտապարտ թողլով Հասարակութիւնը։

Արդ, այս պարագաներուն մէջ մեզի յանձնուած ըլլալով Ուսումնարանը, առանց կատարուելու փոխանցումի սովորական եւ անհրաժեշտ ձեւակերպութիւնները, բոլորովին անտեղեակ էինք անոր կացութեանը։ Ըսինք թէ 1912 օգոստոս 15-ին պաշտօնի ձեռնարկեցինք։ Հարկ էր ուրեմն երկու շաբաթուան միջոցին Ուսումնարանը վերաբանալ. սակայն ո՛չ Տնօրէնութիւն կար, ո՛չ Ուսուցչական որոշ մարմին, ո՛չ ծրագիր, ո՛չ պիւտճէ. ամէն ինչ տակնուվրայ, եւ մանաւանդ թէ ո՛չ ոք կար, որ մեզի տեղեակ ընէր անցեալին։

Այս խառնաշփոթ եւ անկերպարան վիճակին մէջ խնամակալութիւնը ամէն ջանք ի գործ դնելով յաջողեցաւ վերաբանալ Ուսումնարանը ըստ սովորութեան սեպտեմբերի սկիզբը, ամբողջացուցած ըլլալով ամէն կարգադրութիւն։

Հասարակութեան մեր վրայ ունեցած վստահութեան մէկ ապացոյցը պէտք է նկատել այն պարագան, թէ մինչ նախորդ շրջանը 75 հոգիով փակուած էր, վերամուտի առաջի օրերէն իսկ 120-է աւելի աշակերտներ արձանագրուեցան, թիւ մը, որ սովորական չէր ցարդ Ուսումնարանի համար։ Հակառակ մեզի դէմ բացուած եկեղեցական պաշտօնական հալածանքին, որով հոգեւոր հաղորդակցութենէ զրկուած կը հռչակուէին Ուսումնարանս յաճախող թէ՛ աշակերտք եւ թէ՛ անոնց ծնողքը միանգամայն, հակառակ մինչեւ իսկ տուներու եւ ընտանեաց ծոցին մէջ կատարուած ճնշումներու, միա՛յն 14 աշակերտ ընդհանրապէս աղքատ դասակարգէ հեռացան Ուսումնարանէն։

Բարոյական վիճակ

Ուսումնարանին բարոյական վիճակը վերին աստիճան ինկած գտանք. ուսուցիչք, ծնողք եւ աշակերտք իսկ իրենց դժգոհութիւնը չէին ծածկեր։ Ուսուցիչներէն ոմանք նոյնիսկ Ուսումնարանին բոլոր աշակերտները ճամբել եւ նոր աշակերտներով վերստին գործի սկսիլ թելադրեցին մեզի։ Սակայն աւելի մանրազնին քննութիւն մը երեւան բերաւ, թէ Ուսումնարանին մէջ տիրող անկարգութիւնը աւելի արդիւնք էր վերջին երկու տարիներուն մէջ տնօրէնութեան եւ հսկողութեան բացարձակ չգոյութեան հետ մէկտեղ աշակերտներուն ազգային խնդիրներով զբաղելուն։ Ուստի հոգ տարուեցաւ, որ բացարձակ կերպով արգիլուի աշակերտներու, ըլլա՛յ ազգային, ըլլա՛յ կրօնական, խօսակցութիւններ կամ վիճաբանութիւններ ընել իրենց մէջ կամ ուսուցիչներու հետ։ Միեւնոյն ատեն կարգապահական միջոցներու անթերի գործադրութեանը ուշադրութիւն եւ խնամք տանելով՝ քիչ ժամանակի մէջ գնահատելի արդիւնքներ ձեռք բերուեցան, եւ մէկ քանի անուղղեայ աշակերտներու արտաքսումով յաջողեցանք վնասակար մթնոլորտէ մը ազատել Ուսումնարանը, որով բարոյական վիճակին բարելաւման հետ ապահովուեցան նաեւ աշխատութեան եւ ուսման մէջ յառաջադիմութեան լաւագոյն արդիւնքներ։

Անշուշտ չենք կրնալ պարծենալ, թէ Ուսումնարանը այս մասին կատարելութեան վիճակի մը մէջ հասցուցած ենք, բայց մէկ տարուան մէջ յառաջ եկած յաջողութիւնը մեր ակնկալութենէն աւելի է. որովհետեւ այս աստիճան անկեալ վիճակ մը հիմնապէս բարեփոխելու համար շատ աւելի երկարոգի եւ տեւական աշխատութիւն մը պէտք է։

Ուսումնական վիճակ

Կրթական ոեւէ՛ հաստատութեան ուսումնական մակարդակը պէ՛տք է չափել իր բարոյական մակարդակէն։ Մեր այս համոզումն անգամ մ՚եւս հաստատուեցաւ մեր վերջին տարուան փորձառութեամբ։ Ուսումնարանիս մէջ անցեալ երկու տարիներու բարոյական անկումը անոր ուսման մակարդակն ալ իջեցուցած էր բարձրագոյն նախակրթարանի մը աստիճանին։ Այս վիճակը հաստատեցինք ո՛չ միայն ներկայ աշակերտներու քննութենէն, այլ նաեւ Եւրոպա ղրկած պուրսի էներէն, որոնցմէ ոմանք հակառակ շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ տարի մը եւս իրենց կարգը կրկնած ըլլալուն, չեն կրցած իրենց գացած վարժարաններուն ուսմանց օգտակարապէս հետեւիլ։ Այս մասին տարեկան զանազան քննութիւններուն մէջ իրենց ստացած նիշերը եւ այդ վարժարաններու Տնօրէններուն մեզի գրած նամակները պերճախօս ապացոյցներ են։

Այդ ցաւալի կացութիւնը դարմանելու համար մեր ըրած քննութիւններէն երեւան եկաւ, որ Ուսումնարանին մէջ վերջին տարիներս գրեթէ անխտրաբար բոլոր աշակերտներու դասարան փոխել տրուած է՝ առանց ուշադրութիւն ընծայելու յաջողակներու եւ անյաջողակներու եւ երբեմն ալ քիչ թէ շատ յաջողակ աշակերտներու երկու դասարան մէկէն փոխել տալով, դասարաններու մէջ ոյժերու այնպիսի անհաւասարութիւն մը գոյացեր է, որ շատեր տկար ըլլալով, չեն կրնար հետեւիլ ուսմանց եւ արգելք կ՚ըլլան, որ իրենց միւս ընկերներն ալ պարտ ու պատշաճ եղանակով յառաջադիմեն։

Ուստի նկատելով, որ այս ուղղութիւնը կը վնասէ ամէն կարգի աշակերտներու եւ կը վհատեցնէ նաեւ ուսուցիչները, Խնամակալութիւնս՝ համաձայն Տնօրինութեան հետ, որոշած է յառաջիկայ տարի շատ խիստ կերպով ընտրել այն աշակերտները, որ դասարան պիտի փոխեն, որպէսզի դասարաններու մէջ ոյժերու հաւասարութիւն ստեղծուի, իւրաքանչիւր որ իր կարողութեան համապատասխան դասարանի մը մէջ զետեղուի, եւ այսպէսով թէ տկարները եւ թէ յաջողակները կարենան իրենց աշխատութենէն օգտուիլ։

Յառաջիկայ տարուան համար այս որոշումը տալով հանդերձ Խնամակալութիւնս աչքէ չվրիպեցուց ներկայ տարուան համար ալ ստիպողական համարուած ինչ-ինչ միջոցներ ձեռք առնել, մանաւանդ որ շրջանաւարտներ ալ պիտի ունենայինք եւ հարկ եղած յաւելումներն ըրաւ թէ՛ հայերէնի, թէ՛ թուրքերէնի, թէ՛ ֆրանսերէնի եւ թէ՛ գիտութեանց ժամերը աւելցնելով անշուշտ պիւտճէին ներած չափով որպէսզի ըստ կարելւոյն դարմանուին անցեալին թերութիւնները։

Թէպէտեւ չենք կրնար ըսել, որ այս տարուան շրջանաւարտները մեր բաղձացած ծրագրին համապատասխան կերպով պատրաստուած են, բայց գոհութեամբ կրնանք յայտարարել, թէ կարելին ի գործ դրին արժանանալու համար իրենց տրուած վկայականին։

Ուրեմն Ուսումնարանիս մէջ կատարուելիք բարեփոխութիւնները յառաջիկայ տարիներուն մէջ աւելի զգալի պիտի ըլլան, եւ ներկայ պահանջներուն յարմար լաւագոյն ծրագրի կը գործադրութիւնը մէկ քանի տարի յետոյ պիտի տայ սպասուած արդիւնքը, արդիւնք, որոնց համար վստահօրէն կրնանք ըսել, թէ լաւ պիտի ըլլայ։

Նիւթական

Այս ուղղութեան մէջ մեզի ամենէն աւելի վստահութիւն եւ քաջալերութիւն ներշնչող պարագաներու վրայ խօսելէ առաջ չեմ կրնար արգիլել ինքզինքս ներկայացնել Ձեզ, Տիկնայք եւ Տեարք, Ուսումնարանիս նիւթական վիճակը։

Դպրոցական շրջանին սկիզբը նախատեսուած պիւտճէի բացը մօտաւորապէս 135 օսմ. ոսկի էր։ Այս կացութեամբ եւ ներկայ աննպաստ պարագաներու մէջ ո՛չ միայն չէինք կրնար խորհիլ Ուսումնարանին մակարդակը բարձրացնելու, այլ նոյնիսկ երկիւղ ունէինք, թէ ի՛նչ միջոցներով պիտի կարենայինք ուսուցիչներու ամսաթոշակներուն վճարումն ապահովել։ Այս կէտը կարեւոր էր մեզի համար, որովհետեւ գիտէինք թէ կարելի չէր օգտակար գործունէութիւն մը սպասել ուսուցիչներէ, եթէ մենք մեր կողմանէ կարող չըլլայինք կատարել մեր յանձնառութիւնները հանդէպ իրենց։

Ուսումնարանիս մատակարարութեանը մասին ամփոփ գաղափար մը տալու համար Ձեզի, յիշենք անոր ծախուց եւ հասոյթից գլուխները՝

Տնօրէնութիւն, 20 ուսուցիչ, որոնց 8 ֆրանսացի եւ 12-ը հայ, սպասաւորներ, վառելանիւթ, զանազան նորոգութիւններ, տպագրական եւ այլ մանր ծախք, տարեկան 1035 օսմ. ոսկիի կը յանգին։

Ասոր փոխարէն իբրեւ հասոյթ ունինք.

Օսմ. կառավարութեան հացի եւ մսի ռոճիկի արժէքը         օսմ. ոսկի    288

Ֆրանսական կառավարութեան տարեկան նպաստը         »        »        220

Ազարեան վսեմ. Արիստակէս էֆ. հրիտակէն                   »        »        180

Աշակերտներու թոշակներէ գոյացած տարեկան                »        »        212

Գումար                                                                                            900

որով պիւտճէն կը ներկայացնէր 135 օսմ. ոսկիի բաց մը։ Խնամակալութիւնս այս վիճակին դարման մը խորհելու մտահոգութեան մէջ էր, երբ բարեսէր անձնաւորութիւն մը ինքնաբերաբար տասն օսմ. ոսկիի նուէր մը ըրաւ Ուսումնարանիս։ Այս առաջին յաջողութիւնը արծարծեց մեր եռանդը եւ մղեց զմեզ աւելի վստահութեամբ, դիտելով ապագան, հասոյթի նոր աղբիւրներ որոնելու։

Ուստի եւ դիմեցինք Վսեմ. [աշուք] Ալլահվէրտեան Յովհաննէս էֆ. [էնտի]ի հրիտակի միւթեւելլիներուն եւ խնդրեցինք, որ ի սկզբանէ Ս. Գ. Լ. Ուսումնարանին նպաստելու իրենց բարի դիտաւորութիւնը այս անգամ իրագործեն, մանաւանդ որ ըստ իրենց բացայայտ կամքին, կրթական այս Հաստատութիւնը Ազգ. Վարչութեան ուղղակի հսկողութեան ներքեւ գտնուելով, ալեւս արգելք մը չկար, որ ան իր բարձր կոչման ծառայէր՝ կրթելով եւ դաստիարակելով Ազգին զաւակները։

Երկուստէք կատարուած բանակցութիւններու հետեւանքով, յիշեալ Ազնուազարմ միւթեւելլիները վստահութիւն գոյացուցին, թէ Ուսումնարանը այսուհետեւ հաւատարմօրէն պիտի կրնայ ծառայել իր վեհ նպատակին, եւ անոր ուսումնական մակարդակը բարձրացնելու նպատակով՝ յօժարեցան տարեկան 100 ոսկիի նպաստ մը յատկացնել, պայմանաւ, որ այդ նպաստը ոչ թէ ներկայ տարուան պիւտճէի բացը լրացնելու, այլ ինչպէս ըսինք, Ուսումնարանի ծրագիրը բարձրացնելու գործածուի՝ թողլով որ Ազգը իր սովորական միջոցներով հաւասարակշռէ պիւտճէն։

Բացի այս տարեկան 100 օսմ. ոսկիի նպաստէն, որ Խնամակալութիւնս պիտի ստանայ յառաջիկայ տարիէն սկսեալ, յիշեալ Ալլահվէրտի հրիտակի Ազն. [ուազարմ] միւթեւելլիները տրամադրութիւն յայտնեցին նաեւ տարեկան 60-65օսմ. ոսկիի երկրորդ գումար մ՚ալ յանձնել Խնամակալութեանս, ֆրանսական կառավարութեան կողմանէ շնորհուած պուրսերու ղրկուած երկու աղքատ ուսանողի յաւելուածական ծախքերը հոգալու նպատակով։

Խնամակալութիւնս երախտագիտական պարտք մը կը համարէ, հո՛ս, Ազգին ներկայացուցիչներուն առջեւ անգամ մը եւս կրկնել իր ամենախորին շնորհակալութիւնները Վսեմ. [աշուք] Յովհաննէս էֆէնտի Ալլահվէրտեանի եւ անոր հրիտակին միւթէվէլլիներուն, որ այնքան նպատակայարմար եղանակով մը գործածելով հանդերձ իրենց վստահուած գումարը, խթան մը եղան նաեւ, որ նոր բարերարներ երեւին ներկայ տարուան Ուսումնարանիս բաց պիւտճէն հաւասարակշռելու համար։

Հետեւաբար դիմեցինք Ազգ. Վարչութեան եւ պարզելով Ալահվէրտեան հրիտակի կտակարաներու հետ գոյացած համաձայնութիւնը, խնդրեցինք որ դարման մը խորհուի ներկայ տարուան պիւտճէի պակասը լրացնելու համար։

Եթէ չեմ սխալեր, Հասարակութեանս տարեգրութիւններուն մէջ առաջին անգամն ըլլալով, պէտք է արձանագրել, թէ Վարչ. Պատկ. Ժողովը Պատրիարքարանի սնտուկէն 50 օսմ. ոսկի օժանդակութիւն մը ըրաւ Ուսումնարանիս, հակառակ իր դրամական նեղութեանը, այսու ցոյց տալով, թէ Ազգին բարերարներուն ձայնը որքան շուտ կարձագանքէ այս շրջափակին մէջ եւ թէ ի՛նչ մեծ նշանակութիւն ունի Վարչութեան համար կրթական գործին մղում տալու պէտքը։

Սակայն եւ այնպէս, դեռ դրամի պէտք ունէր Խնամակալութիւնս եւ երկրին ներկայ պայմաններուն մէջ շատ դժուար կը տեսնէր մեր անմիջական շրջանակին մէջ կարեւոր նոր օժանդակութիւնները գտնել. ուստի դիմեցինք եգիպտաբնակ Վսեմ. [աշուք] Յովհաննէս պեյ Մաթոսեանի, այն ազնիւ ազգայինին, որ գեղեցիկ նամակով մը 40 օսմ. ոսկիի նպաստ մը ըլաւ Ուսումնարանիս։ Շնորհակալութիւն այն պատուական հայուն։ Վսեմ. Մաթոսեան պեյի այս ազգասիրական ժեսթը ցոյց կու տայ, թէ ո՛ւր որ ալ ըլլայ հայը, իր բնագաւառին մէջ, Պոլիս թէ՛ Եգիպտոս, ան միշտ կ՚ապացուցանէ, թէ բաբախուն սիրտ մը ունի դպրոցի եւ կրթութեան համար, որովհետեւ համոզուած է, որ հո՛ն է ապագան, հո՛ն է մեր յառաջդիմութեան բանալին։

Խորապէս երախտապարտ ենք բոլոր բարեսիրտ նուիրատուներուն իրենց խիստ թանկագին օժանդակութեանը համար, սակայն եւ այնպէս, Տիկնայք եւ Տեարք, Ուսումնարանիս ելեւմուտքը դեռ չէ հաւասարակշռուած եւ մեր պատուական բարեկամները՝ Զարեհ էֆ. Բեքմեզեան եւ Գրիգոր էֆ. Պեճիտեան, ազնուաբար յանձն առին հանգանակութեամբ մը հոգալ եւ լրացնել մեզի պակաս գումարը։ Քաջայոյս ենք, թէ ամէն հայ անհատ պարտականութիւն մը պիտի նկատէ իրեն դիւրացնելու հանգանակութեան գործը, միջոց ընծայելով մեզի շարունակելու սկսուած այս ազգաշէն ձեռնարկը:

Ուսումնարանի վերաբերեալ ուղղակի հոգերէն զատ Խնամակալութիւնս ներկայ տարուան մէջ զբաղեցաւ նաեւ պուրսիէներու ծանրակշիռ խնդրով։

Ֆրանսական կառավարութեան կողմանէ շնորհուած ինը զանազան պուրսերու ղրկուած աշակերտները ընդհանրապէս համեստ ընտանիքներու զաւակներ ըլլալով, կարող չէին իրենց յաւելուածական ծախքերը հոգալու, ծախքեր, որոնք բաւական կարեւոր գումարի մը կը յանգին, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք նաեւ ճամբու ծախքը։

Անցեալ տարուան սկիզբը, երբ Խնամակալութիւնս իր պաշտօնին ձեռնարկեց, 7 պուրսի էներու ճամբու եւ այլ յարակից ծախքերը հոգալու հարկին ներքեւ գտնուեցաւ։ Եւ սակայն Ուսումնարանը մինչեւ ցարդ երբեք իր ուղղակի պիւտճէէն չէր կրցած մաս մը հասկացնել պուրսի էներու ծախքերուն, այլ միշտ ջանացած էր կամ անհատական նպաստներ գտնել եւ կամ այնպիսի տղայք ղրկել, որոնց ծնողքը կարենային ստանձնել իրենց զաւկին ծախքերը։

Վերոյիշեալ 7 աշակերտներէն 2-ը արդէն նախորդ տարիներու մէջ Եւրոպա ղրկուած, բայց արձակուրդի առիթով Պոլիս եկած էին, մինչդեռ 5 ուսանողներ ի նորոյ պիտի մեկնէին։

Այս եօթը ուսանողները ուղարկելու համար Խնամակալութիւնս մօտաւորապէս 100 օսմ. ոսկիի պէտք ունէր եւ սակայն առձեռն տրամադրելու ոչինչ ունէր։ Հոս պէտք է մասնաւոր կերպով շեշտենք մեր անկեղծ շնորհակալութիւնները Ս. Յ. [ակոբայ] Պատ. [ուաւոր] Հոգաբարձութեան, որ հակառակ իր դրամական անձուկ կացութեան, գնահատելով ուսանողներու օգնելու աւագ կարեւորութիւնը, եղբայրական ձեռք մը կարկառեց մեզի եւ երկու ամսուան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, հանգուցեալ Ազարեան Արիստակէս էֆ. [ենտ]ի հրիտակին հաշիւէն վերոյիշեալ 100 օսմ. ոսկին տրամադրեց, որով կարելի եղաւ Խնամակալութեանս այդ եօթն ուսանողները ղրկել Ֆրանսա։

Տարւոյն ընթացքին մէջ ալ շարունակեց Ս. Յակոբայ Հոգաբարձութիւնը իր վճարումները, բայց այս գումարը բաւական չըլլալով՝ հարկաւոր ծախքերը ամբողջովին գոցելու, Խնամակալութիւնս ստիպուեցաւ Ուսումնարանի պիւտճէէն 60 օսմ. ոսկիի չափ փոխտւութիւն մը ընել ուսանողներու հաշւոյն:

Այսպէս ներկայ շրջանին մէջ ուսանողներու համար ծախսուած է 200 օսմ. ոսկիի պատկառելի գումար մը։

Ինչպէս վերը յիշեցինք, Ալլահվէրտեան հրիտակէն տարեկան 60-65 օսմ. ոսկիի նպաստ մը պիտի ընդունինք յառաջիկայ տարիէն սկսեալ, բայց հարկ անհրաժեշտ է, որ նոր օժանդակութիւններ գտնենք այս մասին, որովհետեւ ֆրանսական կառավարութեան կողմանէ մեզի տրամադրուած այս 9 պուրս երը այնպիսի բացառիկ շնորհ մը կը ներկայացնեն, որուն նմանը Պոլսոյ մէջ ոչ մէկ վարժարան կը վայելէ։

Խնամակալութիւնս մինչեւ հիմա խիստ անկանոն կերպով եղած այս պուրս երու մատակարարութիւնը բարւոքելու համար մասնաւոր Կանոնադրութիւն մը խմբագրեց, զոր Ազգ. Վարչ. ժողովն ալ հաստատեց եւ որ պիտի գործադրուէ յառաջիկայ տարիէն սկսեալ։ Կարժէ ուրեմն որ այս պուրս երէն լաւագոյն արդիւնքներ քաղելու համար, Հասարակութիւնը ամէն զոհողութիւն յանձն առնէ եւ դրամական օժանդակութիւն ընէ մեզի, որպէսզի ամէն կերպ դժուարութիւններէ եւ բարոյական հոգերէ վերջ՝ նիւթական անկարելիութեան առջեւ տեղի տալու չստիպուինք եւ կարենանք աշխատիլ հասցնելու երկրին ու ազգին անձնուէր, ուսեալ եւ պարտաճանաչ անհատներ։

Այս քաղցր ակնկալութեամբ կ՚աւարտենք մեր խօսքերը, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր հանդիսականներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ եկած են քաջալերել ազգ. [ին] Կրթական Գործը։