Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

5. [ԱԹԱՆԱՍ ՏԻՐՈՅԵԱՆԻՆ]

[21-23 յուլիս, 1902, Կ. Պոլիս]

Սիրելի եւ սիրելի վարդապետ,

Կը գրէք հաճութեամբ եւ սիրով. Ձեզի պարտական եմ։ Այդ գրերը ազնիւ դաստիարակիս գրերն են, զանոնք տենչանքով կը լափեմ։

Ձեր երկու նամակին դէմ՝ ես մէկը պիտի յղեմ, երկրորդը լոկ պիտի ըլլայ սիրելի դաստիարակին ու խոնարհ աշակերտին [շուտադէպ] տեսութիւնը հոդ՝ այդտեղ… Այլեւս աւելորդ է ըսել, թէ անցագիրս գրպանս է։ Երանաւէտ տեսութիւն։ Մեր թղթակցութիւնն ալ օրհասականի մահճին մէջ կը հեւայ, իր մահը, փոխանակ արցունքի, ժպիտներ պիտի ծնանի։ Տեսնա՜նք։

Ձեր վերջին նամակին վերջին մասերուն մէջ իրականացած գուշակութիւն մը գտայ ես եւ այրած սիրտ մը. Ձեր սիրտն [է] այն՝ իր կիզումին մէջ վեհ, գորովի եւ կորովի։

Չարամտութեան գործիչներուն համար կ՚ըսէք (ամօ՜թ իրենց)։ Չարամիտներ, ո՞վ կ՚ըսէ (պարծա՜նք իրենց)։ Իրողութեան տեղեակ եմ։ Լուսանկարներն ստացայ ու յանձնեցի պարոն Ս. Փանոսեանին, հաւատարիմ ան իր խոստման, որ պիտի բաժնէ զանոնք իրենց տեղերը։ Ժամանակ չունիմ, ներեցէք։ Յառաջիկայ շաբաթ օրը Շոյտի շոգենաւով Ձեզ կ՚ուղեւորուիմ։

Այս տեղէն բաժանումը քիչ մը դառն [կ՚ըլլայ], գոցենք։

Վերջապէս բաժանում չէ՞։

Հայրս կը բարեւէ Ձեզ ջերմագին եւ սուրբ աջերնիդ կը համբուրէ։ Ընկերներուս բարեւները։

Ի քաղցր տեսութիւն։

Մնամ յարգանօք եւ սիրով՝
[Դանիէլ Չպուգքեարեան]