Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

6. [ՄԻՔԱՅԷԼ ՉՊՈՒԳՔԵԱՐԵԱՆԻՆ]

[21-23 յուլիս, 1902, Կ. Պոլիս]

Այս վերջին նամակս է, զոր Պոլիսէն Ձեզ կը գրեմ, սիրոյ դրոշմն ունի այն եւ բաժանումի հառաչը։ Անցագիրս գրպանս դրած՝ մնաս բարովի մաղթանքը կը մրմնջեմ, մնաս բարով մը, որ արցունքի եւ միանգամայն ժպիտի հակառակ ազդակներու միջեւ շրթներուս վրայ կ՚երկբայի, կը տատամսի։ Արցունքը կը յաղթէ, ժպիտի տեղի կու տայ, երկու ջերմ ու սեղմուած ձեռքերը իրարմէ կը բաժնուին, բայց երկու սրտերու միացումներն ալ կը բաժնուի՞ն։ Ո՛հ, ներեցէք ըսելու թէ ահաւասիկ ներկայ վիճակս ա՛յս է։ Բաժանման գերին եմ։ Կարօտս պիտի աւելնայ եւ առ Ձեզ ունեցած կարօտիս միացած՝ պիտի ըլլայ թաքուն եւ խոցող տատասկ մը, սրտիս ծալքերուն մէջ հեւացող, գիտեմ։

Յառաջիկայ շաբաթ օրը երկու ճերմակ թաշկինակներ՝ մին հօրս եւ մինն իմ, ահագին բազմութեան մը մէջ զիրար պիտի որոնեն, պիտ ճօճան օդին մէջ մոլորուն երկու տարուբերուած եւ տխուր սրտերու պէս յուսախաբ, քանի մը շիթ արցունքներու գաղտնիքով, տամուկ գրպանի մը մէկ խորշը լքուած՝ պիտի սգան վերջին հառաչով աւա՜ղ։ Բայց ի՞նչ բանի համար այս ամէնը, առ ի՞նչ բաժանման դառնութիւնը։ Ասիկա յայտնի է։ Ապագային ջահն է, որ նշմարեցինք հեռո՜ւ ծովերէ, հեռո՜ւ լեռներէ, կը վազենք դէպի այդ ջահը. մեր հայրերը մեծ յոյսով եւ յոյզով ատոր համար կը զոհեն իրենց քսակը. իրենց քրտինքը, եւ մենք՝ մեր աշխատանքն ու եռանդը։

Յաջողութի՜ւն, այս բառին համար աներեսաբար Ձեզմէ մաղթանքի բոյլ մը կը խնդրեմ, շնորհմանը վրայ չեմ տարակուսիր։

Սիրելի հօրեղբայր, ամէնքս մէյ մէկ անկիւն թափթփած մնացինք իր[արից] անջատ-անջատ։ Երանի՜ թէ ողջ-առողջ զիրար գտնենք ու Չպուգքեարեան համեստ գերդաստանը իրաւամբ իրարու գրկաց մէջ զիրար երազեն, սիրեն եւ սիրով ապրին ու մեռնին։ Երջանի՜կ կեանք։

Մնաս բարո՜վ, սիրելի հօրեղբայրս, մնաս բարո՜վ, հոգուոյ եւ սրտի ամբողջ գորովով մը ձեռքերնիդ կը սեղմեմ եւ արցունքը աչքիս մէջ կը մրմնջեմ՝ «Ի քաղցր տեսութիւն»։

Ձերդ՝ Դ. Գ. Չ.