Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

22. ԱԹԱՆԱՍ ՏԻՐՈՅԵԱՆԻՆ

[3-4 փետրուար, 1906, Կանտ]

Սիրեցեալ Հայր Աթանաս վարդապետ Տիրոյեան,

Շուտ կը պատասխանեմ Ձեր նամակին. վախելով, որ չըլլայ թէ ան, իմինիս բախտակից, թղթեղէններուն կոյտերուն մէջ կորսուի, եթէ հակառակ պարագային ըլլար այդպէս՝ անոր պատասխանին համար սրտիս պիտի դիմէի եւ, փոխանակ երկտողի, էջեր կրնայի լեցնել այնպիսի զգացումներու, որք Ձեզի օտար չեն։

Տպագրատան Վերապատուելի տեսչին պատասխանած եմ այս օրերս, ըստ բաւականի կծու նուրբ տեսակէն, վասնզի թախ[անձ]ական գրելուս արդիւնքը տեսած եմ արդէն։

«Բազմավէպին» ուղարկման համար շնորհակալութիւններս. արդէն շարուած երեք քերթուածներուն հրատարակման մասին դժուարութիւն կ՚ելլայ։ Եթէ կարելի է՝ զատ-զատ ամիսներու մէջ, եթէ չէ՝ ըրէք ինչպէս որ կ՚ուզէք, այդ մասին բնաւ դժուարութիւն չունիմ։

Կը գրէք թէ հոդտեղի քերթուածներէս միայն երեք հատ, ո՛չ «Գեղունիի» մէջ, ո՛չ ալ «Բազմավէպը» տպած է։ Ես ընդհակառակը, կարծեմ տասը կտոր կ՚ելլայ, վասնզի ամբողջ երկրորդ տետրակէն (որուն մէջ «Տոնելը») հազիւ 3-4 հատ է հրատակարած։

Ես հոստեղէն մտադիր եմ ուրիշներ ղրկել, ուստի կրկին կը խնդրեմ (ինչպէս գրած եմ հայր Կարապետին ալ) շնորհ ընէիք տետրակներս ինծի ուղարկել։

Սիրելի Հայր, արդեօք «Գեղունին» քանիի՞ կը ծախուի. պիտի հայցէի, որ անոր գինը Ձեր ղրկելիք տետրակներուս կողքին գրէիք. շուտ կը փափաքիմ գիտնալ զայն. ահա թէ ինչու համար Ձեզի կ՚անդրադարձնեմ զեկուցման այս միջոցը։

Հայր Մկրտիչի հիւանդութիւնը անհունապէս տխրեցուց զիս, գուցէ անհունապէս սիրելուս համար զինքը, իր սիրտը ոչ մէկ մտքի հետ չեմ փոխեր։

Նամակս վերջացնելէ առաջ, ներեցէք խնդակցութիւններ յայտնելու Թասսոյի թարգմանութեան մասին, որը նոր չէ ինծի համար, բայց հիմա յոյս ունիմ ամէն «Բազմավէպին» մէջ երգ մը կարդալու, այն ինծի սիրելի կ՚ըլլայ, եւ օգտակար ոգին, լեզուն, շեշտը եւ ճոխութիւնը բառերուն բաւական ճաշակներ կարող են դարբնել։ Մէկ խօսքով՝ հիացումներս եւ շնորհաւորութիւններս։

Ձեզ մաղթելով, սիրելի Հայր, դեռ աւելի բեղուն ճախրանքներ «Բազմավէպի» սիւնակներուն մէջ, կը մնամ

համբուրելով սուրբ աջերնիդ, խոնարհ
Դանիէլ Վարուժան